Ֆրանչիսկոս Պապին յունուար ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յունուար ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։
Այս առնչութեամբ Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանցին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ 2023 տարուան, աղօթքի դիտաւորութեան առաջին տեսերիզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ իր քահանայապետութեան շրջանին, ինչպէս նախապէս, այս անգամ եւս շեշտը կը դնէ դաստիարակներու կարեւորութեան վրայ։
Յունուար ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կը խնդրէ աւելցնել ուսոււմի նոր նիւթ մը՝ եղբայրութիւնը, որ հիմնարար բաղադրիչ նիւթ մըն է, որոնելու համար խոցելիներուն մօտ նոր աշխարհը մը։
Ֆրանչիսկոս Պապ յունուար ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ կը խնդրէ, որ դաստիարակները վստահելի վկաներ դառնան, որոնք եղբայրութեան մէջ կը տեսնեն լաւագոյն ուղին՝ օգնելու համար կարիքաւորներուն։
Տեսերիզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ըսէ.
«Կ՝ուզեմ դաստիարակներուն առաջարկել աւելցնել ուսումի նոր նիւթ մը՝ եղբայրութիւնը։
Կրթութիւնը սիրոյ գործ մըն է, որ կը լուսաւորէ ուղեւորութիւնը, որպէսզի կարենանք վերագտնել եղբայրութեան իմաստը, չթերագնահատելու համար յաւելեալ խոցելիները։
Դաստիարակը վկայ մըն է, որ չտար իր մտաւոր գիտելիքները, այլ իր համոզումներն ու իր ապրած յանձնառութիւնը։
Անձ մը, որ գիտէ լաւ մատակարարել երեք լեզուներ՝ գլուխի, սիրտի եւ ձեռքերուն՝ ներդաշնակուած եւ գիտէ զայն կատարել հաղորդելու ուրախութեամբ։
Ու անոնք լսելի պիտի դառնան՝ մեծ ուշադրութեամբ ու պիտի ըլլան հասարակութեան ստեղծիչներ։
Ինչո՞ւ, որովհետեւ կը սերմանեն այս վկայութիւնը։
Աղօթենք, որպէսզի դաստիարակները աւելի հաւատալի դառնան, սորվեցնելով եղբայրութիւնը քան, թէ մրցակցութիւնը, յատուկէն օգնելով աւելի խոցելի երիտասարդներուն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ