Ֆրանչիսկոս Պապ. «Երկխօսութիւն, հաղորդութիւն եւ առաքելութիւն Քահանայական կազմաւորման երեք էական տարրերը»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 14 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հիւսիսային Ամերիկայի Քահանայապետական վարժարանի հասարակութիւնը, կազմուած քահանաներէ, սարկաւագներէ, նորընծաներէ եւ վարժարանի անձնակազմի անդամներէ։
Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելէ ետք ներկաները յիշեց 2015ին, Հիւսիսային Ամերիկայի քահանայապետական վարժարան տուած այցելութիւնը ու այդ առթիւ մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով քահանայական կազմաւորումին վրայ, յորդորեց երեք էական տարրեր, երկխօսութիւն, հաղորդութիւն, առաքելութիւն, որոնք յատկանշուած են Յովհաննէսի աւետարանին մէջ (Յովհ 1,35-42)։
Երկխօսութիւն
Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ նորընծաներու կեանքի ընթացքին, յատուկէն իրենց կազմաւորման շրջանին, Տէրը անոնց հետ անձնական երկխօսութեան մէջ կը մտնէ խնդրելով « ինչ կը փնտռէք» եւ հրաւիրելով « եկէք եւ տեսէք, ինչպէս նաեւ խօսելով անոնց հետ, բանալու համար իրենց սիրտերը եւ նուիրուելու վստահութեամբ հաւատքի եւ սիրոյ մէջ։
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց մշակել ամենօրեայ յարաբերութիւն Յիսուսի հետ, սնուցուած յատուկէն աղօթքէն, Աստուծոյ խօսքի խորհրդածութենէ, հոգեւորական ուղեկցութեան օգնութենէ եւ տապանակի առջեւ լռելեան ունկնդրութենէն։
Հաղորդութիւն
«Սուրբ Յովհաննէս կ՝ըսէ նաեւ որ այն օրը առաքեալները մնացին Յիսուսի հետ», ըսաւ սրբազան հայրը ընդգծելով թէ ահա այդ է երկրորդ էական տարրը, հաղորդութիւնը։ «Մնալով Յիսուսին հետ, առաքեալները սկսան սորվիլ անոր խօսքերէն, անոր անձնական ժեսթերէն ու նայուածքէն ու այն ինչ որ Իրեն իսկապէս կարեւոր է, որուն համար Հայրը զինք ուղարկեց աւետելու», Ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով ,որ նոյն ձեւով, քահանայական կազմաւորումի ուղեւորութիւնը կը խնդրէ հաստատ հաղորդութիւն, նախ եւ առաջ Աստուծոյ հետ, նաեւ անոնց հետ որոնք միացած են Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյ մարմնին մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց նայելու եկեղեցւոյ միութեան խորհուրդին, դրսեւորուած օրինական բազմազանութեամբ, սակայն ապրուած հաւատքի միասնականութեան ներքեւ, ինչպէս նաեւ եղբայրսիրութեան մարգարէական վկայութեան ներքեւ, յատուկէն Հռոմի մէջ՝ բաժնեկցութեան շօշափելի իր գործերու միջոցաւ ինչպէս նաեւ կարիքաւորներուն խնամակալութեան։
Առաքելութիւն
«Յիսուսի հետ մնալէ ետք, Անդրէաս գնաց իր Սիմէոն եղբայրը փնտռելու եւ զայն առաջնորդեց Յիսուսի մօտ» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ հոս կը տեսնենք, թէ ինչպէս վկայութիւնը՝ ծնած հաղորդութենէն եւ երկխօսութենէ Քրիստոսին հետ, կը դառնայ առաքելութիւն. Առաքեալները հազիւ կանչուեցան, կ՝երթան ուրիշները հրապուրելու իրենց վկայութեամբ, ըսաւ Սրբազան Հայրը աւեցնելով, որ ամէն անգամ, որ Յիսուս այր մարդիկ ու կիներ կը կանչէ այդ միշտ կը կատարէ զանոնք առաքելու համար յատուկէն յաւելեալ խոցելիներու մօտ ու բոլոր անոնց մօտ, որոնք ընկերութեան եզրին կը գտնուին, ոչ միայն ծառայելու համար, այլ անոնցմէ շատ բաներ սորվելու։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց ըսելով. «Սիրելի բարեկամներ, կ՝աղօթեմ, որպէսզի Հռոմի մէջ ձեր ուսումը եւ Հիւսիսային Ամերիկայի քահանայապետական վարժարանէն ներս ձեր կազմաւորումը ձեզի թոյլ տան աճելու Աստուծոյ հետ հաւատարիմ սիրոյ մէջ եւ եղբայրներու նկատմամբ խոնարհ ծառայութեան մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յանձնելով ներկաները Անարատ յղութեան մայրական հովանիին, ապահովուեց իր աղօթքը նորընծաներուն, անոնց ընտանիքներուն եւ տեղական եկեղեցիներուն։ Շնորհելով ապա իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ