Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Համա-ուքրանական եկեղեցիներու եւ կրօնական կազմակերպութիւններու խորհուրդի  պատուիրակութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Համա-ուքրանական եկեղեցիներու եւ կրօնական կազմակերպութիւններու խորհուրդի պատուիրակութիւնը  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Բոլոր կրօնները միասին` աղօթելու վասն Ուքրանիոյ»։

Վատիկանի Պօղոս Զ անուան փոքրիկ դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Համա-ուքրանական եկեղեցիներու եւ կրօնական կազմակերպութիւններու խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւն մը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 25 յունուարին, նախ քան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, Վատիկանի Պօղոս Զ  անուան փոքրիկ դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Համաուքրանական եկեղեցիներու եւ կրօնական կազմակերպութիւններու խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը։

Հանդիպումի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն փոխանցեց գրաւոր պատգամ մը յայտնելով, որ իրեն համար մեծ հաճոյք պիտի ըլլար ունկնդրել ներկաները, սակայն ժամանակի պակասին պատճառով նախընտրեց փոխանցել գրաւոր պատգամ մը։

Անոնց ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Պապը ըսաւ. «Չկայ «հրէական Ուկրանիա, քրիստոնեայ Ուկրանիա, ուղղափառ Ուկրանիա, կաթողիկէ Ուկրանիա, իսլամական Ուկրանիա»: Ոչ, կայ միայն մէկ Ուկրանիա՝ «մայրիկ», որ կը տառապի գրեթէ մէկ տարիէ երեխաներու նկատմամբ իրականացուող դաժանութիւնները։ Այս «մօր» համար Քահանայապետը  խնդրեց աղօթք ու հաւաստիացուց իր աղօթքները» ։

Իսկ գրաւոր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը իր մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց ընտանիքներուն, մանուկներուն, հիւանդներուն եւ խոցելի անձերուն, վստահեցնելով, որ ինք կ՝ընկերակցի իւրաքանչիւր կրօնական հաստատութեան` հաւատացեալներու իրաւունքները պաշտպանելու մէջ, յատուկէն անոնց, որոնք ենթարկուած են չարաշահումներու եւ հալածանքներու։

Քահանայապետը իր աջակցութիւնը յայտնեց քաղաքական հարցերու պատճառով ձերբակալուած եւ բանտարկուած անձերուն, քաջալերելով պատուիրակութեան անդամները ամէն ջանք թափել վերահաստատելու միջազգային իրաւունքի եւ օրէնքներուն ու նաեւ մարդու հիմնական իրաւունքներուն յարգանքը։

Ան ապա Աստուծոյ կողմէ շնորհք նկատեց, այն իրողութիւնը, թէ Համաուքրանական եկեղեցիները ու կրօնական կազմակերպութիւնները միասնաբար կ՝որոշեն եւ յառաջ կը տանին բոլոր նախաձեռնութիւնները, որպէս եղբայրներ, ընդգծելով, որ ասիկա «խաղաղութեան վկայութիւն է երկրի մը մէջ, որ կը տառապի պատերազմի պատճառով»։

1Համաուքրանական եկեղեցիներու խորհուրդի քաջութեամբ եւ հաստատամտութեամբ յառաջ տարած գործունէութիւնը արդիւնաւէտօրէն կը պատրաստէ վաղուան օրը, խաղաղութեան վաղուան օրը, ուր վերջապէս քաղաքական եւ տնտեսական շահերը, որոնցմէ կը ծնին պատերազմները իրենց տեղԸ պիտի զիջին ժողովուրդներուն հասարակաց բարիքին» հաստատեց  Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքները հաւաստիացնելով սիրելի ուքրանացի ժողովուրդին համար։

Սրբազան պատգամը աւարտեց հայցելով բոլորին վրայ Աստուծոյ խաղաղութեան պարգեւը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2023, 10:42