Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Զայէտ մրցանակի յանձնաժողովի անդամները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, անցեալ 3 յունուարին, Վատիկանի մէջ ընդունեց Մարդկային եղբայրութեան համար 2023 թուականի Զայէտ մրցանակի դատաւորներու յանձնաժողովը, քննարկելու համար համաշխարհային գետնի վրայ մրցանակին իմաստը՝ մարդկային եղբայրութեան խթանման ծիրէն ներս, ներառեալ կանանց իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապ, որ 2019ին Զայէտ մրցանակին դափնեկիրն էր, դատաւորներու յանձնախումբին յղած ողջոյնին խօսքին մէջ բարձր գնահատեց մարդկային եղբայրութեան պատգամին խթանման անոնց աշխատանքը, ապա ընդգծելով համաշխարհային գետնի վրայ մարդկային եղբայրութեան համար Զայէտ մրցանակի կարեւորութիւնը, յորդորեց ամէն ջանք թափել զարգացնելու համար կանանց իրաւունքները։
«Ձեր աշխատանքին մէջ անհրաժեշտ է զօրակցիք կանանց արժանապատուութեան, որովհետեւ կանանց իրաւունքներ յաճախ ուրուագծուած են թուղթին վրայ, սակայն իրականութեան մէջ չեն կիրառուած» ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա ակնարկելով Հայիթի մէջ շարունակուող ճգնաժամին, յորդորեց միջազգային ընտանիքը զօրաւիգ կանգնելու Հայիթի ժողովուրդին։
Ի վերջոյ Զայէտ մրցանակի դատաւորներու յանձնաժողովին անդամները, իրենց կարգին բարձր գնահատեցին Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ապու Տապիի Ալ Ազհար Ամհէտ Ալ Թայէպ աւագ իմամին ստորագրութիւնները կրող 2019ին, մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը, յայտնեցին որ անոր մէջ պարունակուած բոլոր արժէքները որպէս ուղեցոյց կը ծառայեն, շարունակական ընտրութեան ընթացքին, մարդկային եղբայրութեան համար ամենամեայ չորրորդ մրցանակին համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ