Որոնել

Preghiera

«Կարիքը ունինք Աստուծոյ նուիրուած ժամանակի». Ֆրանչիսկոս Պապին 13 Յունուարի թուիթը

«Մեր սրտերը բանանք Աստուծոյ, որպէսզի Ան ամէն օր մեր մէջ զեղու սէր եւ սնուցանէ մեր հաւատքը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կարիքը ունինք առօրեայ աղօթքին, Աստուծոյ նուիրուած ժամանակի, որպէսզի Ան կարողանայ մուտք գործել մեր ժամանակին մէջ, յաճախակի պահերու, որոնց ընթացքին մեր սրտերը բանանք Անոր, որպէսի Ան ամէն օր մեր մէջ զեղու սէր եւ սնուցանէ մեր հաւատքը»։  Այս խօսքերը պարունակուած են Ֆրանչիսկոս Պապին այսօր հրատարակած թուիթի մը մէջ եւ քաղուած են Անոր 16 հոկտեմբեր 2022ի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութենէն, որուն մէջ Ան մեկնաբանած էր Ղուկասի աւետարանի 18րդ գլուխէն քաղուած հատուած մը, որուն աւարտին Յիսուս լուրջ հարցում մը կ՛ուղղէ ըսելով. «բայց Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ»։ 

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը հրաւիրած էր պահ մը մտածել, թէ ի՞նչ պիտի տեսնէր Տէրը եթէ այսօր աշխարհ վերադառնար։  «Ան պիտի տեսնէ բազմաթիւ պատերազմներ, աղքատութիւն եւ անարդարութիւն, ու միեւնոյն ժամանակ արուեստագիտական նորանոր ձեռքբերումներ, ժամանակակից միջոցներ և մարդիկ, որոնք կը շտապեն» ըսած էր Սրբազան Պապը հարց տալով եթէ, Ան «արդեօ՞ք պիտի գտնէ մարդիկ, որոնք իրեն ժամանակ եւ գուրգուրանք պիտի յատկացնեն, որ զայն առաջին տեղ պիտի դնեն։ «Եւ մասնաւորապէս հարց տանք», շեշտած էր Ան, «ի՞նչ պիտի գտնէ իմ մէջս, իմ կեանքիս մէջ, իմ սրտիս մէջ»։

«Այսօր Յիսուս մեզի կը նուիրէ մեր գաղջ հաւատքը ջերմացնելու դարմանը` որ աղօթքն է։ Ան հաւատքին դեղն է, հոգիին կազդուրիչը» հաստատած էր Սրբազան Պապը նշելով, «Մենք կարիքը ունինք աղօթքին այնպէս ինչպէս բոյսը պէտք ունի ջուրին։ Կարելի չէ զայն երկար ժամանակ լքել առանց ջուրի, որովհետեւ կը չորնայ։ Նոյնպէս հաւատքը, առանց աղօթքի, կը չորնայ» որովհետեւ «Ան կարիքը ունի աղօթքի առօրեայ ջուրին»եւ «ասոր համար է, որ Յիսուս իր աշակերտներուն  կը խրատէ միշտ աղօթել, անդադար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2023, 13:30