Եպիսկոպոսներու Վերատսեչութեան նոր Վերատեսուչը` Գերապայծառ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսդը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի 30 յունուար 2023 ին Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Կարդինալ Մարք Ուելլէին տարիքի բերումով ներկայացուցած հրաժարականը` Եպիսկոպոսներու Վերատսեչութեան Վերատեսուչի եւ Լատին Ամերիկայի յանձնաժողովի նախագահի պաշտօններէն, եւ անոր այս պաշտօններուն որպէս յաջորդ նշանակեց Արհիապատիւ Գերապայծառ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսդը` որ մինչեւ օրս կը վարէր Փերույի ՉԻքլայօ թեմին եպիսկոպոսի պաշտօնը, Անոր շնորհելով նաեւ Արքեպիսկոպոսի եւ Չիքլայօ թեմի վաստակաւոր եպիսկոպոսի տիտղոսը։ Ան իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ յառաջիկայ 12 ապրիլ 2023 սկսեալ։
67 ամեայ Գերապայծառ Փրեվոսդը ծնած է Իլլինոյսի Շիքակօ քաղաքին մէջ` 14 սեպտեմբեր 1955ին։ 1977 մուտք կը գործէ Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութիւն եւ 1981 կը կատարէ իր մշտնջենաւոր ուխտերը։ Ան ապա կ՛ուղարկուի Հռոմ ուր կը յաճախէ Եկեղեցական Կանոնագիտութեան մասնաճիւղը։ Քահանայ կը ձեռնադրուի 19 Յունիս 1982ին։ Կը ծառայէ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, որպէս կազմաւորիչ եւ դասատու դաւա։
1999 կ՛ընտրուի իր միաբանութեան Շիքակոյի թեմին մեծաւորը եւ երկու ու կէս տարի ետք կ՜ընտրուի միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր, պաշտօն որ կը վարէ մինչեւ 2013 թուական։
3 նոյեմբեր 2014ին Ֆրանչիսկոս Պապը զինք կ՛անուանէ Փերուի Չիքլայօ թեմի առաքելական կառավարիչ անոր տալով եպիսկոպոսի տիտղոսը։ Նոյն տարուայ դեկտեմբերի 12ին Ան կ՜ընդունի եպիսկոպոսական օծումը ապա 26 սեպտեմբեր 2015ին կը դառնայ Թեմին պաշտօնական եպիսկոպոսը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ