«Չ՛անտեսենք բորոտները. Կառուցենք ներառող աշխարհ». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
31 յունուարին կը յիշատակուի Հանսընի հիւանդութեան՝ բորոտութեան համաշխարհային 70րդ օրը, որուն առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը յղեց այս առիթով 23 եւ 24 Յունուարին կազմակերպուած եւ հիւանդութեան նուիրուած, «ոչ մէկը ետին թողուլ» խորագիրով գիտաժողովի մասնակիցներուն։
Նման Բարի Սամարացիին
«Դուք նման էք Բարի Սամարացիին, որ կը հպի խնամք տանելու աւելիով դիւրաբեկներուն եւ անոնց վերադարձնելու ժխտուած իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը», կը գրէ Սրբազան Պապը պատգամին մէջ գնահատելով միջոցառումը, որ կը զուգադիպի Բորոտութեան Համաշխարհային օրուան 70րդ յիշատակութեան նախօրեակին։ Օր` որ սկիզբ առած է Ռաուլ Ֆոլլէրոյի նախաձեռնութեամբ 1953ին, հանրային կարծիքին մէջ խթանելու համար գիտակցութիւնը այս հիւանդութեան մասին, զոր շատեր կը կարծեն, որ արմատախիլ եղած է։
Չմոռնալ մարդը
«Այն ինչ, որ մեզ պէտք է մտահոգէ, այսօր աւելի քան անցեալին այն է` թէ ոչ միայն հիւանդութիւնը կարող է մոռացութեան մատնուիլ այլ նաեւ անհատները», յայտնած է Սրբազան Պապը, ակնարկելով հիւանդութեան, որ մարդկային պատմութեան մէջ ամենահին հիւանդութիւններէն մին է եւ որ կը շարունակէ այսօր եւս մարդկային իրաւունքներու խախտումներ յառաջացնել աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ։
Հայեացքը այլուր չի դարձնել
«Կարելի չէ մոռնալ մեր այս քոյրերն ու եղբայրները։ Պէտք չէ անտեսենք այս հիւանդութիւնը» շեշտեց Քահանայապետը պատգամին մէջ մէջբերելով նաեւ «Fratelli tutti» յորդորագիրէն հատուածը, ուր կը հաստատուի. «Մենք աճեցանք շատ ասպարէզներու մէջ, բայց անգրագէտ ենք մեր զարգացած հասարակութիւններու ամենատկար եւ ամենափխրուն անձերուն ուղեկցելուն մէջ, անոնց հոգ տանելու և աջակցելու հարցին մէջ: Մենք վարժուեցանք շրջել մեր հայեացքը, անցնիլ անոնց կողքէն, անտեսել իրավիճակները, մինչև որ այս իրավիճակները ուղղակիօրէն մեզի չի դպչին» (Fratelli tutti, 64)։
Ոչ մէկը թողուլ ճամբուն եզրը
«Մենք պէտք է Համաշխարհային Օրուան առիթը ընկալենք, որպէսզի վերատեսենք մեր զարգացումի ձեւերը եւ ուղղենք անոնց յառաջացուցած խտրականութիւնները», կը յորդորէ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «ասիկա պատեհ առիթն է նորոգելու մեր յանձնառումը աւելի ներառնող ընկերութիւն մը կառուցելու համար, որ ոչ մէկը թողու ճամբուն եզրին»։
Այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը գնահատանք կ՛արտայայտէ Գիտաժողովի կազմակերպութեան համար, որ խթան է տեղական եկեղեցիներուն, որպէսզի «միշտ մօտիկ ըլլան անոնց` որոնք անտեսուած են ու գիտնան խթանել ներառումի գործընթացներ եւ մարդկային համապարփակ զարգացում»։
Պայքարիլ մարդկային իրաւունքներուն համար
Սրբազան Պապը կը հրաւիրէ ապա բորոտներուն հետ ունենալ մարդկային վարուելակերպ ու պայքարիլ անոնց մարդկային իրաւունքներու ճանաչումին համար։ Ան ապա պատգամը կ՜աւարտէ Հանսընի հիւանդութենէ տառապողներուն արտայայտելով իր մօտիկութիւնը ապա քաջալերելով` որ անոնց երբեք չպակսի հոգեկան եւ առողջապահական աջակցութիւնը։
«Քրիստոնէական համայնքներն թոյլ թող տան աւետարանուիլ այս եղբայրներէն և քոյրերէն և առաջնագիծի վրայ ըլլան անոնց լիարժէք ընդելուզման յանձնառումին մէջ», կոչ կ՜ուղղէ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ պատգամը կ՛եզրափակէ հայցելով Գիտաժողովի մասնակցողներուն վրայ Սուրբ Կոյս Մարիամին ու բազմաթիւ սուրբերուն հովանին, ապա անոնց կը շնորհէ իր առաքելական օրհնութիւնը հաւաստիացնելով, իր աղօթքները, անոնց, հիւանդներուն ու անոնց ընտանիքներուն եւ բոլոր անոնց` որոնք սիրով հոգ կը տանին հիւանդներուն։
«Թող որ բոլորդ ալ կարողանաք փորձաարկել թէ Յիսուս աշխարհ եկաւ որպէսզի իւրաքանչիւր մարդ ու կին ունենայ կեանք եւ զայն ունենայ առատութեամբ (Հմմտ Յովհ 10,10)։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ