Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պաշտպանել կեանքը իր բոլոր հանգրուաններով, համապատասխան իրաւական միջոցներով»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 19 յունուարին, Ուաշինկթընի Անարատ Յղութեան ազգային սրբավայրի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ կեանքի ի նպաստ աղօթքի հսկում։ Այս առթիւ, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով պատգամ մը ուղղեց կեանքի ի նպաստ, Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսական յանձնախումբի նախագահ, Գերապայծառ Միքայէլ Պուրպիտճ Տի Արլինկթոնի։
Պատգամին մէջ Կարդինալ Փարոլին նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս երախտապարտ է վերջին տարիներուն հանրային կերպով ցուցադրուած հաւատարիմ վկայութեան համար, բոլոր անոնց կողմէ, որոնք կը խթանեն եւ կը պաշտպանեն մեր մարդկային ընտանիքին անմեղներուն խոցելիներուն կեանքի իրաւունքը։
«Իսկական ընկերութեան մը կառուցումը՝ կը հիմնուի իւրաքանչիւր անձին սուրբ արժանապատուութեան յարգանքի վրայ, ինչպէս նաեւ իբրեւ եղբայր եւ քոյր իւրաքանչիւր անձին հիւրընկալութեան վրայ» գրած է Կարդինալ Փարոլին ապա այդ առումով նշած է, որ Նորին Սրբութիւնը վստահ է, որ Ամենակալ Տէրը իւրաքանչիւրին մէջ կ՝ամրապնդէ յանձնառութիւնը՝ յատուկէն երիտասարդներուն մէջ՝ շարունակելու ամէն ջանքերը, պաշտպանելու համար մարդկային կեանքը իր բոլոր փուլերէն ներս, յատկապէս հասարակութեան իւրաքանչիւր մակարդակին վրայ՝ համապատասխանող իրաւունքներու միջոցաւ», Գրեց Կարդինալ Փարոլին Ան ապա պատգամը աւարտած է փոխանցելով Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական օրհնութիւնը «Կեանքի երթ»ի մասնակիցներուն ու բոլոր անոնց որոնք իրենց աղօթքներով եւ զոհողութիւններով կ՝աջակցին անոնց։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ