Առողջութիւնը շքեղութիւն չէ, բարոյազուրկ է և ապագայ չունի այն աշխարհը, որ կ’անտեսէ է հիւանդները . Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, այսօր՝ յունուար 16ին ընդունեց շողագիտութեան (radiologia), վերականգնողական և կանխարգելման արհեստագիտական առողջապահական մասնագիտութիւններու ներկայացուցիչները և անոնց ուղղած իր պատգամին սկիզբը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց առողջապահութեան բնագաւառի բոլոր աշխատողներուն՝ յատկապէս համավարակի տարիներու յանձնառութեան և նուիրուած ծառայութեան համար:
Հետևիլ Բարի Սամարացիի օրինակին
Սրբազան Պապը յիշեցուց, որ գալիք փետրուար 11ին պիտի նշուի Հիւանդի Համաշխարհային Օրը, որ ինչպէս միշտ կը հրաւիրէ մտորել հիւանդութեան շուրջ և յատուկէն ընդգծեց, որ այսօր այդ մէկը ընելը անհրաժեշտութիւն դարձած է՝ երբ «յաճախ արդիւնաւէտութեան և անտեսելու մշակոյթը մեզ կը մղեն ժխտելու այն» և «կարող է պատահիլ, որ ուրիշները լքեն մեզի, կամ մենք լքենք զանոնք, որպէսզի բեռ չզգանք անոնց հանդէպ: Այդպէս կը սկսի միայնութիւնը»: (Ուղերձ Հիւանդներու Համաշխարհային XXXI Օրուայ կապակցութեամբ):
Այս համատեքստին մէջ Ֆրանչիսկոս յորդորեց հետևիլ Բարի Սամարացիի օրինակին, որ հայեացքը չի շեղեր և հոգ կը տանէ այն անձին, զոր ուրիշներ անտեսած էին։
Բարոյագիտական արժէքները՝ անփոխարինելի յենակէտ
Ան ապա յորդորեց անոնց բարոյագիտական արժէքներուն միշտ նայիլ որպէս անփոխարինելի յենակէտ. «Յիրաւի, արժէքները լաւ իւրացնելը և գիտական իմացութեան ու անհրաժեշտ հմտութիւններու հետ ճիշտ մէկտեղելը հնարաւորութիւն կ’ընձեռեն ձեզ վստահուած անձերուն լաւագոյն կերպով ուղեկցելու», յարեց Նորին Սրբութիւնը։
«Ձեր մասնագիտութիւնը կը ծնի արժէքներու ընտրութենէն։ Ձեր ծառայութեամբ դուք կը նպաստէք «բարձուցանել ու վերականգնել» հիւանդներուն», շեշտեց Ան դիտել տալով, որ անձը պէտք է հանդիսանայ այդ ընտրութեան առանցքը, որպէս միասնական ամբողջութիւն, զոր պէտք է բուժել և միաժամանակ աոր մարդասիրութիւն և կարեկցանք ցուցաբերել:
Համապատասխան աշխատանքային պայմաններու անհրաժեշտութիւնը
Ան ընդգծեց նաև, որ առողջապահական ոլորտի ներկայացուցիչները փոխադարձաբար հոգատարութեան կարիք ունին՝ համապատասխան աշխատանքային պայմաններ ապահովելու միջոցաւ և շարունակեց թէ իւրաքանչիւր Երկրի խնդիրն է՝ գտնել «ռազմավարութիւններ և կենսամիջոցներ, որպէսզի իւրաքանչիւր մարդու երաշխաւորուի բուժման հասանելիութիւնը և առողջութեան հիմնարար իրաւունքը» (Հիւանդներու XXXI համաշխարհային օրուայ ուղերձ):
«Առողջութիւնը շքեղութիւն չէ: Աշխարհ մը, որ կ’անտեսէ հիւանդները, որ չ’օգներ անոնց, որոնք ի վիճակի չէն բուժում ապահովելու իրենց անձին, բարոյազուրկ է և ապագայ չունի», ընդգծեց Սրբազան Պապը որ խօսքը աւարտեց ջերմօրէն օրհնելով ներկաները և անոնցմէ խնդրեց` որ աղօթեն իրեն համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ