Որոնել

2023.01.18 Udienza Generale

«Վախը որպէս պարգեւ». Կը հրատարակուի Ֆրանչիսկոս Պապին հոգեբան Սալվօ Նոէի հետ զրոյցի հատորը

Սալվօ Նոէն Քահանայապետին հետ հանդիպեցաւ Վատիկանի Սանթա Մարթայի տանը մէջ, ուր Ֆրանչիսկոս Պապը իր բնակութիւնը հաստատեց իր իսկ ընտրութեան օրը։ Հատորին հեղինակը Քահանայապետին փոխանցած է վախի մասին գիրք մը հրատարակելու ցանկութիւնը եւ Սրբազան Պապը յօժարակամ ընդունած է առաջարկը եւ «այդպիսով է, որ ծնունդ առած է այս հատորը», կը նշէ Նոէն գիրգի նախաբանին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառռաջիկայ 25 Յունուարին Իտալիոյ մէջ լոյս կը տեսնէ «Վախը որպէս պարգեւ» խորագիրով, Սան Փաոլօ հրատարակչատան կողմէ հրատարակուած, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հոգեբան Սալվօ Նոէի հետ ունեցած զրոյցը պարունակող հատորը։

Հատորին մէջ Քահանայապետը կը պատմէ իր մտածումներու մասին, իր վախերու եւ զգացումներու մասին իր այս քահանայապետութեան տասը տարիներու ընթացքին, սկսեալ իր ընտրութեան օրէն։ Ան ապա կը խօսի եւ կը խորհրդածէ զանազան հրատապ հարցերու մասին, ինչպէս գաղթականներու հիւրընկալութիւնը, միասեռականները, պաշտօններու մէջ չափազանց բարձրանալու ձգտումը, Նորընծայարաններուն մէջ կազմաւորումը, չարաշահումներու կանխարգիլումն ու անոնց դէմ պայքարը։ Ան ապա կը հաստատէ «ես ալ երբ որոշում մը պիտի առնեմ վախ ունիմ սխալելու, վախը կ՛օգնէ որովհետեւ զիս կը մղէ լաւապէս կշռելու որոշումս։ Վախը զիս ուշադիր կը դարձնէ։ Վախը նման է մօր մը` որ քեզ կը զգուշացնէ, բայց չափազանց վախը քրիստոնէական չէ»։

Գիրքին գաղափարը

Սալվօ Նոէն Քահանայապետին հետ հանդիպեցաւ Վատիկանի Սանթա Մարթայի տանը մէջ, ուր Ֆրանչիսկոս Պապը իր բնակութիւնը հաստատեց իր իսկ ընտրութեան օրը։ Հատորին հեղինակը Քահանայապետին փոխանցած է վախի մասին գիրք մը հրատարակելու ցանկութիւնը եւ Սրբազան Պապը յօժարակամ ընդունած է առաջարկը եւ «այդպիսով է, որ ծնունդ առած է այս հատորը», կը նշէ Նոէն գիրգի նախաբանին մէջ։

Նորընծայարան, կազմաւորում

«Աւելի լաւ է կոչում մը կորսնցնել քան վտանգի ենթարկուիլ ոչ ապահով թեկնածուի մը հետ» ըսած է Սրբազան Քահանայապետը, խօսելով կոչումներու մասին, հաստատելով նաեւ, որ նորընծայարանը մեր մարդկային տկարութիւններուն ու սահմանափակումներուն ապաստանը չէ, ու թէ այդտեղ կատարուած կազմաւորումին ուղեւորութիւնը պէտք է յանգի հասուն քահանաներ ունենալու, որոնք մասնագէտներ ըլլան մարդկայնութեան եւ մօտիկութեան մէջ եւ ոչ թէ սրբութեան պաշտօնեաներ։ «Մարդիկը պէտք ունին հանդիպելու հաւատքի վկաներու» աւելցուցած է Ֆրանչիսկոս Պապը։

Միասեռականները

Խօսելով միասեռականներու մասին Քահանայապետը նշած է, թէ անոնք եւս Աստուծոյ զաւակներ են ու թէ Աստուծոյ սիրտը բաց է բոլորին։ Ան հայր է։ Սէրը չի բաժներ այլ կը միացնէ»

Գաղթականները

Արտայայտուելով գաղթականութեան հարցի մասին, Սրբազան Քահանայաետը այդ հարցը վերագրած է «բարձր արժէքներու պակասին, հաւատքի դատարկութեան... որոնք մեզ կը հեռացնեն մէկը միւսէն եւ մեզի թոյլ չեն տար ապրիլ եղբայրութեան մէջ»։

Բնապահպանութիւնը, հասարակաց տունը

Նիւթերու շարքին էր նաեւ բնապահպանութիւնը, որուն համար Քահանայապետը անգամ մը եւս հրաւէր կ՜ուղղէ յարգելու շրջապատը ու պաշտպանելու արարչագործութեան ժառանգութիւնը, նշելով, որ «մեր երկիրը հիւանդ է, չարաշահուած է, կողոպտուած է» եւ թէ հարկաւոր է «բնապահապանական դարձ մը», ուր մարդը պէտք է յանձն առնէ պատասխանատուութիւնը` յանձնառու ըլլալով հասարակաց տան խնամքին ի նպաստ։

Կեղծաւորութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապը կը դատապարտէ հուսկ կեղծաւորութիւնը, նաեւ եկեղեցւոյ ներքոյ։ Անդրադառնալով ապա իր ընտրութեան մասին կ՜ըսէ, թէ ինք չէր սպասեր այդ մէկը ու թէ վստահ էր, որ Պուէնըս Այրէս պիտի վերադառնար, ուր արդէն պատրաստած էր Ծաղկազարդի տօնին պատարագին քարոզը։

Ընտրութեան օրը ես ուզեցի յայտնուիլ պարզութեամբ։ Ընդունեցայ միայն սպիտակ զգեստը հագնիլ. կօշիկները արդէն ունէի։ Ապա դուրս եկայ եւ ըսի բարի երեկոյ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Շրջիլ ազատ կերպով

Ան ապա անգամ մը եւս խօսեցաւ ազատ շրջելու կարօտի մասին, այնպէս ինչպէս կ՜ընէր Արժանթինի մէջ, կիսելու մարդոց պատմութիւնները, դժուարութիւններն ու ուրախութիւնները։ «Բայց, ըսաւ Ան, պէտք է յարգեմ անվտանգութեան փրոթոքոլը։ Առաջին օրերուն փորձեցի դուրս գալ առանց լուր տալու բայց լուրջ հարցեր ստեղծեցի անոնց` որոնք կ՜աշխատին իմ անձիս անվտանգութիւնը ապահովելու համար»։

Սանթա Մարթան

Սանթա Մարթայի մէջ ապրելու ընտրութիւնը յառաջ եկած է Քահանայապետին մարդոց հանդիպելու, ու շփուելու կարիքէն։ «Ես այստեղ ինքզինքս աւելի ազատ կը զգամ։ Առաքելական պալատին մէջ ապրիլը ինծի վախ կը պատճառէր, որովհետեւ ես ինքս զրահապատուած կը զգայի, ուր կարող էին մտնել միայն անմիջական համագործակիցներս։ Սանթա Մարթայի մէջ ես սուրճս կը խմեմ գործիքէն, ճաշը կը բաժնեկցիմ միւսներուն հետ, ամէնօրեայ պատարագս կը մատուցեմ եւ կատակներ կ՛ընեմ Զուիցերական պահակագունդի անդամներուն հետ։ Իմ յարկաբաժինիս առջեւ միշտ պահակ մը կանգնած է։ Օր մը անոր խորտիկ մը առաջարկեցի. բայց չէր ուզէր ընդունիլ ըսելով` որ հրամանատարի պատուէրն է այդ։ Ես պատասխանեցի «ես եմ հրամանատարը այստեղ»։

Վախին հակաթիւնը մօտիկութիւնն է

«Մարդոց մօտիկ ըլլալը, անոնց հետ դէմ յանդիման գտնուիլը, միասին աշխատիլը, վախի իսկական հակաթիւնն է» յարեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով, որ «առանձնութիւնը մեր ընկերութեան իսկական չարիքն է։ Բոլորն ալ իրար կապուած են բջիջային հեռաձայններով, սակայն անջատուած են իրականութենէն»։

Աշխարհասիրութիւնը

Քահանայապետը խօսեցաւ նաեւ Եկեղեցւոյ մէջ աշխարհասիրութեան երեւոյթի մասին։ Աշխարհասիրութիւնը կը սպանէ, աշխարհիկ քահանան կղերականացուած հեթանոս է: Հաւատացեալները պէտք է տեսնեն, որ մենք իրենց նման ենք, որ ունինք նոյն վախերը և նոյն ցանկութիւնը` ապրելու Աստուծոյ շնորհքով, մերձեցնելով հաւատացեալներն ու ոչ հաւատացեալները և խօսելով բաց սրտով» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով հաւատացեալները ապրելու սիրոյ մէջ եւ կղերական դասին կոչ ուղղելով ըլլալու «ողորմած, քաջ եւ միշտ բաց դռներով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2023, 09:00