1802 թուականին անոր յաջորդին կողմէ Պապի մը կատարուած վերջին յուղարկաւորութիւնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին նախագահութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Պապին յուղարկաւորութեան առիթով, «Վատիկան Նիուզ»ի ընդհանուր տնօրէն յօդուածով մը անդրադարձաւ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ վերջին քահանայապետի մը յուղարկաւորութեան, կատարուած անոր յաջորդողին կողմէ։
Յօդուածին սկիզբը Տիար Թորնիելլի դիտել կու տայ որ յաջորդ ժամերուն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ կատարուելիք Պենետիկտսո ԺԶ Պապին յուղարկաւորութիւնը, հասկնալի օրէն ժամանակից շրջանին Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ աննախադէպ փաստ մըն է ինչպէս աննախադէպ փաստ մըն է նաեւ , քահանայապետութեան պատասխանատու թիւնն ու բեռը շալկելու ,տարիքի բերումով եւ Ֆիզիքական յոգնութեան պատճառով, Ռացինկեր Պապին տուած հրաժարականը ։
Յօդուածին մէջ Տիար Թորնիելլի կը նշէ թէ, իշխող քահանապետ մը, որ կ՝օրհնէ իր նախորդին դիակը՝ նախ քան թաղման կարգը, իրողութիւն մըն է որ ունի նախադէպ մը, եթէ բաղդատենք եկեղեցւոյ պատմութեան 2000 ամեայ պատմութեան հետ։
Արդարեւ 1802 թուականին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կատարուած է Պիոս Զ Պապին յուղարկաւորութիւնը, որուն նախագահած է անոր յաջորդը Պիոս Է քահանայապետը։
Աւազանի անունով Ճիանանճելօ Պրասքին, 1775 թուականին, քահանայապետ ընտրուելէ ետք երկար տարիներ նախագահելէ ետք, որպէս Նափոլէոնին բանտարկեալ մահացած է Ֆրանսային մէջ ու անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է Վալանսի մէջ իննօրեայ աղօթք Վենետիկի մէջ ու կարդինալները հաւաքուած էին նոր քահանայապետ ընտրելու համար
14 Մարտ 1800ին, Պիոս Է քահանայպաետին հրամանով, Պիոս Զ Պապին աճիւնները Վալանս քաղաքէն փոխադրուած են Հռոմ, ապա 17 փետրուար 1802ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ տեղի ունեցած է Պիոս Զ Պապին աճիւններուն զետեղումը ու թաղման կարգը Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ նախագահութեամբ Պիոս Է Պապին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ