Որոնել

Քոնկոյի մէջ Պապական նուիրակ. «Ֆրանչիսկոս Պապը ժողովուրդի վէրքերուն բալասան»։

«Ֆրանչիսկոս Պապին Քոնկոյի մէջ ներկայութիւնը մեծ մխիթարութեան նշան է, որովհետեւ երկիրը կը տառապի ու զոհ է բազմաթիւ բռնութիւններու ու հիմա առնուազն 3-4 օր է, որ կը զգայ սպեղանին, բալասանը իր վէրքերուն վրայ»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան մայրաքաղաք՝ Քինշասայի մէջ ժողովուրդը անհամբեր կը սպասէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ժամանումին, ճամբաներու եւ շէնքերուն վրայ բարձրացնելով «Ֆրանչիսկոս Պապ բարի եկար» գրութիւնը կրող պաստառներ ու Վատիկանի դրօշակները։

Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ ժողովուրդին 49 առ հարիւրը կաթողիկէ հաւատացեալներ են

Արդարեւ Ֆրանչիսկոս Պապ խոստացած էր Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութիւն երթալ ու այցելել աւելի քան 100 միլիոն անձեր, որոնց 49 առ հարիւրը կաթողիկէներ են ու կ՝ապրին շատ աղքատ ու դժուար կացութեան մէջ։

Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան այցելութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապին նստավայրը պիտի ըլլայ Քինշասայի մէջ գտնուող պապական նուիրակի պալատը՝ ուր նախատեսուած է առաքելական ճամբորդութեան ամենէն կարեւոր ձեռնարկը՝ հանդիպում Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան արեւելեան շրջանի զոհերուն հետ, ինչպէս նաեւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն կամաւորներու հետ։

Գերապայծառ Էթորէ Պալեսթրերօ «Վատիկան Նիուզ»ին հետ զրոյցը

Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ Պապական Նուիրակ, գերապայծառ Էթորէ Պալեսթրերօ «Վատիկան Նիուզ»ին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը զոհերու հետ հանդիպումի աւարտին պիտի հանդիպի նաեւ երկրի մէջ գտնուող բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, կենդանի ցոյց, որ «Եկեղեցին ներկայ է ընկերային եւ կրթական բոլոր շրջանակներէն ներս», ըսաւ Գերապայծառ Պալեսթրերօ աւելցնելով, որ «Քոնկոյի մէջ առողջապահական կեդրոններու 40 առ հարիւրը մատակարարուած են կաթողիկէ հաւատացեալներու կողմէ ու աւելի քան 7 միլիոն աշակերտներ կը յաճախեն հանրային դպրոցներ, որոնք մատակարարուած են կաթողիկէ կրօնաւորներուն կողմէ» ։

Ֆրանչիսկոս Պապ մխիթարութեան նշան 

«Ֆրանչիսկոս Պապին Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան  մէջ ներկայութիւնը մեծ մխիթարութեան նշան է, որովհետեւ երկիրը կը տառապի ու զոհ է բազմաթիւ բռնութիւններու ու հիմա առնուազն 3-4 օր է, որ կը զգայ սպեղանին, բալասանը իր վէրքերուն վրայ, որոնք ցաւօք շատ խոր են», ըսաւ Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ պապական նուիրակը աւելցնելով, որ «կայ նաեւ՝ ինչ որ սիրտս ուրախութեամբ կը լեցնէ, կաթողիկէ հասարակութիւն մը, որ իսկապէս կ՝ուզէ Աստուծոյ տեղ տալ իր կեանքին մէջ՝ սակայն ան կարիքը ունի Պապին քաջալերանքին խուսափելու համար հռչակուած հաւատքի եւ ապրուած կեանքի միջեւ երկճիւղումը։

Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը նախ եւ առաջ պիտի ըլլայ մղոնաքար մը ստանալու համար ուղղութիւններ, աւելի լաւ ու խորապէս աւետարանելու համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2023, 09:56