Որոնել

Քահանայապետը հասաւ Քինշասա եւ ընկալուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ

Քահանայապետական օդանաւը վայրէջ կատարեց 14՛35ին մօտերը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Գրեթէ 7 ժամ տեւած օդանաւային ճանապարհորդութենէ ետք Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Քինշասայի միջազգային օդակայան, ուր դիմաւորուեցաւ Քոնկոյի հանրապետութեան մօտ Քահանայապետական Նուիրակ` Գերապայծառ Էթթորէ Պալեսթրերոյի եւ երկրին Փրոթոքոլի Պետին կոչմէ, ու նաեւ քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններու ներկայութեամբ, գլխաւորութեամբ Երկրի Վարչապետին։

Օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ պատուոյ ընդունելութիւնը հուսկ Նորին Սրբութիւնը փոխադրուեցաւ «Palais de la Nation» պալատ` որ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան Նախագահին նստավայրն է։

Սրբազան Պապը դիմաւորուեցաւ Նախագահ Ֆելիքս Թշիսեքէտի Թշիլոմպոյի կողմէ ուր տեղի ունեցաւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողակարգը որմէ ետք Սրբազան Պապը առանձնական հանդիպում ունեցաւ Նախագահին հետ ու ծանօթացաւ անոր ընտանեկան պարագաներուն։ Ան ապա նախագահին հետ միասին ուղղուեցաւ Պալատի այգի, ուր նախատեսուած էր հանդիպումը` իշխանութիւններուն, քաղաքացիական ընկերութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, որոնց Նորին Սրբութիւնը ուղղեց իր պատգամը։

հանդիպումի աւարտին ան փոխադրուեցաւ Քինշասայի Առաքելական նուիրակութիւն որ այս օրերուն կը հանդիսանայ Քահանայապետին նստավայրը։

Յայտնենք թէ Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան մօտ Առաքելական պատուիրակութիւնը հաստատուած է 10 Յունուար 1930ին, Պիոս ԺԱ Քահանայապետի օրով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2023, 14:46