Որոնել

Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին. «Մենք կ՛ուզենք միասին ըսել. «Հայր, քու ձեռքերուդ մէջ կը յանձնենք անոր հոգին». Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին քարոզը Պենետիկտոս ԺԶ.ի յուղարկաւորութեան առիթով։ «Հովուել կը նշանակէ սիրել եւ սիրել կը նշանակէ պատրաստ ըլլալ տառապելու։ Սիրել կը նշանակէ ոչխարներուն տալ իսկական բարիքը, Աստուծոյ ճշմարտութեան սնունդը, սնունդը Աստուծոյ խօսքին, Անոր ներկայութեան»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

5 Յունուար 2023, Վատիկանի եւ համայն աշխարհի համար պատմական եւ յուզիչ օր։ Սուրբ Պետրոս հրապարակը լի է խուռներամ բազմութեամբ, որ եկած է իր վերջին հրաժեշտը տալու երբեմնի աւագ Հովիւ` Սուրբ Պետրոսի 265րդ յաջորդ` աւազանի անունով Եոզէֆ Ռացինկեր, Պենետկտոս ԺԶ. վաստակաւոր Քահանայապետին, որ իր մահկանացուն կնքեց 95 տարեկանին, Վատիկանի Մաթեր Էքլեզիէ աբբայարանին մէջ, անցեալ շաբաթ օր, 31 դեկտեմբեր 2022ի առաւօտեան ժամը 9,34։

Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին
Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին

Հրաժարեալ Քահանայապետը

Պենետիկտոս Պապը` որ եղաւ ան` որ անակնկալ կերպով` եօթը տարի, տասը ամիս եւ իննը օրեր տեւող Քահանայապետութեան մը աւարտին հրաժարեցաւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդի Աթոռէն ապշահար թողելով համայն աշխարհը։

Պատմութեան մէջ 8-րդ հրաժարեալ Քահանայապետը։ Նախապէս Սուրբ Պետրոսի յաջորդի Աթոռէն հրաժարած են` Կեղմես, Բոնցիանոս, Սեղբեստրոս, Պենետիկտոս Թ., Գրիգոր Զ., Չելեսթինօ Ե. եւ Գրիգոր ԺԲ քահանայապետերը։

Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին
Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին

Համապատարագ

Երջանկայիշատակ հովուապետին դագաղը զետեղուած էր Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մուտքի ամպիոնին առջեւ, շրջապատուած կղերական դասի անդամներով` 120է աւելի կարդինալներ, 400է աւելի եպիսկոպոսներ եւ չորս հազարէ աւելի քահանաներ, գլխաւորութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ-ի յաջորդ եւ Հռոմի 266րդ Եպիսկոպոս Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին։

Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին
Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին

Քահանայապետ մը` որ կը նախագահէ նախորդին յուղարկաւորութիւնը

Ժամանակակից ժամանակներու աննախադէպ իրադարձութիւն մը։ Առաջին անգամն է, որ Քահանայապետ մը կը գլխաւորէ իր նախորդին յուղարկաւորութիւնը։ Վերջին անգամ այս մէկը պատահած էր 1802ին երբ Պիոս Ը նախագահեց Պիոս Է յուղարկաւորութիւնը։ Այս վերջինս, Վալանս քաղաքի մէջբանտարկուած էր Նափոլէոնի կողմէ` 1799 թուականին, ապա աքսորի մէջ մահացած։ Երեք տարի ետք Անոր աճիւնները կը փոխադրուին Հռոմ, ուր տեղի կ՛ունենայ անոր հանդիսաւոր յուղարկաւորութիւնը` Պիոս Ը քահանայապետի գլխաւորութեամբ։

Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին
Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը

Պենետիկտոս ԺԶ Պապին յուղարկաւորութեան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին գլխաւորութեամբ մասնակեցաւ նեաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Արեւելեան Եկեղեցիներու այլ պատրիարքներուն հետ միասին մաս կը կազմէր համապատարգիչ Եկեղեցականներու դասին։ Իսկ եպիսկոպոսներու շարքին էր

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պէյրութի թեմի պատրիարքական օգնական եպիսկոպոս`  Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան, ապա ներկայ էին նաեւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կղերականներ։

Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին
Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին

Քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կղերական դասին կողքին ներկայ էին նաեւ քրիստոնեայ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ` օրթոտոքս, անկլիքան, մեթոտիստ....ինչպէս նաեւ Հռոմի հրեայ եւ իսլամ համայնքները ներկայացնող պատուիրակութիւններ։  Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի պատուիրակութիւն կազմուած էր` Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Մայր Աթոռի ներկայացուցիչ Գերշ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, Տաւուշի թեմի առաջնորդ`  Գերշ. Բագրատ եպիսկ. Գալստանեանի  եւ Կենտրոնական Եւրոպայի եւ Շուէտի Հայրապետական պատուիրակ Գերշ. Տ. Տիրան եպիսկ. Պետրոսեանի կողմէ։ Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան` Արամ Ա Վեհափառին ներկայացուցիչն էր ` Նարեկ Արքեպիսկոպոս Ալեմեզեանը։

Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին
Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին

Պետական ներկայացուցիչներ

Պետական ներկայացուցիչներու շարքին պաշտօնական հանգամանքով ներկայ էին Իտալիոյ եւ Գերմանիոյ Հանրապետութիւններու նախագահները` Տիար Սերճօ Մաթթարելլա եւ Տիար Ֆրանք Վալթեր Սթէնմէյըրը իրնեց շքախումբերով։

Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Պելկիոյ Թագաւորը` Ֆիլիփը եւ անոր կողակիցը Մաթիլտ Թագուհին, ապա Սպանիայէն Սոֆիա թագուհին։ Նախագահներու շարքին նշեց Լիթուանիայի, Լեհաստանի, Փորթուկալի, Սան Մարինոյի, Սլովենիայի, Թոկոյի հանրապետութիւն եւ Հունգարիայի նախագահները ապա Չեխիոյ, Կապոնի, Սլովաքիայի եւ Մալթայի Ասպետական կարգի վարչապետները հուսկ Կիպրոսը, Քոլոմպիան. Խրուաթիան, Ֆրանսան եւ Մեծն Պրիթանիան ներկայացնող նախարարներ։

Յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան Ներկայ էր Սուրբ Աթոռի մօտ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան` վսեմաշուք  Տիար Կարեն Նազարեանը։

200 հազար հաւատացեալներու յարգանքի տուրքը

Վերջին երեք օրերուն` երկուշաբթի 2 Յունուարէն մինչեւ չորեքշաբթի`4 Յունուար աւելի քան 200 հազար հաւատացեալներ յարգանքի տուրք մատուցեցին վաստակաւոր Քահանայապետին, որուն մարմինը զետեղուած էր Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ։ Իսկ այսօրուայ յուղարկաւորութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին մօտ յիսուն հազար հաւատացեալներ։ 

Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին

Սուրբ Վարդարանի աղօթքը

Ժամը 8,45 անց ննջեցեալ Քահանայապետին դագաղին մէջ զետեղուած աճիւնները դուրս բերուեցան Սուրբ Պետրոս պազիլիքայէն ու զետեղուեցան Եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ` մուտքի դռան դիմաց ամպիոնի ոտքին, մինչ հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները սկսան աղօթել Սուրբ Վարդարանը, մինչեւ ժամը 9,30, երբ սկիզբ առաւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` զոր գլխաւորեց, ինչպէս նշեցինք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իսկ պատարագը մատոյց Կարդինալական Դասին աւագերէցը` կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսա Ռէ։

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը

Աւետարանի ընթերցումէն ետքը, Քահանայապետը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը, որուն մէջ շեշտը դրաւ Յիսուսի առաքեալի յատկութիւններուն վրայ, մեկնելով Քրիստոսի Խաչին վրայ արտասանած վերջին խօսքերէն. «Հայր քու ձեռքերուդ մէջ կը յանձնեմ իմ հոգիս» (Ղուկ. 23,46)։

Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին
Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին

«Հայր քու ձեռքերուդ մէջ կը յանձնեմ իմ հոգիս»

«Տիրոջ վերջին բառերն են ասոնք, զոր Ան արտասանեց խաչին վրայ։ Կարող ենք ըսել Անոր վերջին հառաչը, որ հաստատումն է Անոր կեանքը յատկանշող իրողութեան` որ է շարունակական յանձնում Հօր ձեռքերուն մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տալով, որ անոնք «Ներումի եւ կարեկցութեան ձեռքեր են, բուժումի եւ ողորմութեան ձեռքեր, ձեռքեր օծումի եւ օրհնութեան, որոնք Քրիստոսը մղեցին յանձնուելու նաեւ իր եղբայրներուն ձեռքերուն մէջ»։

Սիրով վիրաւոր Տիրոջ ձեռքերը

«Տէրը, որը բաց է իր ճանապարհորդութեան ընթացքին հանդիպած պատմութիւններուն, թոյլ տուաւ ինքզինք պատել Աստուծոյ կամքով՝ իր ուսերուն վրայ վերցնելով Աւետարանի բոլոր հետևանքներն ու դժուարութիւնները, մինչև որ իր ձեռքերը տեսաւ վիրաւորուած սիրով. «Տես իմ ձեռքերս» ըսաւ Թովմասին (Յովս. 20,27), ու այդ մէկը կ՜ըսէ մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Վիրաւոր ձեռքեր` որոնք չեն դադրիր նուիրուելէ, մինչեւ որ ճանչնանք սէրը, զոր Աստուած ունի մեզի համար» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

«Հայր քու ձեռքերուդ մէջ կը յանձնեմ իմ հոգիս», հրաւէր ու կեանքի ծրագիր է սա, որ կը շշնջայ եւ բրուտի նման կ՜ուզէ ձեւաւորել հովիւին սիրտը, (տես Ես 29.16), մինչև` որ անոր մէջ Քրիստոս Յիսուսի նոյն զգացմունքները տրոփեն (տես Փիլ. 2։5)։

Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին
Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին

Հովուել կը նշանակէ սիրել

«Հովուել կը նշանակէ սիրել եւ սիրել կը նշանակէ պատրաստ ըլլալ տառապելու։ Սիրել կը նշանակէ ոչխարներուն տալ իսկական բարիքը, Աստուծոյ ճշմարտութեան սնունդը, սնունդը Աստուծոյ խօսքին, Անոր ներկայութեան», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով, որ «Մենք եւս ամուր կապուած Տիրոջ վերջին խօսքերուն եւ անոր կեանքը յատկանշող վկայութեան, կը ցանկանանք, որպէս եկեղեցական հասարակութիւն, հետեւիլ անոր հետքերուն ու մեր եղբայրը յանձնել Հօր ձեռքերուն մէջ։ Թող` որ այս ողորմութեան ձեռքերը վարած գտնեն անոր ճրագը Աւետարանի իւղով, զոր ան տարածեց եւ վկայեց իր կեանքին ընթացքին (հմմտ. Մատթ 25,6-7)։

Վստահիլ ժողովուրդին աղօթքին ու խնամքին

Քահանայապետը մատնանշեց հուսկ` Մեծն Սուրբ Գրիգորի Հովուական Կանոնին, որուն մէջ Ան իր ընկերոջմէ կը խնդրէր իրեն նուիրել հոգևոր հետեւեալ ընկերակցութիւնը. «Իմ կեանքիս փոթորիկներու մէջ ես կը մխիթարուիմ այն​​վստահութեամբ, որ դուն ինծի ջուրին երեսին վրայ կը պահես քու աղօթքներուդ սեղանին վրայ, և երբ իմ մեղքերու ծանրութիւնը յաղթահարէ և զիս նուաստացնէ, դուն ինծի կու տաս քու արժանիքներուն օգնութիւնը` զիս վերականգնելու համար»։

«Հովիւին գիտակցութիւնն է այս, որ գիտէ, թէ պէտք է ինքզինք յանձնէ աղօթքին և իրեն վստահուած ժողովուրդի խնամքին» նկատել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը:

Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին
Վերջին հրաժեշտ Պենետիկտոս ԺԶ.ին

«Հայր, քու ձեռքերուդ մէջ կը յանձնենք անոր հոգին»

«Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդն է, որ համախմբուած կ՜ընկերանայ եւ կը յանձնէ կեանքը անոր` որ իր հովիւը եղած էր։ Գերեզմանի մօտ Աւետարանի կիներուն նման մենք այստեղ ենք երախտագիտութեան անուշահոտով եւ յոյսին իւղով, անոր ցոյց տալու, անգամ մը եւս, սէրը` որ չի կորսուիր։ Զայն կ՜ուզենք ընել մեր իսկ օծումով, իմաստութեամբ, նրբանկատութեամբ ու նուիրումով, որ ան կարողացաւ շնորհել տարիներու ընթացքին: Մենք կ՛ուզենք միասին ըսել. «Հայր, քու ձեռքերուդ մէջ կը յանձնենք անոր հոգին» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը որ քարոզը եզրափակեց հետեւեալ բառերով. «Պենետիկտոս` Փեսային հաւատարիմ բարեկամ, թող որ քու ուրախութիւնդ ըլլայ կատարեալ, վերջնականապէս եւ առ յաւէտ լսելու համար Փեսային ձայնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2023, 10:03