Որոնել

2023.01.31 Papa Francesco aereo partenza

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Ափրիկեան ցամաքամաս առաքելական ճամբորդութիւնը։

Վատիկանէն չմեկնած Քահանայապետը հանդիպեցաւ Քոնկոլացի եւ Հարաւային Սուտանցի փախստականներու հետ ապա Ֆիումուչինօ օդակայանին մօտ պահ մը աղօթեց Քինտույի պատերազմի զոհերուն յուշահամալիրին դիմաց։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 31 Յունուար 2023ի առաւօտեան կանուխ` սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առաքելական 40րդ միջազգային ճամբորդութիւնը որ այս անգամ զինք կ՜առաջնորդէ ափրիկեան ցամաքամասի երկու երկիրներ` Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութիւն ապա Հարաւային Սուտան։

Ֆրանչիսկոս Պապը երկրորդ Քահանայապետն է, որ կ՜այցելէ Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութիւնը, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետէն ետքը, որ երկիրը այցելած էր երկու անգամ` 1980ին եւ 1985ին։

Մինչ առաջին անգամն է` որ Քահանայապետ մը կ՛այցելէ Հարաւային Սուտանը տրուած ըլլալով, որ երկիրը իր անկախութիւնը հռչակեց միայն 2011 թուականին։

Այս երկու երկիրներուն մէջ Քահանայապետին ներկայութեան առանցքը կը կազմեն խաղաղութիւնը եւ ափրիկեցի քրիստոնէութեան հետ հանդիպումը։ հարաւային Սուտանի հանգրուանը ապա ունի համամիութենական բնոյթ տրուած ըլլալով, որ Նորին Սրբութեան պիտի միանան Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդը Ժասթին Ուելպին եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ Վարիչը Եայն Կրինշիլտսը։

Քոնկոյի ճամբորդութեան բնաբանն է«Բոլորս հաշտուած Քրիստոսով» մինչ Հարաւային Սուտան ճամբորդութեան բնաբանն է «Կ՛աղօթեմ` որպէսզի բոլորը մի ըլլան»։

Քահանայապետին գաղթականներուն հետ հանդիպումը
Քահանայապետին գաղթականներուն հետ հանդիպումը

Գաղթականներուն հետ հանդիպում

Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն չմեկնած Սանթա Մարթայի իր բնակարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան եւ Հարաւային Սուտանի փախստականներու հետ, որ Հռոմ կը գտնուին եւ հիւրընկալուած են Յիսուսեան միաբանութեան պատկան «Ասթալլի» կեդրոնին մօտ։ Անոնց կ՜ընկերանար Բարեսիրութեան Վերատսեչութեան Վերատեսուչը Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի։

Փախստականներուն հետ հանդիպումէն ետք, Քահանայապետը ուղղուեցաւ Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան, ուր բարի երթի համար դիմաւորուեցաւ Փորթօ Սանթա Ռուֆինա Թեմին եպիսկոպոսէն, որուն եկեղեցական իշխանութեան ներքոյ է օդակայանը։

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը  Քինտույի յուշահամալիրին առջեւ
Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Քինտույի յուշահամալիրին առջեւ

Աղօթք Քինտույի յուշահամալիրին առջեւ

Օդակայան ժամանելուն Քահանայապետին ինքնաշարժը պահ մը կանգ առաւ «Քինտույի պատերազմին նուիրուած յուշահամալիրին դիմաց, որ կառուցուած է ի յիշատակ 1961 թուականի նոյեմբերի 11-ին Քոնկոյի մէջ սպաննուած 13 իտալացի օդաչուներուն։ Քահանայապետը աղօթք մը նուիրեց այդ արիւնալի սպանդի զոհերուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին մասնակցելով մարդասիրական ու խաղաղութեան նուիրուած առաքելութիւններուն, ապա ուղղուեցաւ օդակայան ուր զինք կը սպասէին իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան անդամներն ու 75 լրագրողները։

Մեկնում դէպի Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութիւն
Մեկնում դէպի Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութիւն

Մեկնում

Քահանայապետը փոխադրող «ITA» օդանաւային ընկերութեան օդանաւը թռիչք առաւ 8,29 անց ուղղուելով Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան Քինշասա քաղաք, որ Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան մէջ պիտի հանդիսանայ Նորին Սրբութեան այցելելիք միակ քաղաքը։

Ճամբորդութեան տեւողութիւնն է վեց ժամ յիսուն վայրկեանի մօտ եւ Քահանայապետը Քինշասա կը ժամանէ կէսօրէն ետքը ժամը երեքին մօտերը, սաւառնելէ ետք Իտալիոյ, Թիւնիսի, Ալճերիօ, Նիճերի, Ջատի, Կեդրոնական Ափրիկէի, Քամերունի, Քոնկոյի հանրապետութեան եւ Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան օդային տարածքներուն վրայէն, այս երկիրներու նախագահներուն կամ կառավարիչներուն ուղղելով փրոթոքոլային հեռագիրեր։

Սրբազան Պապը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը` ուրբաթ 3 փետրուարին հրաժեշտ կ՜առնեն Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութենէն եւ կը փոխադրուին Հարաւային Սուտան, ուր կը մնան մինչեւ կիրակի 5 Փետրուար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2023, 08:29