Որոնել

Աստուծոյ Խօսքին Կիրակիին նուիրուած սուրբ պատարագը ս. Պետրոս Պազիլիքային մէջ

Աստուծոյ բուժող եւ վերականգնող խօսքը չէ սահմանուած լոկ Իսրայէլի արդարներուն, այլ բոլորին, Ան կ՜ուզէ հասանելի ըլլալ հեռուներուն, կ՜ուզէ բուժել հիւանդները, փրկել մեղաւորները, ընկալել կորսուած ոչխարները ու վերականգնել յոգնած ու բեռնաւորուած սրտերը։ Աստուծոյ ողորմութիւնը բոլորին համար է, փրկութիւնը եւս սահմանուած է բոլորին, նոյնիսկ անոնց` որոնք հեռու ու կորսուած են, ուստի Խօսքին հռչակումը պէտք է դառնայ եկեղեցական հասարակութեան առաջնահերթ հրատապութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 22 Յունուար 2023ին կը յիշատակուի Աստուծոյ Խօսքի կիրակին։ Օրը հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 30 սեպտեմբեր 2019ին հրատարակած «Aperuit Illis» ինքնագիր նամակով, նպատակ ունենալով խորհրդածել ու տարածել Աստուծոյ Խօսքը, որպէսզի Աստուծոյ Ժողովուրդին մէջ աճի ու զարգանայ Սուրբ Գրութիւններուն հետ մտերմութիւնը։

Աստուծոյ Խօսքին հռչակումը

Աստուծոյ Խօսքին նուիրուած կիրակիին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան 9,30ին, Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած հատուածին վրայ, որ կը պատմէ թէ ինչպէս «Յիսուսը թողելով Նազարէթի հանգիստ և թաքնուած կեանքը կը տեղափոխուի Գալիլեա` Կափառնաումի ծովեզերքը», որ «տարբեր ժողովուրդներու և մշակոյթների խաչմերուկ է» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով, որ «Յիսուսը մղող հրատապութիւնը եղաւ Աստուծոյ Խօսքին հռչակումը, որ պէտք է հասնի բոլորին»:

հրաւէր ապաշխարութեան

«Արդարեւ Աւետարանին մէջ կը տեսնենք որ Յիսուս` բոլորը կը հրաւիրէ ապաշխարութեան ու դարձի, հուսկ կը կոչէ իր առաջին աշակերտները, որպէսզի անոնք ալ Խօսքին լոյսը փոխանցեն ուրիշներուն (հմմտ. Մատթ. 4:12-23)» յարեց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով խորհրդածել Աստուծոյ խօսքին երեք երեւոյթներու մասին. Խօսքը բոլորին համար է, Խօսքը դարձի կանչում է եւ Խօսքը աւետաբեր կը դարձնէ:

Աստուծոյ Խօսքը բոլորին

«Աւետարանը Յիսուսը կը ներկայացնէ միշտ շարժումի մէջ, միշտ դէպի միւսները ընթացող, զԱյն կը տեսնենք շրջուն ուխտաւոր, քաղաքէ քաղաք, հանդիպելու համար պատմութիւններու եւ դէմքերու հետ»։ .... «Ժողովուրդը որ խաւարի մէջ էր մեծ լոյս մը տեսաւ (հմմտ. Մատթ. 4:16)։ Յիսուս կը լայնացնէ սահմանները` Աստուծոյ բուժող եւ վերականգնող խօսքը չէ սահմանուած լոկ Իսրայէլի արդարներուն, այլ բոլորին, Ան կ՜ուզէ հասանելի ըլլալ հեռուներուն, կ՜ուզէ բուժել հիւանդները, փրկել մեղաւորները, ընկալել կորսուած ոչխարները ու վերականգնել յոգնած ու բեռնաւորուած սրտերը։ Յիսուսին այս սահմանահատումը մեզի կ՛ուզէ ըսել` որ Աստուծոյ ողորմութիւնը բոլորին համար է ու թէ փրկութիւնը եւս սահմանուած է բոլորին, նոյնիսկ անոնց` որոնք հեռու ու կորսուած են, ուստի Խօսքին հռչակումը պէտք է դառնայ եկեղեցական հասարակութեան առաջնահերթ հրատապութիւնը, այնպէս ինչպէս եղաւ Յիսուսին համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով այնպէս չընել, որ «դաւանինք լայն սրտով Աստուած մը եւ ըլլանք նեղ սրտով Եկեղեցի»։

«Յիսուսէն սորվինք Խօսքին տալու կեդրոնականութիւն, լայնեցնելու սահմանները ու բացուելու մարդոց, յառաջացնելով Տիրոջ հետ հանդիպումի փորձառութիւններ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Աստուծոյ Խօսքը դարձի կոչ

Աստուծոյ Խօսքը, որ ուղղուած է բոլորին, կոչ մըն է ապաշխարութեան։ Յիսուս արդարեւ իր քարոզութեան ընթացքին կը կրկնէ. «Ապաշխարեցէք` որովհետեւ մօտ է երկինքի արքայութիւնը» (հմմտ. Մատթ. 4:17)։ Այս կը նշանակէ, որ Աստուծոյ ներկայութիւնը իրականութիւնները չի պահեր այնպէս ինչպէս որ են։ Ընդհակառակը Խօսքը կը ցնցէ, մեզ կը մղէ փոփոխութեան, դարձի, տագնապի կ՛ենթարկէ...նման է սուրի մը, որ կը մխրճուի կեանքին մէջ, մեզ մղելով զատորոշում կատարելու սրտի միտքերուն եւ զգացումներուն, ցոյց տալով բարիին լոյսը։ Ան կը փոխակերպէ մեր սիրտն ու միտքը, եւ մեզ կը մղէ կեանքը կողմնորոշելու Տիրոջ։

Կեանքը կողմնորոշել Յիսուսին

Ահա Յիսուսին հրաւէրը` Աստուած մօտիկ դարձաւ քեզի, ընկալէ անոր ներկայութիւնը, տեղ բաց անոր Խօսքին ու պիտի փոխես կեանքին նկատմամբ հայեացքդ։ Բոլորս արդարեւ Աստուծոյ Խօսքին իշխանութեան տակն ենք, Խօսքը` որ մեզ դարձի կը բերէ, եւ կը խնդրէ ըլլալ միացած Քրիստոսի միակ Եկեղեցւոյ մէջ», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով իւրաքանչիւր հաւատացեալ հարց տալու` թէ մեր կեանքը դէպի ու՞ր կողմնորոշուած է։

Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը դարձնէ աւետաբերներ

«Աստուծոյ խօսքը, որ ուղղուած է բոլորին եւ կը կոչէ ապաշխարութեան մեզ կը դարձնէ աւետաբերներ», ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով Յիսուսին առաջին աշակերտներուն կոչումին` Սիմոնին եւ Անդրէասին, որոնք ձկնորսներ էին բայց Ան զանոնք կը կոչէ դառնալու մարդոց ձկնորսներ։ Այդպիսով անոնք կը թողուն ամէն բան ու կը դառնան առաքեալներ` կարող նաւարկելու աշխարհի բաց ծովուն մէջ, երթալու դէպի եղբայրներու հետ հանդիպումին ու հռչակելու Աւետարանին ուրախութիւնը»։

Դառնալ մարդոց որսորդներ

«Ասիկա Խօսքին ուժականութիւնն է», «Ան մեզ կը ներքաշէ Հօր սիրոյ ուռկանին մէջ ու մեզ կը դարձնէ առաքեալներ` որոնք կը զգան անզուսպ իղձը Թագաւորութեան նաւուն վրայ բարձրացնելու անոնք որոնց կը հանդիպինք։ Մենք ալ ուստի զգանք կոչը դառնալու մարդոց որսորդներ. Զգանք կոչը հռչակելու Յիսուսին Խօսքը, վկայելու զայն ամէն օր, ու ապրելու զայն արդարութեան եւ սիրոյ մէջ» ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով, որ մեր առաքելութիւնն է դառնալ կորսուածին, յուսալքուածին ու հարստահարուածին որոնողները, անոնց տանելու համար ոչ թէ մենք զմեզ, այլ Խօսքին մխիթարութիւնը, Աստուծոյ պայթիւնային հռչակումը` որ կեանքը կը փոխէ, եւ ուրախութիւնը` իմանալու, որ Ան Հայր է և կը դիմէ մեզմէ իւրաքանչիւրիս, գեղեցկութիւնը ըսելու. Եղբայր, քոյր, Աստուած մօտիկ դարձաւ քեզի, մտիկ ըրէ Անոր եւ Անոր Խօսքին մէջ պիտի գտնես հրաշալի պարգեւ»։

Շնորհակալութիւններ

Սրբազան Պապը քարոզը աւարտեց շնորհակալութիւն ըսելով բոլոր անոնց` որոնք կը ջանան այնպէս ընել, որ Աստուծոյ խօսքը ունենայ իր կեդրոնականութիւնը, անոնց` որոնք զայն կ՛ուսումնասիրեն ու կը խորացնեն անոր հարստութիւնը, հովուական գործիչներուն ու Խօսքը տարածող յանձնառու բոլոր քրիստոնեաներուն, ու մասնաւորապէս կրօնուսոյցներուն ու դպիրներուն....շնորհակալութիւն բոլոր անոնց` որոնք ընկալեցին հրաւէրը իրենց հետ տանելու Աւետարանը ու զայն կարդալու ամէն օր եւ «ի վերջոյ յատուկ շնորհակալութիւն սարկաւագներուն եւ քահանաներուն, որ Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդը պակաս չեն թողուր Աստուծոյ Խօսքէն եւ յանձնառու են զայն ապրելու եւ հռչակելու» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ ծառայութեան եւ զոհողութիւններուն համար։

Յայտնենք` որ պատարագի ընթացքին` Սրբազան Քահանայապետը տարբեր երկիրներէն ժամանած 10 աշխարհական հաւատացեալներու  շնորհեց դպրութեան կարգը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2023, 10:11