Ոչ եւս է կարդինալ Ճորճ Փելը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 10 յունուարին, երեկոյեան ժամը 09-ին, Հռոմի մէջ հոգին աւանդեց Տնտեսութեան քարտուղարութեան երբեմնի կառավարիչ, 81 ամեայ կարդինալ Ճորճ Փել։
Վախճանեալ ծիրանաւորը մահացած է ազդրի վիրահատութիւնէն յետոյ սրտի որոշ բարդութիւններուն հետեւանքով։ Ան քանի մը օր առաջ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մասնակցած էր Պենետիկտոս ԺԶ Պապին յուղարկաւորութեան արարողութեան։
Կարդինալ Ճորճ Փելլ ծնած է Վիքթորիա նահանգի Պալլարաթ քաղաք, 1941ին։ Եղած է Սիտնի թեմի ապա Մելպուրնի թեմի արքեպիսկոպոսը։ 13 ապրիլ 2013ին, ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ կանչուած է մաս կազմելու կարդինալներուն խորհուրդին՝ ուսումնասիրելու համար բարեփոխութեան ծրագիր մը եւ օգնելու եկեղեցին կառավարելու։
24 փետրուար 2014ին, կարինալ Փել նշանակուած է նորաստեղծ տնտեսութեան քարտուղարութեան կառավարիչ, սկիզբ տալով ֆինանսական կարգ մը բարեփոխումներուն։
Նշենք, թէ անցեալ 11 հոկտեմբեր 2021ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց կարդինալ Փել ու շնորհակալութիւն յայտնեց՝ անոր տուած վկայութեան համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հարցազրոյցի մը ընթացքին յիշեց Կարդինալ Փելին Վատիկանի մէջ տնտեսական գետնի վրայ տածած աշխատանքը։ Ապա անդրադառնալով Աւստրաիլոյ մէջ չարաշահումներու մեղադրանքին, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ կարդինալ Փել զրպարտութեան մը պատճառաւ ստիպուեցաւ հեռանալ այդ Վատիկանի մէջ տնտեսական աշխատանքէն։
Կարդինալ Ճորճ Փել մեծ մարդ մըն է ու անոր պէտք ենք պարտիլ շատ բաներ»։ Ըսած է Ֆրանչիսկոս Պապ։
Յայտնենք, թէ կարդինալ Ճորճ Փելի մահով կարդինալական դասը այժմ կազմուած է 223 ծիրանաւորներէ, որոնց շարքին քահանայապետ ընտրելու իրաւունք ունեցող 125 կարդինալներ եւ ու քահանայապետ ընտրելու իրաւունք չ՝ունեցող 98 կարդինալներ։
Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցան գիրը
Կարդինալ Ճորճ Փելի մահուան առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիր մը յղեց կարդինալներու դասի աւագ երեց, կարդինալ Ճովաննի Պաթիսթա Ռէյի, որուն մէջ իր մօտիկութիւնն ու ցաւակցութիւնը յայտնած է կարդինալական դասին, կարդինալ Ճորհ Փելի եղբօր Դաւիթին ու ընտանեկան պարագաներուն, երախտագիտութեամբ յիշելով կարդինալ Փելի տուած վկայութիւնը, եկեղեցւոյ ու աւետարանի նուիրումը, յատուկէն համագործակցութիւնը Սուրբ Աթոռի հետ, տնտեսական բարեփոխումի ծիրէն ներս։
Ցաւակցական գիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքը ապահովուած է , որպէսզի այդ հաւատարիմ ծառան որ առանց վարանելու հետեւեցաւ իր Տիրոջ յարատեւութեամբ նոյնիսկ փորձութեան ժամուն մէջ, ընդունուի երկինքի ուրախութեան մէջ եւ ստանայ յաւիտենական խաղաղութեան մրցանակը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիրը աւարտած է շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը բոլոր անոնց որոնք կը կիսեն կարդինալ Փելին մահուան վիշտը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ