Քահանայապետին հրաւէրը` աղօթելու պատերազմի մէջ իրենց զաւակները կորսնցուցած ռուս եւ ուքրանացի մայրերուն համար։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ըլլան անոք ռուս կամ ուքրանացի, Քահանայապետին մտածումը այսօր ուղղուած էր մայրերուն, որոնք իրենց զաւակները կորսնցուցին պատերազմի մէջ։ Նորին Սրբութիւնը խտրականութիւն չի դներ անոնց միջեւ ` «Ուքրանացի մայրերը եւ ռուս մայրերը, կորսնցուցին իրենց զաւակները։ Այս է պատերազմին գինը։ Աղօթենք մայրերուն համար, որոնք կորսնցուցին իրենց զինուոր զաւակները, ըլլան անոնք ուքրանացի ըլլան ռուս», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը այսօր կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին աւարտին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ, հրաւիրելով չմոռնալ ուքրանացի մեր եղբայրներն ու քոյրերը, որոնք «այս Սուրբ Ծնունդին կը գտնուին պատերազմի մէջ, առանց լոյսի առանց ջերմութեան ու կը տառապին»։
Նորին Սրբութիւնը խօսքին սկիզբը ակնարկած էր առաւօտեան Սիքստինեան մատրան մէջ գլխաւորած եւ 13 նորածին մանուկներուն մատակարարած Սուրբ Մկրտութեան արարողութեան, որմէ մեկնելով հրաւիրեց չմոռնալ Սուրբ Մկրտութեան թուականը, որ է «այն պահը երբ մենք դարձանք քրիստոնեաներ» ըսաւ Ան մատնանշելով, որ մկրտութիւնը «նոր տարեդարձ մըն է, հաւատքին տարեդարձը»։
Քահանայապետը հուսկ ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը եւ խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ինչպէս միշտ խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ