Ֆրանչիսկոս Պապ. Օգնեցէք վերջ տալու հակամարտութիւններուն, աշխարհին խաղաղութիւն պէտք է
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Սատարենք խաղաղութիւնը կառուցելու՝ տնային խաղաղութենէն մինչև փոքր քաղաքային խաղաղութիւնը»: Այս է Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը, զոր Ան ուղղեց «Mensajeros de la Paz» ընկերակցութեան կամաւորներուն, անոնց յղած լսատեսողական պատգամի մը մէջ։
«Դուք խաղաղութեան պատգամաւորներ էք» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը նշելով թէ անոնց բարի պատգամ մը կը փոխանցեն ոչ միայն բերնով այլեւ իրենց ամբողջ էութեամբ, սրտով, ձեռքերով, ստեղծելով սիրոյ մթնոլորտ, լուծելով հարցեր»։ «Այսպէս շարունակեցէք» խրախուսեց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով զանոնք կառուցելու խաղաղութիւնը ըլլայ անձնական ըլլայ հասարակական կեանքէն ներս։
«Օգնեցէք վերջ դնելու հակամարտութիւններուն, որպէսզի անոնց յաջորդէ խաղաղութիւնը, ըլլայ աշխարհին մէջ ըլլայ նաեւ ամենափոքր բաներուն մէջ» յարեց Նորին Սրբութիւնը անոնց վրայ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնները ու Տիրամօր Հովանին։
Յայտնենք «Խաղաղութեան սուրհանդակները» միութիւն մըն է, որ հիմնադրուած է 1962 թուականին Հայր Անկել Կարսիա Ռոտրիկեսի և Անկել Սիլվա Սանչեսի կողմթ: Անոր առաջնահերթութիւնն է ընկերութեան անապահով մարդոց մարդկային և սոցիալական խթանումը ՝ հաշուի առնելով սոցիալական տարբեր իրողութիւնները ինչպէս ազգային, այնպէս ալ միջազգային մակարդակի վրայ: Այն ներկայ է 75 երկիրներու մէջ (Ամերիկա, Եւրոպա, Ափրիկէ, Ասիա):
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ