Առանց խաղաղութեան բոլորս ալ պարտուած ենք. Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«Երբեք չեմ տեսած, որ Տէրը հրաշք մը սկսած է առանց զայն լաւապէս աւարտելու»: Ալեսսանտրօ Մանծոնիին «Նշանուածները» վէպի այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկսած է «Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան մասին շրջաբերական» հատորին ներածականը շեշտելով, թէ ինք երկար մտածած է այդ նախադասութեան մասին, զայն նկատելով յոյսի նախադասութիւն։
«Այն յոյսի արտայայտութիւն է մինչ կը ճամփորդենք դէպի 2025 թուականի Յոբելեան, որուն՝ կարգախօսը փափաքեցայ նուիրել աստուածաբանական այս առաքինութեան. Յոյսի ուխտաւորներ», գրած է Սրբազան Պապը
Այս համատեքստին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշատակած է Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Պապի «Spe salvi» յորդորագիրը, ուր վերջինս կը նշէ, թէ «փրկագործութիւնը», փրկութիւնը, ըստ քրիստոնէական հաւատքին, մեզի կ’առաջարկուի որպէս յոյս, որու շնորհիւ կարող ենք առերեսուել մեր ներկային, և կը շեշտէ, թէ նոյնիսկ տքնաջան ներկան կարելի է ապրել և ընդունել, եթէ այն կ’ուղղորդէ դէպի վստահելի և այնքան մեծ նպատակ, որ կ’արդարացնէ այդ ուղիին ջանքերը:
Ֆրանչիսկոս այնուհետև անդրադարձած է «Ուքրանիոյ անմիտ և պիղծ պատերազմի սարսափին» և հարց ուղղած է, թէ. «Արդեօ՞ք կարող ենք վստահաբար խօսիլ արդար պատերազմի մասին»:
«Բոլոր պատերազմներու սարսափները կը վիրաւորեն Աստուծոյ սուրբ անունը և վիրաւորանքը կը մեծնայ, երբ Անոր անունով կ’արդարացնեն նման անասելի կոտորածը», շարունակած է Նորին Սրբութիւնը և զգուշացուցած. «Յստակ թող ըլլայ, որ պատերազմով բոլորս ալ պարտուած ենք: Նոյնիսկ անոնք, որ չեն մասնակցիր, անոնք, որ երկչոտ անտարբերութեամբ կը դիտեն այս սարսափը և չեն միջամտեր խաղաղութեան հաստատման համար»:
Քահանայապետը յիշատակած է նաև Պիոս ԺԲ Պապի խօսքերը` Երկրորդ Աշխարհամարտի նախօրէին, թէ «խաղաղութեամբ՝ ոչինչ, պատերազմի հետ՝ ամէն ինչ կարող է կորսուի»:
Ան ապա յորդորած է, որպէսզի «Յարութիւն առածի Աւետարանը» հռչակող մարդիկ բացականչենք հաւատքի ճշմարտութիւնը առ այն, որ Աստուած խաղաղութեան, սիրոյ և յոյսի Աստուած է:
Ֆրանչիսկոս Պապը կրկին ու կրկին անգամ պարտաւորեցուցած է բոլորը՝ առանց բացառութեան, խաղաղութեան մարդիկ ըլլալու և ընդհանրական աշխարհի մէջ չիյնալու անտարբերութեան ընդհանրացման մէջ և, ի վերջոյ, նշած է, որ սոյն հատորը պատերազմական օրագիրի տեսակ մըն է, յոյս տածելով, որ այն ընթերցողներու համար կը դառնայ խաղաղութեան օրագիր, ինչպէս նաև նախազգուշացում, որպէսզի նման հրէշագործութիւնները այլևս չկրկնուեն:
«Չպէտք է որևէ պատճառով ընտելանանք և ինքնաբերաբար ընդունինք այս մաս մաս համաշխարհային պատերազմը, որ մեր աչքին առջև ողբերգական կերպով վերածուեցաւ երրորդ աշխարհամարտի», ընդգծած է Ֆրանչիսկոս ներածականի աւարտին՝ անգամ մը ևս կոչ ընելով աղօթել խաղաղութեան համար Ուքրանիոյ, ինչպէս նաև աշխարհի ցանկացած հատուածին մէջ:
Նշենք, որ «Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան մասին շրջաբերական» հատորը կ’ամփոփէ Եւրոպայի մէջ հակամարտութեան վերաբերեալ Քահանայապետին ելոյթները:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ