Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աստուած երբեք մարդը մինակ չձգեր»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 29 դեկտեմբերին, Քահանայապետական թուիթըրի կայքին վրայ հրապարակուեցաւ, Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ զետեղուած մսուրի ու տօնածառի բարերարներուն ուղղած ճառէն քաղուած հատուած մը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով Յիսուս մանուկի ծնունդին ու Աստուծոյ մարդեղութեան, կ՝ընդգծէ, թէ Աստուած երբեք մարդը արարածը մինակ չձգեր ու իր անուշ ներկայութեամբ կ՝ընկերանայ կեանքի ուղեւորութեան մէջ լուսաւորելով մութ ու տխուր պահերը։
Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթին մէջ նշած է.
«Աստուած մեզի այնքան կը սիրէ, որ կը կիսէ մեր կեանքն ու մեր մարդկութիւնը։ Ան Երբեք մեզ մինակ չթողուր՝ ուրախութեան ինչպէս նաեւ տառապանքի մէջ, որովհետեւ Էմմանուէլն է՝ Աստուած մեր հետը լոյսը, որ կը լուսաւորէ խաւարը, եւ քնքուշ ներկայութիւնը, որ կ՝ընկերանայ մեր ուղեւորութեան ընթացքին»։#Natale
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ