Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ հարաային Քոնկոյէն հաւատացեալ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ հարաային Քոնկոյէն հաւատացեալ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ուխտագնացութիւնը դէպի Քոնկոյի հանրապետութիւն եւ Հարաւային Սուտան

Ֆրանչիսկոս Պապի Քոնկօ եւ հարաւային Սուտան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան օրակարգը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ յառաջիկայ 31 յունուարէն, մինչեւ 5 փետրուար խաղաղութեան համամիութենական ուխտագնացութիւն պիտի կատարէ Քոնկոյ հանրապետութեան եւ Հարաւային Սուտանի մէջ։

Երեքշաբթի, 1 դեկտեմբերին, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին վերոնշեալ երկիրներու առաքելական այցելութեան օրակարգը։

Ֆրանչիսկոս Պապ Քոնկոյի մէջ

Երեքշաբթի, 31 յունուար, 2023ին, սկիզբ կ՝առնէ Ֆրանչիսկոս Պապին դէպի Քոնկօ առաքելական ճամբորդութիւնը, Հռոմի միջազգային օդակայանէն թռիչքով փոխադրուելով Քոնկոյի մայրաքաղաք՝ Քինսահա, որուն միջազգային օդակայան ժամանումին նախատեսուած է պաշտօնական ընդունելութիւն ապա նախագահական “Palais de la Nation”պալատին մէջ բարի գալուստի արարողութիւնը, որուն աւարտին ու Քոնկոյի հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպում։ Ֆրանչիսկոս Պապ նախագահին հետ հանդիումէն ետք հանդիպի երկիր քաղաքացիական իշխանութիւններու եւ դիւամագիտական կազմի անդամներու հետ։

Չորեքշաբթի, 1 փետրուարին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագ կը մատուցէ եւ կը քարոզէ «Նտոլօ» անուան օդակայանէն ներս։ Յետմիջօրէին, կը հանդիպի երկրի արեւելքի զոհերու հետ՝ Պապական նուիրակի պալատէն ներս, ապա երեկոյեան հանդիպում կ՝ունենայ կարգ մը բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ, Պապական նուիրակի պալատէն ներս։

Հինգշաբթի, 2 փետրուարին, առաւօտեան նախատեսուած է որ Ֆրանչիսկոս Պապ «Մարտիրոսներու» մարզադաշտէն ներս հանդիպի երիտասարդներու եւ քրիստոնէականի ուսուցիչներուն հետ, ապա յետմիջօրէին, աղօթքի հանդիպում ունենայ վարդապետներու, սարկաւագներուն, կրօնաւորներու եւ նորընծաներու հետ՝ Քոնկոյի Տիրամօր նուիրուած մայր տաճարին մէջ, որուն աւարտին, երեկոյեան Պապական նուիրակի պալատէն ներս կը հանդիպի Յիսուսեան միաբանութեան անդամներու հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հարաւային Սուտանի ճամբորդութեան օրակարգը

Ուրբաթ 3 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապի Քոնկօ կատարած ճամբորդութեան վերջին օրը, առաւօտեան , CENCO անուան կեդրոնին մէջ կը հանդիպի եպիսկոպոսներու հետ, որմէ ետք Քինսհասայի միջազգային օդակայան կը փոխադրուելով իրեն ի պատիւ պաշտօնական հրաժեշտ արարողութենէն ետք կը փոխադրուի Հարաւային Սուտանի Ճուպա մայրաքաղաք, որուն միջազգային օդակայան ժամանումին, տեղի կ՝ունենայ պաշտօնական բարի գալուստի արարողութիւնը, ապա Ֆրանչիսկոս Պապ քաղաքավարական այցելութիւն կը կատարէ երկրի նախագահին, նախագահական պալատին մէջ։ Նախագահի հետ հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկսո Պապ կը հանդիպի երկրի քաղաքացիական, իշխանութիւններու եւ գրականագիտական մարմնի անդամներու հետ նախագահի պալատի պարտէզին մէջ։

Շաբաթ, 4 փետրուարին, հարաւային Սուտանի Ճուպա մայրաքաղաքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի եպիսկոպոսներու, քահանաներուն, սարկաւագներուն, կրօնաւորներու եւ նորընծաներու հետ՝ Սրբուհի Թերեզային տաճարէն ներս, որմէ ետք առանձնական հանդիպում կ՝ունենայ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներու հետ, Պապական նուիրակի պալատէն ներս։

Յետմիջօրէին, Ֆրանչիկոս Պապ Freedom Hall” կեդրոնէն ներս կը հանդիպի գաղթականներու հետ, որուն աւարտին, John Garang”յուշահամալիրէն ներս կը մասնակցի համամիութենական աղօթքին։

Կիրակի 5 փետրուարին, Հարաւային Սուտան առաքելական այցելութեան վերջին օրը, առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապ պատարագ կը մատուցանէ ու կը քարոզէ
“John Garang” յուշահամալիրէն ներս, որմէ ետք կը փոխադրուի Ճուպայի միջազգային օդակայան, թռիչքով վերադարձ կատարելու համար Հռոմ։

Նախատեսուած է, որ Ֆրանչիսկոս Պապ հռոմի միջազգային օդակայան հասնի Իտալիոյ ժամով յետմիջօրէին 5,30ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2022, 12:42