Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Քրիստոնեայ աշխատաւորներ շարժումի անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Քրիստոնեայ աշխատաւորներ շարժումի անդամներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ոչ թէ անօթութեան, այլ արժանավայել պայմանագիրեր աշխատաւորներուն համար, յատուկէն կանանց եւ երիտասարդներուն»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քրիստոնեայ աշխատաւորներու շարժումի անդամները

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 9 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Աշխատաւորներուն Քրիստոնեայ շարժում» կազմակերպութեան անդամները5 կազմակերպութեան հիմնադրութեան 50 ամեակի առիթով։

Ողջոյնի խօսքէն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց 50 տարի առաջ Սուրբ Պօղոս Զ Պապին օրով վերոյիշեալ շարժումի ձեռնարկած առաջին քայլերը, շնորհակալութիւն յայտնելով տարիներու հոլովոյթին կազմակերպութեան կատարած աշխատանքներու համար՝ Իտալական ընկերութեան ծառայութեան յանձնառութեան ի սպաս՝ կազմաւորումի, քաղաքացիական ծառայութեան աշխատանքներու միջոցաւ։

Նորին Սրբութիւն ապա նկատել տուաւ, որ շարժումի սոյն տարեդարձը կրնայ օգտակար դառնալ՝ քալելու համար երկու ուղղութիւններու մէջ. մաքրութիւն եւ նոր սերմանում։

Մաքրութիւն

«Մաքրութիւնը միշտ կարեւոր է, ամէն մարդկային փորձառութիւններու մէջ։ Մեղաւորներ ենք եւ կարիքը ունինք ողորմութեան՝ որպէս օդ որ կը շնչենք։ Դարձի գալու եւ մաքրուելու կարողութիւնը, նշան է քաջութեան, ուժի եւ ոչ թէ տկարութեան», ըսաւ Ֆրանչիսկսո Պապ մատնանշելով, որ աշխատաւորներու շարժումը ծնած է Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովէն անմիջապէս ետք, քաջալերելով վերագտնել սկիզբի եռանդը։

Նոր սերմանում

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ «տօնախմբութեան մէջ միշտ յառաջ կը նայուի։ Տօնախմբութիւնը, ոչ միայն պտուղներ ընկալելու ժամանակն է, այլ ժամանակն է նորապէս սերմանելու։ Համաճարակը եւ պատերազմը ընկերային միջավայրը աւելի մութ եւ բացասական վերածեցին։ Դա հրաւէր է յոյսի սերմանողներ ըլլալու, սկսելով ձեր անձերէն, ձեր ընկերային խաւերէն«, ըսաւ Նորին Սրբութիւն խրախուսելով միշտ բաց պահել դռները, որպէսզի երիտասարդները չզգան միայն որպէս հիւրերը այլ դերակատարները՝ իրեցն տարբեր ընկերութիւն մը երեւակայելու կարողութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց պատգամը խնդրելով որ ժողովրդապետութիւններուն, ընկերակցութիւններուն, շարժումներու մէջ աշխատաւորները միշտ զգան իրենց տան մէջ, անոնց հարցերը լրջութեամբ ուսումնասիրելով,ու անսալով անոնց աջակցութեան խնդրանքները։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց որ, ոչ մէկը պէտք է բացառուի աշխատանքէն։ Խրախուsեց խթանել իգական սեռի աշխատանքը, նպաստել աշխատանքի մէջ երիտասարդներու ներգրաւումը, արժանավայել պայմանագիրերով, պաշտպանելու համար, ընտանիքներուն, կամաւորութեան եւ յարաբերութիւններու խնամքին համար շնչառական վայրերն ու ժամանակները։

«Ընթացքի մէջ գտնուող համաշխարհային երրորդ պատերազմը իրազեկ կը դարձնէ մեզ, որ վերածնունդը կը ծնի վարէն, ուր կ՝ապրին զօրակցութեան եւ վստահութեան հետ յարաբերութիւնները», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը յորդորելով «թոյլ չտալ, որ մեզմէ խլուի հաշտութեան եւ եղբայրութեան նոր սկիզբներու քաջութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց հայցելով Սուրբ Յովսէփէն, որ միշտ ներշնչէ շարժումի անդամները, աշխատանքը հաւատքով եւ սիրով ապրելու։ Ապա փոխանցելէ ետք իր առաքելական օրհնութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ ու խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2022, 12:30