Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ սուրբ պատարագ Կուատալուփէ Տիրամօր տօնին առիթով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լատին Ամերիկիոյ Քահանայապետական յանձնախումբը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ տեղեկացուց, թէ Լատին Ամերիկիոյ պաշտպան սուրբ, Կուատալուփէի Տիրամօր տօնին օրը, երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6ին, Սուրբ Պեստորսի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ։
«Սուրբ Պատարագէն առաջ պիտի կատարուի վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքն ու արարողութեան երգեցողութիւնը պիտի կատարէ Սիքստինեան մատրան երգչախումբը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, հրաւիրելով ամերիկայի բոլոր ցամաքամասի հաւատացեալները աղօթելու եւ բացայայտելու` Աստուածամօր միջոցաւ Յիսուս Քրիստոսին ներկայութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ