Որոնել

Արք. Չեւչուքի իր հօր հետ միասին Արք. Չեւչուքի իր հօր հետ միասին 

Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիր յղեց Արք. Չեւչուքի հօր մահուան առթիւ

Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքը ապահովուեց արքեպիսկոպոս Չեւչուքին, անոր հօր յաւիտենական խաղաղութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քիեւի Յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ արք. Սվիաթոսլավ Չեւչուքի հօր մահուան ի լուր Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիր մը յղեց արքեպիսկոպոսին, որուն մէջ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց ու աղօթքը ապահովուեց արքեպիսկոպոսին` հօր յաւիտենական խաղաղութեան համար։

«Մեծ ցաւով ստացայ Ձեր հօր մահուան լուրը։ Այս մարդկային տառապանքի պահուն իմ մօտիկութիւնն ու ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ այն ապահովութեամբ թէ իմ սիրտս միշտ ձեր հետ կը գտնուի ու անոնց հետ, որոնք կ՛ ողբան ձեզի սիրելի տիար Եուրիյի կորուստը», գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիրին մէջ, Արքեպիսկոպոսին հօր հոգին յանձնելով Տիրոջ ողորմածութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապը ցաւակցական գիրը աւարտած է ապահովելով իր աղօթքը տիար Եուրիյին հոգիին յաւիտենական խաղաղութեան համար, փոխանցելով նաեւ իր առաքելական օրհնութիւնը Քիեւի արքեպիսկոպոսին ու անոր բոլոր սիրելիներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2022, 13:30