Որոնել

Ֆրանչիսկոսն Պապ եւ  Leaders puor la Paix կազմակերպութեան անդամները Ֆրանչիսկոսն Պապ եւ Leaders puor la Paix կազմակերպութեան անդամները 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Բանակցութիւն վարելը խիզախութիւն կը պահանջէ»

Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Leader pour la Paix կազմակերպութեան անդամները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 2 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Leader pour la Paix կազմակերպութեան անդամները։

Ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ «ներկայ ժամանակին խաղաղութեան առաջնորդ դառնալը, ոչ միայն յանձնառութիւն է այլեւ մեծ պատասխանատուութիւն», մատնանշելով, որ «մարդկային ընտանիքը ենթարկուած է պատերազմի վտանգին ու կ՝ապրի աւելի ծանր վտանգ մը. Խաղաղութիւնը կերտելու կամքի պակաս»։

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադառնալով խաղաղութեան կերտումի գործընթացին յայտնեց, որ «խաղաղութիւն կերտելը կը պահանջէ հաշտեցման ձեւեր, արժէքներու բաժնեկցութիւն եւ կազմաւորման ու կրթութեան անփոխարինելի ուղիներ», ընդգծելով որ «մարդկային կեանքերու զոհաբերութիւնը, ժողովուրդներու տառապանքները, քաղաքացիական կառոյցներուն քանդումը, մարդկութեան սկզբունքի խախտումը, պատերազմի ազդեցութիւնը չեն, անոնք միջազգային յանցագործութիւնները են», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ «զէնքերու օգտագործումը պատերազմները լուծելու համար տկարութեան եւ դիւրաբեկութեան նշան է։ Մինչ՝ բանակցութիւն վարելը, միջնորդութիւնը շարունակելը եւ հաշտութիւնը խնդրելը քաջութիւնը է»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց նկատել տալով, որ խաղաղութիւն կերտելը կը նշանակէ նախաձեռնել եւ աջակցիլ զարգացման գործընթացներուն, ջնջելու համար աղքատութիւնը, յաղթահարելու համար անօթութիւնը, երաշխաւորելու համար առողջութիւնը ու խնամքը, պահպանելու հասարակաց տունը, խթանելու հիմնական իրաւունքները եւ յաղթահարելու համար մարդկային շարժունակութեամբ պայմանաւորուած խտրականութիւնները։ Լոկ այդ դէպքին մէջ խաղաղութիւնը մեր եղբայրներու եւ քոյրերու համար կը դառնայ արժանապատուութեան հոմանիշ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ բոլորին վրայ Աստուծոյ շնորհքը հայցեց ապա խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2022, 09:57