Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Նիկերի նախագահ տիար Մուհամետ Պազում։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, թէ այսօր՝ 3 դեկտեմբերին, Վատիկանի Առաքելական պալատէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Նիկերի հանրապետութեան նախագահ, տիար Մուհամետ Պազումը, նախագահը ապա հանդիպում ունեցած է Վատիկանի պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին գոհունակութեամբ արտայայտուած են Սուրբ Աթոռի եւ Նիճերի միջեւ գոյացուած բարի յարաբերութիւններու համար, արծարծուած են երկրի ընկերային կարգ մը հարցերու նիւթեր յատուկէն կրթութեան վերաբերող հարցեր։
Զրոյցի ընթացքին միտքերու փոխանակութիւն տեղի ունեցած են միջազգային ընթացիկ կարգ մը հարցերու շուրջ, յատուկէն անդրադարձ կատարելով Արեւմտեան Ափրիկէի եւ Սահելի տարածաշրջանին անվտանգութեան հարցերու եւ գաղթականութեան երեւոյթներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ