Որոնել

Ուլմա ըտանիքը Ուլմա ըտանիքը 

Մօտիկ ապագային եկեղեցին պիտի ունենայ նոր երանելիներ

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց կարդինալ Մարչելօ Սեմերարոն որուն արտօնութիւնը շնորհեց հրապարակելու կարգ մը նոր երանելիներու եւ Աստուծոյ ծառաներու ու աղախիններու վերաբերեալ սուրբերու դատի վերատեսչութեան հրամանագիրերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Շաբաթ, 17 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ Մարչելօ Սեմերարոն։ Հանդիպումի ընթացքին, Սրբազան Հայրը արտօնութիւնը շնորհեց հրապարակելու հետեւեալ սուրբերու եւ Աստուծոյ ծառաներու ու աղախիններու վերաբերեալ սուրբերու դատի վերատեսչութեան հրամանագիրերը։

Մօտիկ ապագային երանելի կը հռչակուի Աստուծոյ ծառայ Ճաչինդօ Վերա։ Ան ծնած է 13 յուլիս 1813ին եւ վախճանած Ուրուկուայի մէջ՝ 6 մայիս 1881ին։ Հայր Ճաչինօ եղած է Մոնթեիտէօ թեմի առաջնորդը։

Երանելի կը հռչակուին Աստուծոյ ծառաներ Ճուզէփփէ եւ Վիթորիա Ուլմա ընտանիքը իրենց եօթը զաւակներով, որոնք սպաննուեցան իրենց դաւանած հաւատքին պատճառավ՝ Լեհաստանի մէջ 24 մարտ 1944ին։

Ֆրանչիսկոս Պապ արտօնութիւն շնորհեց նաեւ հրապարակելու հետեւեալ Աստուծոյ ծառաներու եւ աղախիններու հերոսական առաքինութիւններուն վերաբերող հրամանագիրերը։

Աստուծոյ ծառայ Ֆրանչեսքօ Տէ Քասթրօ Հոլզվարթ։ Ան աշխարական հաւատացեալ մըն էր՝ ծնած Պրազիլի մէջ 18 մայիս 1942ին, մահացած 14 փետրուար 1981ին։ Աստուծոյ Ծառայ Ուկօ Տէ Պլասի, աստուծոյ ծառայ Ալեսանտրօ Վոզնի, Աստուծո ծառայ Ինիացիօ Փոատիզ, Աստուծոյ ծառայ Մաթէօ Ռիչի, Աստուծոյ ծառայ Մարթին Պենետիքդ, Աստուծոյ ծառայ Ճուզէփէ Մարքօ Ֆիկերորա, Աստուծոյ աղախին Միրատիօ Տելլա Փրովիտենցա Տի Սան Կաէթանօ, Աստուծոյ աղախին Մարիա Ինացիա Իսաքի, Աստուծոյ աղախին Մարկերիթա Քրիսփի, Աստուծոյ աղախին Մարկերիթա Մարիա Կուայնի, Աստուծոյ աղախին Մատալենա Աուլինա Սաուրինա, Աստուծոյ աղախին Թերեզա Վերոնեզի, ի վերջոյ Աստուծոյ աղախին Լուիզա Կուիտոթի Միսթրալի։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2022, 11:42