Որոնել

1670499179031.jpg

«Աստուծոյ օգնութեամբ խաղաղութիւնը կարելի է, զինաթափումը կարելի է». Ֆրանչիսկոս Պապը

Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Քահանայապետը նշեց, թէ ինք այսօր կ պիտի այցելէ Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը, աղօթելու համար Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Աստուածամօր սրբապատկերին առջեւ եւ անմիջապէս ետքը պիտի փոխադրուի Սպանիա հրապարակ այնտեղ` Անարատ Յղութեան կոթողի ոտքին կատարելու Տիրամօր նուիրուած աւանդական մեծարանքը եւ աղօթքը, հաւատացեալներէն խնդրելով որ իրենց միանան հոգեպէս։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 8 դեկտեմբեր 2022ի կէսօրին, Անարատ Յղութեան տօնին առիթով իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած հաւատացեալներուն եւ ողջունելէ ետք ուխտաւորներու զանազան խումբերը նշեց, թէ ինք այսօր կէսօրէն ետքը պիտի այցելէ Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարը, աղօթելու համար Սալուս Փոփուլի Ռոմանի (Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն), Աստուածամօր սրբապատկերին առջեւ եւ անմիջապէս ետքը պիտի փոխադրուի Սպանիա հրապարակ այնտեղ` Անարատ Յղութեան կոթողի ոտքին կատարելու Տիրամօր նուիրուած աւանդական մեծարանքը եւ աղօթքը։

Ոչ մէկ բան անկարելի է Աստուծոյ համար

«Ձեզմէ կը խնդրեմ որ հոգեպէս միանաք այս արարքին որ կ՜արտայայտէ մեր որդիական ջերմեռանդութիւնը մեր Մօր նկատմամբ, որուն բարեխօսութեան կը յանձնեմ տիեզերական խաղաղութեան իղձը, մասնաւորապէս մարտիրոս Ուքրանիոյ համար, որ մեծապէս կը տառապի» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մտաբերելով Հրեշտակին խօսքերը Սուրբ Կոյսին. «Ոչ մէկ բան անկարելի է Աստուծոյ համար»։

«Աստուծոյ օգնութեամբ խաղաղութիւնը կարելի է, զինաթափումը կարելի է»։ հաստատեց Քահանայապետը աւելցնելով թէ «Աստուած սակայն կ՜ուզէ նաեւ մեր բարի կամքը»։

«Թող որ Տիրամայրը մեզի օգնէ դարձի գալու Աստուծոյ ծրագիրներուն» յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը բոլորին մաղթելով բարի տօն մը եւ բարի ուղեւորութիւն դէպի Սուրբ Ծնունդ ապա ինչպէս միշտ խնդրեց, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2022, 12:34