«Հաւատք եւ երկխօսութիւն». Ֆրանչիսկոս Պապ կը բացայայտէ կաթողիկէ դպրոցի մարտահրաւէրները։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը յղած է Կաթողիկէ կրթութեան միջազգային գրասենեակին տնօրէնին, այսօր 1 դեկտեմբերին, Ֆրանսային Մարսիլիոյ քաղաքին մէջ սկիզբ առած միջազգային համագումարին առթիւ ,որ վերջ պիտի գտնէ շաբաթ, 3 դեկտեմբերին։
Նամակի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը շեշտէ թէ հասարակութեան համար կրթութիւնը անխուսափելի պարտականութիւն է եւ շատ մը դէպքերէն ներս հրատապ մարտահրաւէր։ Քրիստոնեային համար կրթութիւնը նաեւ մասնակցութեան ձեւ մըն է մարգարէական գործառութեան, որ Յիսուս Քրիստոս ձգեց իր եկեղեցւոյ։
Դպրոցին մէջ կը սորվինք սիրել եւ սիրուելու կաորղութիւնը
Նորին Սրբութիւն նշեց, որ Կաթողիկէ դպրոցին ուսումը չսահմանափակուիր լոկ դաւանական հարցերէն ներս ու անոր պարունակութիւնը բաց են նաեւ բոլոր գիտելիքներուն։ Միեւնոյն ժամանակ դպրոցի գործունէութիւնը, ոչ միայն կը ներփակուին նիւթերու ուսուցումէն ներս, այլեւ անձերուն կազմաւորման անոնց ամբողջականութեան մէջ։
Երբ կը խօսուի կաթողիկէ դպրոցին մասին, էական է նկատի առնել այդ մարգարէական բաժինը, որ մարդուն կը շնորհէ ոչ միայն ըմբռնելու կարողութիւնը, այլ ինքզինք ճանչնալու իբրեւ մարդ էակ, որ կարող է սիրել ու սիրուիլ։
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Կաթողիկէ դպրոցը դարձնելու համար Յիսուսի փափաքին համաձայն դպրոց մը, նախ եւ առաջ պէտք է նայիլ թէ ինչպէս Յիսուս առաքեալները ուղարկեց, ի՛նչ սորվեցուց անոնց եւ ի՛նչ ուզեց, որ անոնք սորվեցնեն։ Առաջին բանը Յիսուսի ուղեւորութեան, սիրոյ եւ հնազանդութեան գործն է։
Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ Կաթողիկէ դպրոցներու յատկութիւնը կը ծնի հաղորդութենէն։ Դպրոցի գործունէութիւնները Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջն է, զոր կ՝առաքէ ինչպէս նաեւ տիեզերական եւ տեղական եկեղեցւոյ հետ։
Կաթողիկէ կրթութեան յատկանիշը շարժումն է
Կաթողիկէ կրթութեան այլ յատկութիւնը ուղեւորութեան եւ շարժումին մէջն է. Յիսուս միշտ կը քալէ եւ իր առաքեալները կը յորդորէ նոյնը կատարել իր առջեւէն յառաջ ընթանալով մինչեւ աշխարհի բոլոր ծայրերը։ Այս ձեւով կաթողիկէ եկեղեցին իր նախաձեռնութիւններուն ներքեւ պէտք է ընդունիլ ընկերային, տեղական, տիեզերական հարցերը, պէտք է սորվիլ ու սորվեցնել միտքերը բանալ՝ նոր կացութիւններուն եւ նոր գաղափարներու դիմաց, ուսուցանէ միասին քալել առանց բացառելով ոչ մէկը, հաստատելով հանդիպումի կապեր եւ որդեգրելով լեզու մը, որ կարող է հեռու գտնուողներու ուշադրութիւնը գրաւել։
Ֆրանչիսկոս Պապ նամակի աւարտին նկատել տուաւ, որ այդպիսի արհեստաւոր աշխատանքը չենք կրնար կատարել առանցին այլ կարիքը ունինք Աստուծոյ եւ բոլորին օգնութեան, հայցելով Սուրբ Հոգիէն որ Յարուցեալի ուժը պարգեւէ։
«Թող Տէրը լուսաւորէ ձեր աշխատանքը ու պարգեւէ այն գիտութիւնը, որ կը բարձրանայ մարդկային իրականութենէ , հասնելու համար Աստուծոյ վեհ ծանօթութեան»։ Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ