Որոնել

Քահանայապետը իտալացի հրշէջներուն. Միակ ելքի ճամբան Բարի Սամարացիի նման ըլլալն է

«Ձեր աշխատանքը անվտանգութեան եւ հանդարտութեան պայմաններ երաշխաւորել է քաղաքացիական կեանքին, ու նաեւ միջամտել քաղաքացիները պաշտպանելու վտանգի ու աղէտներու պահուն», յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով անոնց «նուիրումի, արագաշարժութեան, անձնուրացութեան, համարձակութեան, զոհաբերութեան պատրաստակամութեան զգացումին», որ ակնյայտ է բոլորին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 10 դեկտեմբեր 2022-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ի շարս այլ հանդիպումներու Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ընդունեց Իտալացի երեք հազարէ աւելի Հրշէջներ եւ անոնց պատասխանատուները, որպէս ներկայացուցիչներ Իտալացի աւելի քան 40 հազար հրշէջներու եւ կամաւորներու։

Անձնուէր գործունէութիւն

Այս առթիւ ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Քահանայապետը գնահատեց անոնց անձնուէր գործունէութիւնը ի նպաստ հասարակութեան, «ըլլայ առօրեայ կեանքի մէջ, ըլլայ մեծ տագնապներու պահուն», ըսաւ Սրբազան Պապը յիշելով վերջերս անոնց ներդրումը Իսքիա կղզին հարուածող ողողումներու առթիւ ու նաեւ բազմաթիւ անոնց գործունէութիւնները, երկիրը հարուածող աղէտներու ընթացքին։

Անվտանգութեան  պայմաններ երաշխաւորել

«Ձեր աշխատանքը անվտանգութեան եւ հանդարտութեան պայմաններ երաշխաւորել է քաղաքացիական կեանքին, ու նաեւ միջամտել քաղաքացիները պաշտպանելու վտանգի ու աղէտներու պահուն», յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով անոնց «նուիրումի, արագաշարժութեան, անձնուրացութեան, համարձակութեան, զոհաբերութեան պատրաստակամութեան զգացումին», որ ակնյայտ է բոլորին եւ մարդիկ արդարացիօրեն կը հպարտանան այդ մէկով։

Գիտակից եւ անձնական որոշումի ընտրանք նման Բարի Սամարացիին 

« Ձեր առաքելութիւնը գիտակից եւ անձնական որոշումի ընտրանք է» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը անոնց այդ յատուկ աշխատանքը նմանեցնելով բարի Սամարացիի գործունէութեան, որ օգնութեան կը հասնի աւազակներուն թիրախ դարձած մարդու մը, անոր հոգ տանելով գթութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ։

«Այս առակը կարող է ի յայտ դնել ընտրանքը, որ պէտք է կատարենք կառուցելու համար այս աշխարհը, որ մեզի կսկիծ կը պատճառէ։ Մեծ ցաւերու ու բազմաթիւ վէրքերու դիմաց միակ ելքի ճամբան Բարի Սամարացիի նման ըլլալն է» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը մէջբերելով «Fratelli tutti» իր շրջաբերականէն խօսքը ու դիտել տալով, որ «առակին դերակատարը կը բացայայտէ նաեւ Աստուծոյ քնքշութիւնն ու կարեկցանքը», մեզի ըսելով թէ «եղբայրութիւնը ուղիղ պատասխանն է կառուցելու համար աւելի լաւ ընկերութիւն մը, որովհետեւ վիրաւոր օտարականը, որուն կը հանդիպիմ ճանապարհին վրայ իմ եղբայրս է»։

 Զօրակցութեան աւանդութիւնը

Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապը խրախուսեց ներկաները պահպանելու իտալիոյ ընկերութեան իւրայատուկ զօրակցութեան աւանդութիւնը, անոնց աշխատանքը նկատելով «առաքելութիւն» ի սպաս մարդկանց, ի ծառայութիւն մարդոց արժանապատուութեան, ի նպաստ հասարակաց բարիքին, որ ճգնաժամերու պահուն կարիքը ունի առողջ ուժերու, վստահելի` որոնք ճգնախոնջ կ՛աշխատին թաքուն կերպով։

Ճառին աւարտին Քահանայապետը ակնարկեց Սուրբ Ծննդեան մօտալուտ տօնին, «որ իր մէջ կը ներփակէ մօտիկութեան, կարեկցութեան, քնքշութեան զօրակցութեան, ծառայութեան եւ եղբայրութեան աժէքները», ըսաւ Ան մատնանշելով, թէ Յիսուս եւս աշխարհ գալով ըրաւ այն ինչ որ կ՜ընեն հրշէջները. «եկաւ մեզ փրկելու, մեզի օգնութեան հասնելու վտանգի պահուն, եւ այդ ըրաւ այն գիտակցութեամբ, որ իր կեանքը պիտի զոհէր մեզի համար»։

Յիսուս մարդկութեան Բարի Սամարացին

«Ան մարդկութեան Բարի Սամարացին է։ Թող` որ քրիստոնէական այս մեծ տօնը բոլորին համար առիթ դառնայ բացայայտելու և զգալու, թէ որքան շատ Աստուած կը սիրէ մարդը, իւրաքանչիւր մարդ», ըսաւ ապա Քահանայապետը եւ խօսքը եզրափակեց դարձեալ երախտագիտութիւն արտայայտելով բոլոր ներկաներուն ու զանոնք յանձնելով իրենց պաշտպան Սրբուհի Սրբուհի Պարպարայի բարեխօսութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2022, 12:52