Եթէ կ՛ուզենք` որ Ծնունդը ըլլայ Յիսուսին եւ խաղաղութեան Ծնունդը նայինք Բեթղեհէմին. Ֆրանչիսկոս Պապը «Urbi et Orbi» պատգամը։
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Կիրակի 25 դեկտեմբեր 2022ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին օրը Ֆրանչիսկոս Պապը կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին ուղղեց Սուրբ Ծննդեան աւանդական «Ուրպի Էթ Օրպի» պատգամը, որուն աւարտին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։
Սրբազան Քահանայապետը պատգամը սկսաւ Հռոմի ու համայն աշխարհի եղբայրներուն եւ քոյրերուն մաղթելով շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ ապա աւելցուց. «Տէրը Յիսուս, ծնած Սուրբ Կոյս Մարիամէն ձեզի բոլորիդ թող բերէ Աստուծոյ սէրը, աղբիւր վստահութեան եւ յոյսի, ու անոնց հետ բերէ նաեւ խաղաղութեան պարգեւը, զոր հրեշտակները աւետեցին Բեթղեհէմի հովիւներուն. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, յերկիր խաղաղութիւն եւ ի մարդիկ հաճութիւն» (Ղուկաս 2,14)։
Հայեացքը սեւեռենք դէպի Բեթղեհէմ
Այս տօնական օրուան առիթով մեր հայեացքը սեւեռենք դէպի Բեթղեհէմ։ Տէրը աշխարհ կու գայ քարայրի մը մէջ, պառկած անասուններու մսուրի մը մէջ, որովհետեւ անոր ծնողքը չկարողացան օճախ մը գտնել, հակառակ, որ Մարիամին համար հասած էր ծննդաբերութեան ժամանակը։ Ան մեր մէջ կու գայ գիշերուան լռութեան եւ խաւարին մէջ, որովհետեւ Աստուծոյ Բանը կարիքը չունի լուսարձակներու, ոչ ալ մարդկային ձայներու աղմուկներուն։ Ան նոյնինքն Խօսքն է, որ իմաստ կու տայ գոյութեան, լոյսը` որ կը լուսաւորէ ճանապարհը։
Յիսուս կու գայ ընկերանալու մեր առօրեային
Յիսուս կը ծնի մեր մէջ, ան Աստուած մեր հետն է։ Կու գայ ընկերանալու մեր առօրեայ ապրումներուն, մեր հետ կիսելու համար ամէն ինչ, ուրախութիւն եւ ցաւ, յոյս եւ անհանգստութիւն։ Ան կու գայ, որպէս անմեղ մանուկ մը։ Կը ծնի ցուրտին մէջ, աղքատ աղքատներու միջեւ։ Կարիքաւոր ամէն բանի, կը թակէ մեր սրտին դուռը, այնտեղ գտնելու համար ջերմութիւն եւ ապաստան։
Յաղթենք հոգեւոր քունի թմրութիւնը
Նման Բեթղեհէմի հովիւներուն, թոյլ տանք պարուրուիլ լոյսով ու երթանք տեսնելու նշանները` զոր Աստուած մեզի տուաւ։ Յաղթենք հոգեւոր քունի թմրութիւնը եւ
խնջոյքի կեղծ պատկերները, որոնք մեզ կը ստիպեն մոռնալ, թէ ո՞վ է ան` որուն տօնը կը կատարուի։ Դուրս գանք աղմուկներէն, որոնք կ՛անզգայացնեն սիրտը և մեզ կը մղեն զարդեր ու նուէրներ պատրաստելու, փոխանակ խորհելու այն Իրադարձութեան մասին թէ Աստուծոյ Որդին ծնաւ մեզի համար:
Յիսուս` Խաղաղութեան ճանապարհը
Եղբայրներ եւ քոյրեր, մեր հայեացքը սեւեռենք դէպի Բեթղեհէմ, ուր կը հնչէ խաղաղութեան Իշխանին առաջին ճիչը։ Այո, որովհետեւ նոյնինքն Ինք` Յիսուս, մեր խաղաղութիւնն է. Այդ խաղաղութիւնը, զոր աշխարհ չի կարող տալ եւ զոր Հայր Աստուած պարգեւեց մարդկութեան աշխարհ ուղարկելով իր Որդին։ «Տիրոջ Ծնունդը խաղաղութեան Ծնունդն է» կ՛ըսէ Մեծն Սուրբ Լեւոնը։
Յիսուս Քրիստոս է նաեւ խաղաղութեան ճանապարհը։ Ան, իր մարդեղութեամբ, չարչարանքով, մահուամբ եւ յարութեամբ, բացաւ անցքը պատերազմի խաւարէն եւ թշնամութենէն ճնշուած փակուած աշխարհի մը, դէպի բաց աշխարհ, ազատ ապրելու եղբայրութեան եւ խաղաղութեան մէջ։ Հետեւինք այս ճանապարհին։ Բայց այս ընելու համար, պէտք է կարող ըլլանք քալելու Յիսուսին ետեւէն։ Պէտք է մերկանանք այն ծանրութիւններէն, որոնք խոչնդոտ են ու մեզ անշարժ կը պահեն։
Արգելք հանդիսացող ծանրութիւններ
Այդ ծանրութիւնները միեւնոյն բացասական կիրքերն են, որոնք Հերովդէս Թագաւորին ու անոր արքունիքին արգելք հանդիսացան ճանչնալու եւ ընկալելու Յիսուսին ծնունդը։ Անոնք կապուածութիւնն են իշխանութեան ու դրամին, հպարտութեան, կեղծաւորութեան եւ սուտին։ Անոնք արգելք են Բեթղեհէմ երթալու, կը բացառեն Ծննդեան շնորհքը եւ կը փակեն խաղաղութեան ուղիին մուտքը։ Արդարեւ պէտք է որ ցաւով նշմարենք, թէ մինչ խաղաղութեան Իշխանը մեզի կը պարգեւուի, պատերազմի քամիներ կը շարունակեն սառոյց փչել մարդկութեան վրայ։
Մեզի համար ծնած Մանուկը
Եթէ կ՛ուզենք, որ Ծնունդը ըլլայ Յիսուսին եւ խաղաղութեան Ծնունդը նայինք Բեթղեհէմին ու մեր հայեացքը կեդրոնացնենք Մանուկին վրայ, որ ծնաւ մեզի համար։ Այդ փոքր անմեղ դէմքին մէջ կը ճանչնանք աշխարհի բոլոր վայերուն մէջ ապրող մանուկներուն դէմքերը, որոնք իղձն ունին խաղաղութեան։
Տէրը լուսաւորէ խիղճերը անոնց որոնք ունին զէնքերը լռեցնելու իշխանութիւնը
Մեր հայեացքը թող լեցուի մեր ուքրանացի եղբայրներու եւ քոյրերու դէմքերով, որոնք այս Ծնունդը կ՛ապին, մթութեան, ցուրտի մէջ, հեռու իրենց տուներէն, պատերազմի տասը ամիսներու պատճառած կործանումին հետեւանքով։
Տէրը թող մեզ պատրաստ պահէ զօրակցութեան շօշափելի արարքներու օգնելու համար անոնք` որոնք կը տառապին, եւ լուսաւորէ խիղճերը անոնց, որոնք իշխանութիւնն ունին զէնքերը լռեցնելու եւ այս անիմաստ պատերազմին վերջ դնելու։ Ցաւօք, կը նախընտրուի մտիկ ընել այլ պատճառներու, թելադրուած աշխարհի տրամաբանութենէն։ Բայց ո՞վ կը լսէ Մանուկին ձայնը։
Երրորդ համաշխարհային պատերազմի թատերասրահները
Մեր ժամանակաշրջանը կ՛ապրի խաղաղութեան սով մը, նաեւ այլ տարածաշրջաններուն մէջ, այս երրորդ համաշխարհային պատերազմի այլ թատերասրահներուն մէջ։ Մտաբերենք Սուրիան, որ տակաւին կը տանջուի հակամարտութեան մը պատճառաւ, որ երկրորդ դասակարգի վրայ դրուեցաւ, բայց տակաւին չէ աւարտած։ Մտածենք Սուրբ Երկրի մասին, ուր բռնութիւնն ու բախումները աճեցան վերջին ամիսներին՝ մահերով և վիրաւորներով: Աղաչենք Տիրոջ, որ այնտեղ, այդ երկրին մէջ, որ զինք տեսաւ ծնիլ, վերսկսի երկխօսութիւնը և փոխադարձ վստահութեան փնտռտուքը իսրայէլացիներու և պաղեստինցիներու միջև:
Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հասարակութիւնները
Յիսուս Մանուկը թիկունք կանգնի քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, որոնք կ՛ապրին համայն Միջին Արեւելքին մէջ, որպէսզի այդ Երկիրներու իւրաքանչիւրին մէջ, կարելի ըլլայ, տարբեր կրօններու պատկան մարդոց միջեւ ապրիլ եղբայրական համակեցութեան գեղեցկութիւնը։ Ան թող մասնաւորապէս օգնէ Լիբանանին, որպէսզի կարողանայ վերջապէս վերականգնիլ, միջազգային հասարակութեան աջակցութեամբ եւ եղբայրութեան ու զօրակցութեան զօրութեամբ։ Քրիստոսին լոյսը թող լուսաւորէ Սահելի տարածաշրջանը, ուր ժողովուրդներու եւ աւանդութիւններու միջեւ խաղաղ համակեցութիւնը վրդոված է բախումներու եւ բռնութիւններու պատճառաւ։ Դէպի մնայուն զինադադար մղէ Եմէնը եւ հաշտութեան Միանմարը եւ Իրանը, որպէսզի դադրի արիւնահեղութիւնը։
Ամերիկեան ցամաքամասը
Թող Ամերիկեան ցամաքամասին մէջ ներշնչէ քաղաքական իշխանութիւնները ու բոլոր բարի կամքի տէր մարդիկը, գործելու տարբեր երկիրներ հետաքրքրող, քաղաքական եւ ընկերային լարուածութիւններու մեղմացումին, կը մտածեմ յատկապէս Հայիթիի բնակչութեան, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապի։
Մտածենք անօթի մարդոց
Այս օրուան մէջ, երբ գեղեցիկ է համախմբուիլ զարդարուած սեղանի մը շուրջ մեր հայեացքը չի հեռացնենք Բեթղեհէմէն, որ կը նշանակէ «հացի տուն, եւ մտածենք այն մարդոց որոնք կը տառապին անօթութենէ, մասնաւորապէս մանուկներուն, մինչ ամէն օր ուտեստեղէններու մեծ քանակներ կը մսխուին ու կենսամիջոցներ կը ծախսուին զէնքերու համար։
Աֆղանիստանն ու Ափրիկեան ցամաքամասը
Ուքրանիայի պատերազմը, աւելիով սրացուց իրավիճակը, ամբողջ ազգեր դնելով սովի վտանգի տակ, յատկապէս Աֆղանիստանի եւ Ափրիկեան երկիրներու մէջ։ Իւրաքանչիւր պատերազմ, ինչպէս գիտենք, կը յառաջացնէ սով եւ սնունդը կը շահագործէ, որպէս զէնք անոր բաշխումը արգիլելով արդեն տառապող բնակչութեան:
Սնունդը խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի գործիք
Այս օրուան մէջ, Խաղաղութեան Իշխանէն սորվելով, բոլորս ալ յանձնառու ըլլանք, եւ առաջին հերթին բոլոր անոնք` որոնք ունին քաղաքական պատասխանատուութիւն, որպէսզի սնունդը ըլլայ միայն խաղաղութեան գործիք։
Եւ մինչ կը համտեսենք մեր սիրելիներուն հետ հանդիպելու ուրախութիւնը, մտաբերենք ընտանիքները, որոնք վիրաւորուած են կեանքէն, եւ անոնք որոնք, տնտեսական տագնապի այս պահուն, դժուարութեամբ կ՛ապրին, աշխատազրկութեան պատճառաւ, եւ անոնց կը պակսի ապրելու համար հիմնականը։
Անտարբերութեան հիւանդութիւնը
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ինչպէս այդ ժամանակ այսօր եւս, Յիսուս, իսկական լոյսը, կու գայ անտարբերութեան հիւանդութենէ տառապող աշխարհի մը մէջ, որ զինք չընդունիր, ընդհակառակը զինք կը մերժէ, ինչպէս կը պատահի բազմաթիւ օտարականներուն, եւ կամ զինք կ՛անտեսէ, ինչպէս դժբախտաբար յաճախ կը կատարենք մենք աղքատներուն հետ։
Չմոռնանք բազմաթիւ գաղթականները եւ փախստականները, որոնք կը բախեն մեր դռները, որոնելով մխիթարութիւն, ջերմութիւն ու կերակուր։ Չմոռնանք բացառուածները, առանձնութեան մէջ ապրող անձերը, որբերը ու տարեցները, որոնք կարող են անտեսութեան թիրախ դառնալ, բանտարկեալները` որոնց կը նայինք միայն իրենց սխալներուն համար եւ ոչ որպէս մարդ էակներ։
Աստուած կը յայտնուի մաքուր ու բաց սրտով մարդոց
Բեթղեհէմը մեզի ցոյց կու տայ Աստուծոյ պարզութիւնը, որ կը յայտնուի ոչ թէ իմաստուններուն եւ գիտուններուն այլ փոքրերուն, եւ անոնց` որոնք մաքուր ու բաց սիրտ մը ունին։ Նման հովիւներուն, մենք եւս երթանք առանց տատամսումի եւ թոյլ տանք զարմանալ այդ անսպասելի իրադարձութեամբ, որով Աստուած կը մարդեղանայ մեր փրկութեան համար։ Ան` որ բոլոր բարիքներու ակնաղբիւր է աղքատ կը դառնայ, եւ մուրացկանութիւն կ՜ընէ մեր մարդկային խեղճութեան։ Թոյլ տանք յուզուիլ Աստուծոյ սիրով եւ հետեւինք Յիսուսին, որ իր փառքէն մերկացաւ, որպէսզի մեզ մասնակից դարձնէ անոր լիութեան։
Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ բոլորիդ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ