Որոնել

Պատերազմ, հրթիռ Պատերազմ, հրթիռ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աշխարհի մէջ անօթութիւնը կը վերջանայ եթէ մէկ տարուան տեւողութեամբ զէնքեր չարտադրուին»

ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ իր սիրտը շատ կը տառապի երբ ականատես կ՝ըլլայ Ուքրանիոյ երկինքին մէջ թռչող անօդաչու սարքերուն, որոնք զէնքեր են, որ մարդիկ կը սպաննեն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ, ուրբաթ, 2 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ ընդունեց Լատին Ամերիկիոյ Րաբբինական նորընծայարանի պատուիրակութիւն մը։

Այս առթիւ արտասանած սրտաբուխ խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ վերահաստատեց իր դատպարտումը զէնքի արդիւնաբերութեան դէմ ու յիշեց, թէ Ուքրանիոյ մէջ մահացած մարդոց հաշւոյն նոր զինատեսակներ կը փորձարկուին։

«Զիս կը տառապեցնէ Ուքրանիոյ մէջ եղբայրներ եղբայրներու դէմ պատերազմը, եւ ոչ միայն այ մէկը։ Յիշենք որ մէկ դարու ընթացքին, երեք համաշխարհային պատերազմներ տեղի ունեցան», ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով, որ եթէ մէկ տարուան ընթացքին դադրէր զէնքերու արտադրումը աշխարհի մէջ անօթութիւնը կը վերջանար, «որովհետեւ անիկա ամենամեծ գործատունն է»։

«Կայսրութիւն մը՝ երբ ինքզինք տկար կը զգայ, պատերազմ կը կատարէ, կը սպանէ՝ ինքզինք աւելի զօրեղ զգալու համար կամ ալ զէնքեր կը գործածէ նոր զէնքեր շինելու կամ զէնքեր վաճառելու համար» յարեց Սրբազան Պապը, ցաւ արտայայտելով նաեւ Ուքրանիոյ երկինքին մէջ սաւառնող «անօդաչու թռչող սարքերուն համար», որոնք ըսաւ Սրբազան Պապը «նոր զէնքեր են, որ կը փորձարկուին՝ զոհուած մարդոց հաշւոյն»։

Զրոյցի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ նաեւ այն մարդոց խօսքերուն ,որոնք զինք համայնավար կը նկատեն, որովհետեւ կը խօսի ընկերային բաներու մասին եւ ոչ թէ Աստուծոյ մասին։ Այս առընչութեամբ Ան ընդգծեց, որ սիրտի արդարութիւնը առկայ է Սուրբ Գիրքին մէջ, միշտ Աստուծոյ եւ մերձաւորին հետն է ,հետեւաբար պէտք է երկրպագել եւ ծառայել, որովհետեւ ան`որ լոկ կը ծառայէ եւ չերկրպագեր բարի անաստուած է ։ Ան որ կը պաշտէ եւ չ՝օգներ ստախօս է։ Երկու բաներ միասին կ՝ընթանան։ Պէտք է պայքարիլ ասոր համար, որպէսզի մեր հաւատքը գործեր կատարէ եւ գործերը մեզ առաջնորդեն դէպի հաւատք», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Կազմել ընկերային նոր առաջնորդներ

Լատին Ամերիկիոյ Րաբբինական նորընծայարանի պատուիրակութիւնը "Marshall T. Meyer" Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուց առաջարկ մը՝ ընկերային փոփոխութեան մասին՝ ղեկավարներու կազմաւորումին միջոցաւ, սկսեալ հասարակաց հոգեւորականի տեսանկիւնէն. նպատակ մը, որ պէտք է իրականացուի Սուրբ Աթոռի հետ ինչպէս նաեւ կրթական, հոգեւորական կեդրոններու եւ երիտասարդական շարժումներու հետ։

Այս առնչութեամբ «Վատիկան Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, Արժանթինցի Րաբունապետ Արիէլ Սթոֆենմաշեր, Լատին Ամերիկիոյ Րաբբինական նորընծայարանի տեսուչը, ընդգծեց որ« այդ առաջարկը կապուած է այս աշխարհի կարիքներուն ըմբռնումին հետ, ինչպէս նաեւ այդ կարիքներու նկատմամբ Պապին տեսլականին հետ՝ աղքատներուն նկատմամբ ուշադրութեան եւ շրջակայ միջավայրին պաշտպանութեան առումով։ Այստեղէն կը բխի պահանջը դառնալու «կրթութեան միջոցաւ փոփոխութեան գործակալներ» վճռականօրէն դիմագրաւելու համար «հասարակութեան արհաւիրքները՝ խտրականութիւնը, աղքատութիւնը, աշխատանքի պակասը եւ սեռի բռնութիւնը։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2022, 09:25