Որոնել

1669979275895.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Ալպանիայի Հանրապետութեան նախագահը

Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին խօսուեցաւ երկու երկիրներու միջեւ գոյատեւող բարի յարաբերութիւններու մասին ու համագործակցութիւնը աւելիով զարգացնելու դիտաւորութեան մասին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` ուրբաթ 22 դեկտեմբեր 2022ի առաւօտեան ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու, Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Ալպանիայի նախագահ` Պայրամ Պեկային, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՜ընկերանար Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու ենթաքարտուղար Գերապայծառ Միրոսքաւ Վաչովսքին։

Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը նշելով, որ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին խօսուեցաւ երկու երկիրներու միջեւ գոյատեւող բարի յարաբերութիւններու մասին ու համագործակցութիւնը աւելիով զարգացնելու դիտաւորութեան մասին։ Ընդգծուեցաւ նաեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան դրական ներդրումը ալպանական ընկերութեան մէջ։

Այլ քննարկումներու նիւթ հանդիսացան Ալպանիայի Եւրոմիութեան անդամակցութիւնը եւ տարածաշրջանային ու միջազգային հարցեր, որոնց շարքին Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը ու անոր ազդեցութիւնը Արեւելեան Պալքանիան երկիրներու վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2022, 13:00