Որոնել

1672219672171.JPG

Բեթղեհէմի Մանուկը մեզի պարգեւէ խաղաղութեան բաղձալի նուէրը

«Աստուծոյ սէրը, որ յայտնուեցաւ Բեթղեհէմի մէջ, մխիթարութիւն պարգեւէ մեր սրտերուն, որոնք խռովուած են Ուքրանիոյ եւ աշխարհի այլ վայերու մէջ տեղի ունեցող պատերազմի ողբերգութենէն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 28 դեկտեմբերի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութենէն յետոյ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալներուն յատուկէն ողջունելով նաեւ երիտասարդները, հիւանդները, տարեցներն ու նորապսակները։

«Թող Բեթղեհէմի Մանուկը ձեզի պարգեւէ իր լոյսն ու մխիթարութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով նաեւ. «Թող Ան պատերազմի դաժանութեամբ ճնշուած տանջուած Ուքրանիային շնորհէ խաղաղութեան բաղձալի նուէրը»:

Գոհութիւն մատուցել Աստուծոյ` Անոր բարութեան եւ ողորմութեան համար

Ողջունելով ապա Լեհ ուխտաւորները Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց զանոնք «գոհութիւն մատուցելու Աստուծոյ Անոր բարութեան եւ ողորմութեան համար», մաղթելով, որ «Աստուծոյ սէրը, որ յայտնուեցաւ Բեթղեհէմի մէջ, մխիթարութիւն պարգեւէ մեր սրտերուն, որոնք   խռովուած են Ուքրանիոյ եւ աշխարհի այլ վայերու մէջ տեղի ունեցող պատերազմի ողբերգութենէն»։

Յիշել չարաշահուած մանուկները

Իսկ գերմանացի հաւատացեալներուն ուղղած խօսին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեց այսօր յիշատակուող Բեթղեհէմի Անմեղ Սուրբ Մանուկներուն տօնը հրաւիրելով մտածել փոքրիկներուն ու աշխարհի բոլոր մանուկներուն, որոնք թիրախ են չարաշահումներու, անօթութեան ու պատերազմի։ Տէրը, ըսաւ Սրբազան Պապը, մեզ օգնէ Իր օրհնութեամբ, որպէսզի պաշտպանենք ու թիկունք կանգնինք անոնց»։

Խաղաղութեամբ հարուստ նոր տարի

Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ արաբական աշխարհի հաւատացեալները հրաւիրեց վստահելու Աստուծոյ, որովհետեւ, ըսաւ Ան «Աստուած մեզ կը սիրէ ու կ՛ուզէ միայն եւ միշտ մեր բարիքը»։

«Բոլորին կը մաղթեմ նոր ու անդորր Տարի մը, հարուստ խաղաղութեամբ ու երկնային բոլոր շնորհքներով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2022, 09:49