Որոնել

1641655961047.jpg

Վատիկանեան Հիմնադրութիւնները եւս ենթարկուելու են Քուրիայի տնտեսական մարմիններու հսկողութեան

Քահանայապետը այս մէկը հաստատած է իր այսօր հրատարակած «ինքնագիր նամակով»ով, որ կը վերաբերի Քուրիական հաստատութիւններուն, որոնք մինչ օրս ունէին որոշակի վարչական ինքնավարութիւն:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ան, որ հաւատարիմ է փոքր բաներու մէջ, հաւատարիմ է նաև կարևոր բաներու մէջ»: Ղուկասի Աւետարանի 16-րդ գլուխէն՝ կատարած այս մէջբերումով է որ Ֆրանչիսկոս Պապը կը ներկայացնէ իր Motu Proprio-ն (Ինքնագիր նամակը), որ կը վերաբերի «ծառայական իրաւական անձանց», այսինքն՝ հիմնադրամներուն, հիմնադրութիւններուն և կազմակերպութիւններուն, որոնց նստավայրը կը գտնուի Վատիկանի մէջ եւ որոնք գրանցուած են Սուրբ Աթոռի Տնտեսութեան Խորհուրդի սահմանադրութեան Կանոնադրութեան Ա յօդուածի առաջին մասի մէջ նշուած ցանկին մէջ։

«Թէեւ այս ենթակաները ունին պաշտօնապէս առանձին իրաւաբանական անհատականութիւն և որոշակի վարչական ինքնավարութիւն, պէտք է ճանչցուի, որ անոնք կարևոր դեր կը խաղան Սուրբ Պետրոսի յաջորդի առաքելութեան ծառայող հաստատութիւններու համապատասխան նպատակներու իրականացման գործին մէջ: Ուստի անոնք եւս նկատուած են Սուրբ Աթոռի հասարակական կազմակերպութիւններ: Հետևաբար, քանի որ անոնց ժամանակաւոր բարիքները մաս կը կազմեն Առաքելական Աթոռի ժառանգութեան, «անհրաժեշտ է, որ անոնք ենթարկուին ոչ միայն այն հաստատութիւններու հսկողութեան, որմէ անոնք կախեալ են, այլ նաև վերահսկողութեան ու հսկողութեան` Հռոմէական Քուրիայի տնտեսական մարմիններուն» կը կարդանք Քահանայապետին հրապարակած ինքնագիր նամակին մէջ։

Այսպիսով, այս հաստատութիւնները «յստակ կերպով կը տարբերին այլ հիմնադրամներէն, ընկերակցութիւններէն և շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութիւններէն», որոնք «ծնունդ առած են մասնաւոր անձանց նախաձեռնութիւնէն և չեն նպաստեր Քուրիայի հաստատութիւններու պատշաճ նպատակներու իրականացման»:

Գործող «գործիքային իրաւաբանական անձերը» պէտք է Motu Proprio-ի դրոյթներու պատշաճին` 8 դեկտեմբերէն սկսեալ երեք ամիսներու ընթացքին, նշուած է  Քահանայապետական հրամանագիրին մէջ, որ կազմուած է ութը յօդուածներէ, որոնք կը վերաբերին նաեւ տնտեսա-ֆինանսական հարցերուն, հաշուապահական հաշուառումին և տեղեկատւութեան փոխանակումի կարգաւորման, ապա լուծարման պարագային հաստատութիւններու բարիքներուն եւ կալուածներու սահմանումին։

Վատիկան քաղաքի Պետութեան օրէնքը

Յայտնենք որ Վատիկան քաղաքի Պետութեան Քահանայապետական Յանձնաժողովը այսօր` Ֆրանչիսկոս Պապին ինքնագիր նամակին զուգահեռ հրապարակեց օրէնք մը, որ նոյնպէս ուժի մէջ կը մտնէ 2022 թուականի դեկտեմբերի 8-էն սկսեալ, որը Քահանայապետական հրամանագիրի կիրառումը կ՛ընդլայնէ Վատիկանի Պետական ​​մարմիններուն պատկանող ենթականերուն:

Օրէնքի կիրառման շրջանակներէն բացառուած կը համարուին Հռոմէական Քուրիայի հաստատութիւնները և գրասենեակները, Սուրբ Աթոռի, Վատիկանի նահանգի Կառավարութեան հետ կապուած հաստատութիւնները և այն կազմակերպութիւնները, որոնք մասնագիտօրէն ֆինանսական բնոյթի գործունութիւն կ՛իրականացնեն: Դրոյթը մաս կը կազմէ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հրապարակուած «Աւետարանը Քարոզեցէք» առաքելական սահմանադրութեան նախանշուած բարեփոխումներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2022, 12:11