Որոնել

Մսուրին մէջ վերագտնենք սուրբ Ծնունդին իմաստը. Ֆրանչիսկոս Պապ

Յիսուս, մենք քեզի կը նայինք՝ մսուրին մէջ պառկած: Մենք քեզ կը տեսնենք այնքան մօտ, մեզի մօտ ընդմիշտ. շնորհակալութիւն, Տէր: Մենք քեզ աղքատ կը տեսնենք, որպէսզի մեզի սովորեցնես, որ իսկական հարստութիւնը ոչ թէ իրերու մէջ է, այլ մարդոց, յատկապէս աղքատներու մէջ. Ներէ մեզի եթէ մենք ձեզ չի ճանչցանք ու չի ծառայեցինք անոնց մէջ: Մենք քեզ գործնական կը տեսնենք, որովհետեւ շօշափելի է քու սէրդ մեր հանդէպ. Օգնէ մեզի որպէս մարմին եւ կեանք տանք մեր հաւատքին։ Ամէն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 24 Դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 19.30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ նախագահեց Սուրբ Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագին, զոր մատոյց Կարդինալական դասի աւագերէց` Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Ռէ, մասնակցութեամբ կղերական դասին ու բազմաթիւ հաւատացեալներուն։

Սուրբ զոհի ընթացքին, Աւետարանի ընթերցումէն ետքը, Ֆրանչիսկոս Պապը ներկայացուց յաւուր պատշաճի քարոզը, զոր կեդրոնացուց Սուրբ Ծննդեան տօնի իմաստի ու անորմէ բխած պատգամին վրայ։

Քահանայապետը քարոզը սկսաւ հարց տալով. «Ի՞նչ կ՛ըսէ մեր կեանքին մէջ այս գիշերը։ Յիսուսին ծնունդէն երկու հազարամեակ ետքը, զարդարանքներով եւ նուէրներով նշուած բազմաթիւ Ծնունդի տօներէն ետքը, եւ այդքան սպառողականութենէն յետոյ, որ պատեց մեր տօնած խորհուրդը», եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց, թէ «կայ վտանգ մը. Մենք շատ բան գիտենք Ծնունդի մասին բայց կը մոռնանք անոր իսկական իմաստը» յորդորելով այդ իմաստը վերագտնել, զայն որոնելով Աւետարանին մէջ, Յիսուսի Ծննդեան դրուագին մէջ։

Ծննդեան իմաստը վերագտնելու համար պէտք է նայիլ մսուրին

«Այդ դրուագը կը սկսի մեր ապրած իրավիճակի մը նման, մարդիկ զբաղած էին կարեւոր մէկ իրադարձութեամբ` մարդահամարը, որ կարիք ունէր մեծ պատրաստութեան։ Մթնոլորտը մեր պարած Ծննդեան մթնոլորտին նման էր բայց Աւետարանը անջատուելով այդ իրականութենէն կը կեդրոնանայ տարբեր տեսարանի մը վրայ, ուր կայ աննշան թուացող փոքրիկ իր մը, որուն մասին երեք անգամներ անդրադարձ կը կատարուի. Առաջինը Մարիամ Յիսուսը կը զետեղէ մսուրին մէջ (Ղուկ. 2,7), ապա հրեշտակները հովիւներուն կ՛աւետեն, որ մանուկ մը պիտի ծնի մսուրին մէջ, հուսկ հովիւները մանուկը կը գտնեն մսուրին մէջ։

«Ծննդեան իմաստը վերագտնելու համար պէտք է նայիլ մսուրին» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ ԱՆ նշանն է որով Քրիստոս մտաւ աշխարհի տեսարանին մէջ, կերպն է որով Աստուած ծնաւ պատմութեան մէջ որպէսզի վերածնի պատմութիւնը եւ մսուրին միջոցաւ Ան կ՛ուզէ մեզի ըսել առ նուազն երեք բան. Մօտիկութիւն, աղքատութիւն եւ գործնականութիւն» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը

Մօտիկութիւն

Խօսելով մօտիկութեան մասին Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ մսուրը կը ծառայէր կերակուրը մօտեցնելու ապա նշեց որ այս Ծնունդեան առթիւ եւս դրամի, իշխանութեան եւ հաճոյքի անյագ մարդկութիւնը, տեղ չի տար, ինչպէս պատահեցաւ Յիսուսին (հմմտ. հ. 7), փոքրիկներուն, բազմաթիւ անծիններուն, աղքատներուն, մոռցուած երեխաներուն: Յիսուս ծնաւ մսուրին մէջ, ուր կայ հրաւէր կեանքը, քաղաքականութիւնը եւ պատմութիւնը դիտելու մանուկներու աչքերով։ Յիսուս կը ծնի մսուրին մէջ որպէսզի իր կարգին սնունդ դառնայ մեզի համար։ Ան կու գայ մեզի մօտիկ ըլլալու։ Մեր սրտին դպչելու եւ մեզի ըսելու թէ պատմութիւնը փոխող միակ ուժը սէրն է։

«Քոյր, եղբայր, Աստուած այս գիշեր քեզի մօտիկ կը դառնայ որովհետեւ ան քու մասիդ կը մտածէ եւ մսուրէն քեզի կ՜ըսէ. Եթէ արդարութեան ծարաւն ունիս, ես Աստուած քու հետդ եմ։ Գիտեմ քու ապրումներդ, ես ալ զանոնք փորձարկեցի մսուրին մէջ։ Կը ճանչնամ քու թշուառութիւններդ եւ քու պատմութիւնս։ Ես ծնայ որպէս քեզի ըսել թէ ես քու մօտդ եմ եւ քու մօտդ պիտի ըլլամ ցմիշտ» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապ հաստատելով որ «մսուրը մեզի կը պատգամէ թէ Աստուած մեզ հետն է, մեզ կը սիրէ, մեզ կը փնտռէ։ Քաջութիւն, թոյլ մի տար յաղթահարուիլ վախէն, յուսալքումէն, յուսահատութենէն։ Ծնունդը կը նշանակէ թէ Աստուած մօտիկ է։ Թող վերածնի վստահութիւնը։

Աղքատութիւն

Բեթղեհէմի Մսուրը ապա կը խօսի աղքատութեան մասին։ Մսուրին շուրջը արդարեւ շատ քիչ բան կայ։ Եւ Յիսուս այնտեղ ծնելով մեզի կը յիշեցնէ է ինք իր մօտ չունէր ուրիշ բան քան անոնք որ զինք կը սիրէին` Մարիամն ու Յովսէփը եւ հովիւներ, բոլորն ալ աղքատ մարդիկ, միաւորուած սիրով ու զարմանքով։ Այսպիսով այդ աղքատ մսուրը կը բացայայտէ կեանքին իսկական հարստութիւնները` ոչ թէ դրամն ու իշխանութիւնը այլ յարաբերութիւն եւ անհատները։

Առաջին անհատը, առաջին հարստութիւնը Յիսուսն է նկատել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հարց տալով եթէ մենք կը փափաքինք մնալ Անոր մօտ, եթէ կը սիրենք Անոր աղքատութիւնը, եւ եթէ զայն կ՜այցելենք այնտեղ ուր ինք կը գտնուի, այսինքն այս աշխարհի աղքատ մսուրներուն մէջ։

Մենք կոչուած ենք ըլլալու Եկեղեցի մը որ կը պաշտէ աղքատ Յիսուսը եւ Յիսուսին կը ծառայէ աղքատներուն մէջ։

Անշուշտ, դիւրին չէ թողուլ աշխարհիկութեան տաք ջերմութիւնը՝ ընդունելու համար Բեթղեհէմի քարայրի մերկ գեղեցկութիւնը, բայց յիշենք, առանց աղքատներուն իսկական ծնունդ չէ։ Առանց անոնց մենք կը տօնախմբենք Սուրբ Ծնունդը, բայց ոչ Յիսուսին։ Ծնունդին` Աստուած աղքատ է. թող վերածնի գթութիւնը:

Շօշափելիութիւն

Ի վերջոյ մսուրը մեզի կը խօսի գործնականութեան մասին։ Անիկա կը յիշեցնէ որ Աստուած իրապէս մարմին առաւ։ Յիսուս ծնաւ աղքատ եւ ապրեցաւ ու մերաւ աղքատ, ան շատ ճառեր չարտասանեց աղքատութեան մասին այլ աղքատութիւնը ապրեցաւ մինեչւ վերջ` մեզի համար։

Մսուրէն մինչեւ խաչ Անոր սէրը մեզի հանդէպ եղաւ զգալի, գործնական։ Եւ Ան այսօր մեզմէ կը խնդրէ գործնական հաւատք, որ կազմուած է պաշտամունքէ եւ սէրէ, ոչ թէ շատախօսութենէ եւ արտագին տեսքերէ։ Աստուած արտաքին տեսք չուզեր, այլ շօշափելիութիւն։ Թոյլ չտանք, որ այս Սուրբ Ծնունդը անցնի առանց լաւ բան մը ընելու: Քանի որ Յիսուսին ծննդեան տօնն է եկէք անոր նուիրենք իրեն հաճելի նուէրներ։ Եկէք Անոր անունով քիչ մը յոյս արթնացնենք անոնց մէջ որոնք կորսնցուցած են զայն։

Աղօթք

Յիսուս, մենք քեզի կը նայինք՝ մսուրին մէջ պառկած: Մենք քեզ կը տեսնենք այնքան մօտ, մեզի մօտ ընդմիշտ. շնորհակալութիւն, Տէր: Մենք քեզ աղքատ կը տեսնենք, որպէսզի մեզի սովորեցնես, որ իսկական հարստութիւնը ոչ թէ իրերու մէջ է, այլ մարդոց, յատկապէս աղքատներու մէջ. Ներէ մեզի եթէ մենք ձեզ չի ճանչցանք ու չի ծառայեցինք անոնց մէջ: Մենք քեզ գործնական կը տեսնենք, որովհետեւ շօշափելի է քու սէրդ մեր հանդէպ. Օգնէ մեզի որպէս մարմին եւ կեանք տանք մեր հաւատքին։ Ամէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2022, 20:19