Որոնել

4 դեկտեմբեր 2021ին, Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Արքեպիսկոպոս Երոնիմոս Բ.-ի միջեւ հանդիպում 4 դեկտեմբեր 2021ին, Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Արքեպիսկոպոս Երոնիմոս Բ.-ի միջեւ հանդիպում 

Ֆրանչիսկոս Պապ Յունաստանի արքեպիսկոպոս Երոնիմոս Բ.-ի նուիրեց Փարթենոն տաճարի երեք բեկորներ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին Երոնիմոս Բ. արքեպիսկոպոսի փոխանցած նուէրին վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Երոնիմոս Բ.-ի նուիրեց Վատիկանի թանգարաններու մէջ պահպանուած Փաթենոն տաճարի երեք բեկորներ։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը, ուր կը նշէ, թէ Նորին Սրբութիւնը իբրեւ ճշմարտութեան մասին վկայութիւն տալու համամիութենական ուղեւորութիւնը շարունակելու անկեղծ փափաքի շօշափելի նշան որոշեց Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Երոնիմոս Բ.-ի նուիրել Փարթենոն տաճարի երեք բեկորներ, որոնք դարեր շարունակ մեծ խնամքով պահպանուած են Վատիկանի թանգարաններու մէջ ու ցուցադրուած բոլոր աշխարհէն ժամանող միլիոնաւոր այցելուներուն։

Երոնիմոս Բ.-ի հետ հանդիպում

Յայտնենք, թէ մէկ տարի առաջ, 4էն 5 դեկտմեբերին, Կիպրոս եւ Յունաստանի Աթէնք մայրաքաղաք այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Երոնիմիոս Բ.ի հետ։ Հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետն ու Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոսը վերահաստատեցին եղբայրութեան եւ խաղաղութեան ուղին միասնաբար շարունակելու փափաքը ու Ֆրանչիսկոս Պապ ճանչցաւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ գործած սխալները հրաւիրելով վերագտնելու քրիստոնէական վկայութիւնը հաւատալի դարձնող միութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2022, 12:40