Որոնել

Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէս Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէս 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսը Հոգիներու մեծ առաջնորդ

Լրագրողներու եւ հաղորդամիջոցներու պաշտպան սուրբ, սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսը մահուան չորրորդ դարադարձին առիթով «Ամէն ինչ կը պատկանի սիրոյ» տիտղոսով Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական նամակը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսի մահուան 4-րդ դարաշրջանի առիթով Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական նամակ մը յղեց որուն մէջ գրեց, թէ այդ եկեղեցւոյ վարդապետը փոփոխութիւններով լի ժամանակաշրջանին գիտացաւ անձերուն օգնել՝ Աստուած որոնելու եղբայրսիրութեան, ուրախութեան եւ ազատութեան մէջ։

Լրագրողներու եւ հաղորդամիջոցներու պաշտպան սուրբ, սուրբ Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսի մահուան 4-րդ դարադարձին առիթով «Ամէն ինչ կը պատկանի սիրոյ» տիտղոսակիր առաքելական նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ վերանորոգեց Սուրբ Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսի հրաւէրը՝ մեր անձին հանդէպ մտահոգութիւններէն դուրս գալու ու հարց տալու, թէ որոնք են մեր ժողովուրդին շօշափելի կարիքները ու հոգեւորական սպասումները։

Աստուած փնտռել սիրտին եւ պատմութեան մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապ ներշնչուելով Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսէն, նամակին մէջ կը գրէ թէ «եթէ մարդ մը քիչ մը ուշադրութեամբ մտածէ աստուածութեան մասին անմիջապէս իր սիրտն մէջ կը զգայ անուշ յուզում մը, որ կը փաստէ թէ Աստուած մարդկային սիրտին Աստուածն է ու սիրտին մէջ եւ սիրտին միջոցաւ մարդը Աստուած կը ճանչնայ։

Աստուածաբանութիւն մխրճուած աղօթքի եւ հասարակութեան ներքեւ

Սրբազան Քահանայապետը նշած է, թէ Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսը եղած է հասարակութեան, աղօթքի մէջ մխրճուած աստուածաբան մը, որ գրած է շատ մը հոգեւորական գործեր, ինչպէս բարեպաշտ կեանքի ներածականը, Աստուծոյ սիրոյ մասին գրութիւնը, ինչպէս նաեւ հազարաւոր նամակներ՝ ուղղուած կղերականներուն, ինչպէս նաեւ հասարակ ժողովուրդին։

Նոր ոճ՝ լի լաւատեսութեամբ

Ֆրանչիսկոս Պապ նշած է, որ Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսը կը խօսի յստակ ձեւով «օգտագործելով մեթոտ մը, որ կը հրաժարի կոշտութիւնէն եւ լիովին կ՝ապաւինի բարեպաշտ հոգիին կարողութեան եւ արժանապատուութեան, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն» ու այդ նայուածքին մէջ կայ Սալէզիանի լաւատեսութիւնը5 որ իր հետքը ձգեց հոգեւորականութեան պատմութեան մէջ, յաջորդական ծաղկման համար ինչպէս երկու դար ետք Սուրբ Պոսկոյին պարագան։

Երկխօսութեան մարդ

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Տի Սալէսը, բողոքականներուն հետ երկխօսութեան մէջ միշտ աւելիով փորձարկեց, անձնական եւ եղբայրսիրական յարաբերութեան արդիւնաբերութիւնը։

Ոչ մէկ պարտադրում

Նամակին երկրորդ բաժինին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝անդրադառնայ Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսին թողած ժառանգութեան յայտնելով5 որ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Տի Սալէս իւրաքանչիւր անձին կ՝առաջարկէ Աստուծոյ եւ մարդ էակի միջեւ երջանիկ յարաբերութիւն նկատել տալով, որ Աստուծոյ նախախնամութիւնը մեր սիրտերը կը քաշէ դէպի իր սէրը՝ առանց ոչ մէկ պարտադրութեամբ, այլ հրաւէրներով՝ հիասքանչ տեսարժան վայրերով եւ սուրբ ներշնչումներով։

Իսկական բարեպաշտութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ գրած է, որ Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսին համար իսկական բարեպաշտութիւնը այն է եթէ ոչ իսկական Սէր Աստուծոյ, եղբայրսիրական արտայայտում եւ ոչ թէ վերացական իրականութիւն, այլ շօշափելի դառնալ առօրեայ կեանքէն ներս։

Քրիստոնեայ կեանքը բացայայտել է սիրելու ուրախութիւնը

Առաքելական նամակի վերջին գլուխին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝եզրակացնէ Սուրբ Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տի Սալէսին մտածումը՝ Քրիստոնեայ կեանքի մասին նշելով «Քրիստոնեայ կեանքը գոյութիւն մըն է, որ վերագտաւ ուրախութեան աղբիւրները իր բոլոր դժուարութիւններու մէջ, որովհետեւ ան որ կ՝ապրի իսկական սէրը կը հանդիպի սիրելու ազատութեան եւ այս սիրոյ աղբիւրն է որ կը հրահրէ սիրտը դէպի Յիսուս Քրիստոս, որ իր կեանքը տուաւ բոլորիս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2022, 12:49