Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Տխուր Ծնունդ է, պատերազմի Ծնունդ է։ Լայն բացէք ձեր սրտերը»։

Կիրակի, 18 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ հարցազրոյց ունեցաւ Իտալական «Մետիասէթ» հեռուստակայանի Ֆապիօ Մարքէզի Ռակոնա լրագրողին հետ։ Հարցազրոյցի նիւթերը եղան պատերազմը, աղքատութիւնը, սղաճը, ծնելիութեան մակարդակը եւ կաշառակերութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 18 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ հարցազրոյց ունեցաւ Իտալական «Մետիասէթ» հեռուստակայանի Ֆապիօ Մարքէզի Ռակոնա լրագրողին հետ։

Հարցազրոյցի նիւթերը եղան պատերազմը, աղքատութիւնը, սղաճը, ծնելիութեան մակարդակը եւ կաշառակերութիւնը։ Նորին Սրբութիւն յայտնեց, թէ ամէն 15 օր անգամ խոստովանանքի կ՝երթայ, ընդգծեց մարզանքի ազնիւ արժէքներու կարեւորութիւնը եւ շնորհաւորեց Ֆութպոլի համաշխարհային խաղի յաղթողները մաղթելով, որ անոնք յաղթանակը հեզութեամբ ապրին, իսկ պարտուողները ուրախութեամբ, նշեց Ան, «որովհետեւ ամէնէն բարձր արժէքը մաքուր խաղալն է»։

Ուքրանիոյ եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ պատերազմներ

Հարցազրոյցի սկիզբը «Մետիասեթ» հեռուստակայանի լրագրողը Ֆրանչիսկոս Պապին փոխանցեց Ուքրանացի գաղթական մանուկներու ձեռքերով փայտէ շինուած աղաւնի մը, որուն մէկ մասը գծուած է՝ մահը յատկանշող Ռուսական հրթիռի մը բեկորով, իսկ միւս կողմը կեանքը խորհրդանշող գծագրութեամբ նշելով, որ այդ աղաւնին կը յիշեցնէ Ուքրանիոյ պատերազմի դժուար իրավիճակը, ուր մարդիկ կ՝ապրին ցուրտի մէջ առանց ելեկտրականութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով, որ ինք երկար ժամանակէ ի վեր խօսած է մաս մաս կատարուած երրորդ համաշխարհային պատերազմի մասին, յիշեց Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը, Սուրիոյ մէջ 13 տարիէ ի վեր տիրող հակամարտութիւնը, ինչպէս նաեւ Եմէնի, Միանմարի եւ ամբողջ Ափրիկէի մէջ պատերազմները, նկատել տալով, որ համայն աշխարհը պատերազմի մէջ է, ու թէ այս մէկը զինք մեծապէս կը տառապեցնէ։

Պատերազմներու հետեւանքները՝ անօթութիւն, քանդում, ցուրտ

Ֆրանչիսկոս Պապը խօսեցաւ նաեւ գերեզմանոց կատարած այցելութիւններու մասին ուր տեսնելով երիտասարդ զինուորներու դամբարանները «ինք լացած է», անոնց երիտասարդ տարիքով մահուան պատճառաւ։ Ան յիշեց Պատերազմի թողած հետեւանքները, անօթութիւնը, քանդումները, ցուրտը, նկատել տալով, որ զէնքերու արդիւնաբերութիւնը մարդկութեան կործանումի ճամբան է։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ, որ պատերազմի սկիզբէն ի վեր տարբեր կոչեր յղեց հրեշտակ Տեառն աղօթքի, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային կապ պահեց երկու նախագահներու հետ, խնդրելով Փութինէն, որ իրեն հետ տեսնուի Մոսկուայի մէջ՝ պատերազմի դադրեցման համար, ու նաեւ Զելենքիի հետ, խնդրելով, որ երկու նախագահները, սեղանին շուրջը նստին, բանակցելու համար։

«Պատերազմը խելագարութիւն է։ Պատերազմը սկսած է Կայէնի ժամանակ, անիկա Կայէնի հոգին է, որ կը սպանէ նախանձին համար, շահի համար, ինչ` որ շատ տգեղ իրողութիւն մըն է։

Պատերազմի հետեւանքով ամբողջ աշխարհի մէջ յառաջացած սղաճի խնդիրները։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Իտալիոյ եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ պատերազմի հետեւանքով յառաջացած սղաճի խնդիրներուն ելեկտրականութեան, ջուրի ու կազի բարձր գիներուն, ինչպէս նաեւ վաճառականներու եւ գործարաններու, որոնք սղաճի պատճառաւ կը փակեն իրենց ընկերութիւնները։

Ան ըսաւ` թէ այս բոլորը պատերազմի հետեւանքներ են։ Գիները կը բարձրանան եւ չէ կարելի այս մէկը կարգաւորել, որովհետեւ ամէն ինչ իրարու կապուած են։ Սրբազան Հայրը նշեց, որ Եմէնի մէջ մանուկները կը մեռնին անօթութեան պատճառաւ։ Զգուշացուց չ՝ունենալ անտարբերութեան կեցուածք։ Յորդորեց ուշադիր ըլլալ աղքատներուն ՝առանց, որ մեր աչքերը սեւեռենք այլուր։ Զգուշացուց մսխում կատարելէն, յորդորելով չափաւորել Ծննդեան ծախսերը, որովհետեւ այս տարուան Ծնունդը տխուր Ծնունդ է, պատերազմի ծնունդ է, որովհետեւ կան մարդիկ, որոնք կը մեռնին անօթութեան պատճառաւ։ Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուեց Ծննդեան տօնը ապրիլ համեստ հոգիով։

Կաշառակերութիւնը հոգին կը փճացնէ

Քահանայապետը անդրադարձաւ Եւրոպայի մէջ վերջերս ծագած կաշառակերութեան խնդիրներուն, նշելով, որ կաշառակերութիւնը հոգին կը փճացնէ։ Ակնարկեց Իտալիոյ մէջ ծննդաբերութեան, քիչ զաւակներու ունենալու հարցին նկատել տալով, որ զաւակ ունենալը օրհնութիւն է եւ ոչ թէ վտանգ, քաջալերելով իտալացիները զաւակներ ունենալու ու դադրիլ եսասէր ըլլալէ։

Մարզանքի վեհութիւնը

Շարունակելով խօսիլ մանուկներու մասին Քահանայապետը նշեց, որ շատ քիչ բան պէտք է մանուկները զուարճացնելու համար, օրինակի համար բաւարար է խաղալու համար գնդակ մը տալ անոնց, այս ուղղութեամբ ընդգծելով որ մարզանքը ազնուականութիւն կը յառաջացնէ։ Մարզանք կատարելը օրհնութիւն է, որովհետեւ մարզանքը վեհ ու ազնիւ բան մըն է։ «Բոլորս կարիքը ունինք այդ մարզանքի անշահախնդրութեան» ըսաւ Սրբազան Հայրը, աւեցնելով` որ «իսկական մարզանքը պէտք է անվճար ըլլայ եւ սիրողական»։

Անդրադառնալով ապա իր քահանայապետութեան ժամանակաշրջանի տասներորդ ամեակին, ինչպէս նաեւ այն իրողութիւններու մասին, որ կը փափաքէր իրականացնել եւ տակաւին չէ կրցած իրականացնել Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց Վատիկանի մէջ ընթացք առած տնտեսութեան վերաբերող բարեփոխումները, «տնտեսական մաքրութիւնը՝ խուսափելու համար տնտեսական գէշ եղելութիւններէն»։

Եկեղեցիէն ներս կարեւոր է միսիոնարականութիւնը , առաքելական հոգին եւ աւետարանի հռչակումը

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծեց թէ եկեղեցիէն ներս կարեւոր է միսիոնարականութիւնը , առաքելական հոգին եւ աւետարանի հռչակումը, շեշտելով նաեւ աղօթքի կարեւորութիւնը։

Ան խօսեցաւ նաեւ հիւանդ մանուկներու մասին անոնց մօտ գտնուելու կարեւորութեան մասին յայտնելով, որ ինք շատ կը յուզուի ամէն անգամ, որ կը հաշմանդամ կամ հիւանդ մանուկ մը տեսնէ, նկատել տալով նաեւ, որ մանուկները տառապանքը Աստուծոյ մօտեցնող խորհուրդ մըն է ու ամենէն գեղեցիկ ուրախութիւնը որ իրեն հաճելի է մանուկ մը շոյելն է», ու նաեւ «տարեցները» աւելցուց Ան։

Ֆրանչիսկոս Պապին ծննդեան 86րդ տարեդարձը

Անդրադառնալով ծննդեան 86րդ տարեդարձին , Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ, որ ինքզինք երջանիկ կը զգայ, Տէրը իրեն կ՝ընկերանայ եւ ինքզինք կը զգայ հովիւ մը, որ իր կոչումը կ՝ապրի ու նաեւ մեղաւոր մը, որ ամէն 15 օր անգամ կը խոստովանի։

Խօսելով Յիսուսի Ծննդեան տօնին մսուր պատրաստելու կարեւորութեան մասին Ֆրանչիսկոս Պապ կարեւորեց այս մէկը խօսելով նաեւ իր մանկութեան յիշատակներու մասին։
Ֆրանչիսկոս Պապի հետ հարցազրոյցը վերջ գտաւ Երուսաղէմի Փասիոնիսթ միաբանութեան եղբօր մը կողմէ Մանուկ Յիսուսի փոքրիկ արձանի մը նուէրով , որուն մասին արտայայտուելով, Քահանայապետը հաստատեց որ այդ փոքրիկ մանուկ Յիսուսին մէջ կը գտնուին աշխարհի բոլոր յոյսերը, հրաւիրելով նայելու մանուկ Յիսուսին ու նաեւ աստղին։
Այս մանուկը յոյս բերաւ աշխարհին։ Ծնաւ աղքատ, հալածուած ու ստիպուեցաւ փախչիլ։ Մանուկ մը առանց աստղին կարելի չէ։Աստղ մը առանց մանուկի կարելի չէ։ Երկուքն ալ Ծննդեան պատգամն են։

Նայիլ Աստղին ու Մանուկին

«Ես կ՛ուզեմ իւրաքանչիւրիդ մաղթել որ Տէրը ձեզի պարգեւէ մանուկի մը քնքշութիւնը, որպէսզի մենք չի կորսնցնենք մարդկային քնքշութիւնը, թող Տէրը մեզի օգնէ ու ձեզի տայ Աստղին լոյսը։ Եթէ դուն աստղին նայիս գիտես թէ ուր է ճանապարհը, Մոգերուն նման։ Եթէ դուն Մանուկին նայիս գիտես, թէ ինչպէս ապրիլ քու սիրտիդ մէջ։ Այս է իմ պատգամս։ Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող նայի մանուկին եւ աստղին եւ ես նայելով Մանուկին ձեզի կը մաղթեմ բարի եւ սուրբ Ծնունդ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2022, 11:29