«Ձեր մէջ կը տեսնեմ ընտանիք ըլլալու հրճուանքը». Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Ընտանեկան ընկերակցութիւններուն
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ դեկտեմբերի 2-ին ընդունեց «Ընտանեկան ընկերակցութիւններու ֆորումի» մասնակիցները, որոնց ուղղուած պատգամին սկիզբը Ան, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ ընտանիքներու ձայնը Իտալիոյ մէջ բարձր պահելու համար:
«Ձեր մէջ կը տեսնեմ ընտանիք ըլլալու հրճուանքը, որ երախտագիտութիւն կը յարուցանէ», նշեց Սրբազան Պապը աւելցնելով թէ ճիշտ ասիկա է իր՝ «Amoris laetitia» յորդորագիրի կեդրոնական պատգամը:
Ան ընդգծեց և խրախուսեց ապա «Ընտանեկան ընկերակցութիւններու» երկրորդ բնոյթը՝ խթանել լաւ քաղաքականութիւն ընտանիքներու համար և ընտանիքներու հետ, «որ ի գործ կը դնէք, ոչ թէ մասնաւոր գաղափարախօսութիւնէ ելլելով, այլ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան վրայ հիմնուելով»՝ յանուն համընդհանուր բարիքին, յարեց Քահանայապետը:
Անդրադառնալով Ընկերակցութիւններու Իտալիոյ մէջ գործունէութեան և յանձնառութեան՝ Սրբազան Պապը ընդգծեց, որ զանոնք լայն իմաստով քաղաքական պարտաւորութիւն ունին առաջ մղելու և աջակցելու ընտանիքներուն և թոյլ չտալու, որ անոնք շահագործուին և պատժուին:
«Նաև ձեր նախաձեռնութիւններու շնորհիւ է, որ ծնելիութեան թեման այժմ քաղաքական օրակարգ մտած է», շեշտեց Նորին Սրբութիւնը և յորդորեց խօսքէն գործի անցնիլ՝ կառուցողական կեցուածքով, իրատեսական և փաստագրուած առաջարկութիւններ ընելով, փորձագիտական անկողմնապահ խորհուրդներ տալով:
Աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խրախուսեց յառաջ ընթանալ վերոնշեալ երկու ուղիներով՝ ընտանիք ըլլալու ուրախ վկայութիւն և լաւ քաղաքականութիւն ընտանիքներու համար և ընտանիքներու հետ, հոգ տանիլ մէկը միւսին որպէս զոյգ և որպէս ընտանիք, յատկացնել անհրաժեշտ ժամանակ աղօթելու համար, կողակիցներու և զաւակներու հետ երկխօսութեան և Եկեղեցւոյ հասարակական կեանքին մէջ:
Ան ի վերջոյ օրհնեց ներկաները զանոնք վստահելով Տիրամօր և Սուրբ Յովսէփի հովանիին՝ խնդրելով նաեւ որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ