Ֆրանչիսկոս Պապը «Ացիոնէ Քաթթոլիքայի» պատանիներուն. Գաղտնիքը կը կայանայ մէկը միւսին հոգ տանելու մէջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի` 15 դեկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը, ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու, ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալական «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» երիտասարդական ընկերակցութեան անդամներուն եւ անոնց յանձնած գրաւոր ճառին մէջ Ան նշեց թէ այս տարուայ ուղեւորութեան անոնց կ՜ընկերանայ Յիսուսին խօսքերը. «Գացէք եւ աշակերտեցէք համայն ազգերը» (Մատթ. 28,19)։
«Խնդրանք` որ Տէրը կ՛ուղղէ բոլոր ժամանակներու իւրաքանչիւր քրիստոնեայի» նշեց Սրբազան Պապը շեշտը դնելով «գացէք» բառին վրայ. Բայ մը, որ «աշակերտը կը դարձնէ առաքեալ» յարեց Ան, ընդգծելով` թէ «իրենք եւս կանչուած են երթալու, որովհետեւ Աստուծոյ համար հաճելի չէ երբ մենք ծուլութեամբ կը բազմինք բազկաթոռի վրայ։ Ան մեզ կ՛ուզէ շարժումի մէջ, ուղեւորութեան մէջ.... երթալ առանց բացառելու ոչ մէկը, դէպի համայն ժողովուրդները»։
Հայեացքը ուղղենք երկինք եւ մերձաւորին
«Տէրը չուզեր, որ մենք մեր ժամանակը անցնենք փակուած մենք մեր մէջ եւ այս մէկը այսօրուայ երիտասարդներուն համար սպառնալիք է, երբ անոնց աչքերը սեւեռած ու կեդրոնացած են բջիջային հեռախօսի վրայ... մեր աչքերը եղած են նայելու համար միւսներու աչքերուն, ոչ թէ զանոնք պահելու սեւեռած դէպի վար, դէպի վերացական աշխարհը, այլ բարձրացնելու դէպի վեր` դէպի երկինք եւ դէպի մեր մերձաւորը, որպէսզի փոխանցենք Յիսուսին հանդիպելու ուրախութիւնը, այդ բարեկամութիւնը, որ կը բարեփոխէ գոյութիւնը» կը կարդանք Սրբազան Պապին պատանիներուն յանձնած գրաւոր ճառին մէջ։
Գեղեցիկ է Յիսուսին հետեւիլը
«Գեղեցիկ է Յիսուսին հետեւիլը։ Գեղեցիկ է բացայայտել սէրը, զոր Ան կը վերապահէ իւրաքանչիւրիս...գեղեցիկ է բացայայտել նուէրները զոր Ան մեզի կը պարգեւէ առատաձեռնութեամբ, անակնկալները` որոնք մեր կեանքը կը լեցնեն հիացումով եւ յոյսով ու մեզ կ՜աճեցնեն ազատ եւ երջանիկ» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը, դիտել տալով, որ Յիսուս կ՜օգտագործէ յոգնակին «Գացէք» բայը, եւ այս կը նշանակէ երթալ միասին, «խումբ» կազմել, որպէսզի մենք մեզ վերագտնենք եղբայրներ եւ քոյրեր, աշխարհի մը մէջ, որ կը ջանայ մեզ կղզիացնել, բաժնել, ու մէկը միւսին դէմ լարել։ Մինչ գաղտնիքը կը կայանայ մէկը միւսին հոգ տանելու մէջ, միւսին մէջ տեսնելով ոչ թէ հակառակորդ մը այլ Աստուծոյ զաւակ մը։
Յաղթահարել անտարբերութիւնը
«Ահա այս է անտարբերութիւնը յաղթահարելու հոգին» հաստատեց Սրբազան Պապը ակնարկելով դարձեալ, թէ Յիսուսին համար իւրաքանչիւր անձ կարեւոր է, բայց կան ոմանք զոր աւելիով կը սիրէ` փոքրերը, աղքատները, մոռցուածները, լքուածները։ Անոնց մտածելը գաղտնիքն է աւելի գեղեցիկ, աւելի արդար եւ խաղաղ դարձնելու համար աշխարհը, որ խաղաղութեան մեծ կարիքը ունի, նշեց Ան պատանիներուն վստահելով նաեւ խաղաղութեան համար աղօթքը։
Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը քաջալերեց ներկաները միշտ յառաջ ընթանալու, որովհետեւ Յիսուս միշտ անոնց կողքին է եւ Սուրբ Ծննդեան տօնը կը յիշեցնէ այդ մէկը, թէ Աստուած կը մտնէ աշխարհ եւ մեզի կը պարգեւէ ուժը` յառաջ երթալու, քալելու իրեն հետ։
«Ան մեզի կ՜ընկերանայ առօրեայ կեանքին մէջ, ըլլայ տխուր ըլլայ ուրախ պահերուն, որպէսզի օգնէ որ վերականգնինք իւրաքանչիւր անկումէն ետքը ու մեզ պաշտպանէ բոլոր փոթորիկներու ժամանակ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ