Որոնել

Այս տարի եւս նորոգուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Սանթա Մրաթա բուժարանի մէջ խնամուած մանուկներուն հետ

«Շատ մանուկներ կը տառապին պատերազմի պատճառաւ եւ այլ շրջաններու մէջ մանուկներ կը տառապին անարդարութիւններուն հետեւանքով» ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով մտածել այդ մանուկներուն ու աղօթել անոնց համար, բոլորս միասին»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Ծննդեան տօնի նախօրեակին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սովորութիւն դարձուցած է հանդիպիլ Վատիկանի Սանթա Մարթա մանկական Բուժարանի մէջ գործող անձնակազմի, մանուկ հիւանդներուն ու անոնց ծնողաց հետ։ Հանդիպում, որ նորոգուեցաւ նաեւ այս տարի` կիրակի 18 դեկտեմբերի առաւօտեան, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, ուր Քահանայապետը մտերմիկ կերպով դիմաւորուեցաւ  Սանթա Մարթա բուժարանի ընտանիքի անդամներուն կողմէ։

Սանթա Մարթա մանկական բուժարանը ծնունդ առած է 8 Մայիս 1922-ին Պիոս ԻԱ Քահանայապետի օրհնութեամբ ու յանձնուած է Սուրբ Վինչենցօ Տէ Փաուլիի Գթութեան դուստրեր միաբանութեան հոգատարութեան, որոնք կը վայելեն Յիսուս Մանուկ հիւանդանոցի կամաւորներուն եւ բժիշկներուն համագործակցութիւնը։

 Սրբազան Պապը մանուկներուն հետ միասին մասնակցեցաւ  կրկէսներու մէկ ներկայացումին։
Սրբազան Պապը մանուկներուն հետ միասին մասնակցեցաւ կրկէսներու մէկ ներկայացումին։

Սանթա Մարթայի բուժարանի ընտանիքին հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին ներկաներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսին մէջ Սրբազան Քահանայապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան եւ ուրախութեան օրուան համար, «որ մեզ Ծննդեան կը պատրաստէ» ըսաւ Ան աւելցնելով «պէտք չէ մոռնալ Ուքրանիայի մանուկները, եւ վստահաբար դուք զանոնք չէք մոռնար» յարեց Քահանայապետը ցոյց տալով պաստառ մը, որուն վրայ գրուած է «Խաղաղութիւն» բառը, Ուքրանիայի դրօշին հետ միասին։

«Շատ մանուկներ կը տառապին պատերազմի պատճառաւ եւ այլ շրջաններու մէջ մանուկներ կը տառապին անարդարութիւններուն հետեւանքով» ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով մտածել այդ մանուկներուն ու աղօթել անոնց համար, բոլորս միասին»։

Մանուկները Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցին կարկանդակ մը Անոր երէկ յիշատակուած ծննդեան 86րդ տարեդարձին առիթով։ Նորին Սրբութիւնը հուսկ մանուկներուն հետ միասին մասնակցեցաւ կրկէսներու մէկ ներկայացումին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2022, 11:00