Եղէք անդորր եւ խաղաղութեան վկաներ. Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի աշխատաւորներուն
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Հինգշաբթի՝ դեկտեմբերի 22-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս Սուրբ Ծննդեան առիթով իր շնորհաւորանքները ներկայացուց Սուրբ Աթոռի և Վատիկան Պետութեան մէջ գործող աշխատողներուն։
Անոնց այս առիթով ուղղուած պատգամին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը նկատել տուաւ, որ Տիրոջ օգնութեամբ յաղթահարուեցաւ համավարակի ճգնաժամային փուլը և յորդորեց՝ յիշողութեան մէջ պահելով համավարակի պատճառած դժուարութիւնները, չմոռնալ շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ դժուար ժամանակաշրջանին մեզի ձեռք երկարած ըլլալուն համար։
Ճգնաժամերը աճումի փուլեր են և կը պահանջեն աշխատանք մեր անձին վրայ
Դժուարութիւններ, որոնք նիւթական, տնտեսական, յարաբերուելու դժուարութեան հետքեր թողած են ընտանիքներուն մէջ, ուստի Ֆրանչիսկոս Պապը առաջին հերթին անդորրութիւն մաղթեց անոնց և մասնաւորապէս անոնց զաւակներուն, որոնք առաւելապէս լարուածութիւն կուտակած են համավարակի ընթացքին փակումի մէջ մնալու պատճառաւ։
Ան միաժամանակ շեշտեց, որ հանդարտութիւն չի նշանակեր թէ դժուարութիւններ չկան և Յիսուսի Սուրբ ընտանիքի օրինակով նշեց, որ Յովսէփն ու Մարիամը մեծ դժուարութիւններու ընդմէջէն անցան երբ Բեթղեհէմ հասան սակայն «անոնց սիրտերուն մէջ հանգստութիւն կը տիրէր, որ Աստուծմէ կու գար և Անոր կամքին մէջ գտնուելու և իրարու նկատմամբ փոխադարձ սիրոյ գիտակցումի շնորհիւ»։
Այս իմաստով Պապը քաջալերեց բոլորին հանդարտ ու համբերատար կերպով աշխատելու իրենց անձին վրայ ՝ գիտակից դարձնելով նաև իրենց զաւակները, թէ ճգնաժամերը աճումի փուլեր են և կը պահանջեն աշխատանք սեփական անձի վրայ։
Ըլլալ խաղաղութեան վկաներ և արհեստաւորներ
Սրբազան Քահանայապետի երկրորդ մաղթանքը եղաւ ըլլալ խաղաղութեան վկաներ և արհեստաւորներ․ որովհետեւ մենք որպէս «Ղեկավար եւ Ուսուցիչ» ունինք Յիսուս Քրիստոսը, որ «մեզ կը յորդորէ միաւորել մեր ամենօրեայ խոնարհ յանձնառութիւնը՝ հաշտեցման և խաղաղութեան Իր գործին»՝ սկսած այն միջավայրէն, ուր կ’աշխատինք և ուր կ’ապրինք, ուր առարկայական կերպով կարող ենք ըլլալ խաղաղութեան վկաներ և արհեստաւորներ։
Շնորհականութիւն տածած աշխատանքին համար
«Խաղաղութիւն ցանեցէք։ Ինչպէ՞ս։ Օրինակ խուսափելով «թիկունքի ետևէն» միւսներու մասին բանբասելով։ Միայն այս մէկը ընելով կրնանք ամենուր ըլլալ խաղաղութեան ստեղծարարներ։ Խօսեցէք ուղղակիօրէն շահագրգիռ անձին հետ յարգանքով և անկեղծօրէն» յարեց ապա Ֆրանչիսկոսը, որ աւարտին վերահաստատեց Սուրբ Ծննդեան լաւագոյն մաղթանքները, բոլորին, ներկաներէն խնդրելով որ երբ տուն վերադառնան իր ողջոյները փոխանցեն իրենց մանուկներուն ու տարեցներուն, որոնք, ըսաւ Ան, «ընտանիքին գանձն են, ընկերութեան գանձը»
Նորին Սրբութիւնը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին անոնց աշխատանքին եւ համբերութեան համար, «շնորհակալութիւն ձեր կատարած աշխատանքին համար, առանց ձեզի շատ բաներ կարելի պիտի չըլլային» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով իր պատգամը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ