Որոնել

Սուրբ Պետրոսի հրապարակ Սուրբ Պետրոսի հրապարակ 

Գումարուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 9 խորհրդատու կարդինալներու հերթական նիստը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ կարդինալներու խորհուրդին գումարած նիստի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

5 եւ 6 դեկտեմբերին, Վատիկանի «Սանթա Մարթա» տան մէջ գումարուեցաւ կարդինալներու խորհուրդի նիստը։

Այս մասին լուրը հաղորդեց, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, տեղեկացնելով որ կարդինալներու նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին, կարդինալներ՝ Փիեթրօ Փարոլինը, Ժուզէփփէ Պերթելլօ, Օսքար Ա Ռոտիկէզ Մարատիակա, Ռէնհարտ Մարքս, Սին Փաթրիք Օ Մալլեյ, Ոսվալտ Կրազիաս եւ Ֆրիտոլին Ամոնկօ Պեսունկու։

Կարդինալներու խորհուրդի նիստին մասնակցած է խորհուրդի քարտուղար Գերապայծառ Մարքօ Մելլինօ իսկ Ֆրանչիսկոս Պապ մասնակցած է երկօրեայ աշխատանքներուն։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ 5 դեկտեմբերին կարդինալներու խորհուրդի անդամները մասնակցած են Սուրբ Պետրոսի տաճարէն ներս մատուցուած, երջանկայիշատակ Կարդինալ Քուիայ Պայովպրիին հոգեհանգստեան Սուրբ Պատարագին արարողութեան։

Ժողովին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ ու կարդինալները անդրադարձած են Եգիպտոսի մէջ գումարուած աշխարհի 27 երկիներու ժողովին, որուն մասին ելոյթ ունեցան Կարդինալ Փարոլին եւ Ամպոնկօ Պէզունկուն

Երեքշաբթի, 6 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապին հետ մասին կարդինալները անդրադարձան, «Սինդոական եկեղեցւոյ համար. Հաղորդութիւն, մասնակցութիւն եւ առաքելութիւն»,նիւթով սինոդի ցամաքամասին փուլին՝ կարդինալ Մարիօ Կրէքի ներկայացուցած զեկոյցին եւ հաղորդակցութեան վերատեսչութեան համագործակցութեամբ թուային սինոդի գործընթացին պտուղներուն հիման վրայ։

Կարդինալ Օ Մալեյ ներկայացուց Հռոմի Քուրիայի եւ եպիսպոպոսաց համահաւաք դասին ծառայութեան նուիրուած անչափահասներու պաշտպանութեան ի սպաս կատարուած աշխատանքները։

Կարդինալներուն Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ փոխադարձ թարմացումներու ՝ տարբեր աշխարհագրական մասերու կարգ մը հարցերու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ ընդհանուր գնահատման՝ վերջին տարիներուն կարդինալներու խորհուրդին ուղեւորութեան։

Կարդինալներու խորհուրդի նիստը վերջ գտաւ երեքշաբթի, 6 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6ին  ու որոշուած է որ յաջորդ նիստը պիտի գումարուի 2023 թուականին ապրիլ ամիս։ Նշուած է հաղորագրութեան մէջ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2022, 12:56