Ֆրանչիսկոս Պապ. «հրէաներն ու կաթողիկէները կը կիսեն անգին հոգեւոր գանձեր»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 22 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց, Համաշխարհային հրէական համագումարի, գործադիր կոմիտէի նիստի մասնակիցները։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը յարեց, թէ սոյն այցելութիւնը կը զօրացնէ բարեկամական կապերը, նկատել տալով որ Վատիկանեան Տիեզերական Ժ Ժողովէն սկսեալ հրէաներու կազմակերպութիւնը երկխօսութիւն կը կատարէ, Հրէաներու հետ կրօնական յարաբերութիւններու յանձնախումբին հետ, որ տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ հետաքրքրական համագումարներ։
հաւատքի երկու հասարակութիւններուն վստահուած է միասին աշխատելու պարտականութիւնը՝ աշխարհը աւելի եղբայրական դարձնելու համար
Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ հրէաներն ու կաթողիկէները կը կիսեն անգին հոգեւոր գանձեր։ Կը դաւանեն միեւնոյն հաւատքը երկրի եւ երկինք արարչին հանդէպ, որ ոչ միայն ծնունդ տուաւ մարդկութեան, այլ կը ձեւաւորէ իւրաքանչիւր մարդկային արարած իր նմանութեան եւ պատկերին համաձայն։
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ աշխարհը բնորոշուած է բռնութեամբ, շահագործութեամբ եւ ճնշումով, սակայն այդ բոլորը չ՝ունին վերջնական բառը. Յաւիտենականին հաւատարիմ բառը կը խօսի փրկութեան ապագայի մը մասին, ուր խաղաղութիւն եւ ուրախութիւնը միշտ կը հաստատուի, ուր մահը վերջնականէս պիտի վերացուի, ուր Ան պիտի սրբէ բոլոր դէմքերէն արցունքները։ (Եսայ 25,7-8), եւ ուր սուգ, յոգնութիւն եւ մտահոգութիւն պիտի չտիրեն։
«Թէպէտ գոյութիւն ունին հրէականութեան եւ քրիստոնէութեան մէջ տարբեր գաղափարներ՝ այն մասին թէ ինչպէս պիտի կատարուին այդ կատարումը, մխիթարութեան ընդհանուր խոստումը որ ունինք միշտ պիտի գոյայտեւէ», ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով, որ հաւատքի երկու հասարակութիւններուն վստահուած է միասին աշխատելու պարտականութիւնը՝ աշխարհը աւելի եղբայրական դարձնելու համար եւ պայքարելու անհաւասարութիւններուն դէմ՝ խթանելով յաւելեալ արդարութիւն, որպէսի խաղաղութիւնը մնայ ուրիշ աշխարի խոստում մը՝ սակայն արդեն իրականացուած այս աշխարհին մէջ։
Քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային ծրագիրները՝ բարելաւելու համար աշխարհը
«Քաղաքական, մշակութային եւ ընկերային ծրագիրները՝ բարելաւելու համար աշխարհը, չեն կրնար արդիւնք ունենալ առանց աղօթքի, առանց եղբայրական բացումին այլ արարածներուն՝ յանուն միակ արարչագործին, Ան, որ կեանքը կը սիրէ ու կ՝օրհնէ խաղաղութեան աշխատաւորները», ըսաւ Սրբազան Հայրը
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա եզրափակելով իր պատգամը նկատել տուաւ, որ այսօր, աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ խաղաղութիւնը խաթարուած է։ Ամէն պատերազմ՝ միշտ ,ամէնուրեք, բոլոր մարդկութեան համար պարտութիւն է։ Յիշեց Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը, որ կը սպառնայ ըլլայ հրէաներուն ըլլայ քրիստոնեաներուն միեւնոյն ձեւով զրկելոw իրենց սիրելիներէն, տուներէն , բարիքներէն ինչպէս նաեւ իրենց միեւնոյն կեանքէն։
«Լոկ լուրջ կամքի մէջ մէկը միւսին մօտենալեւ եւ եղբայրական երկխօսութեան մէջ կարելի է պատրաստել խաղաղութեան երկիր մը։ Իբրեւ քրիստոնեաներ եւ հրէաներ, փորձենք կատարել այն ինչ , որ մարդկայնօրէն կարելի է դադրեցնելու համար պատերազմը եւ բանալու խաղաղութեան ուղիներ։ ըսաւ Սրբազան հայրը
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց սրտանց շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն այցելութեան համար, հայցելով Ամենակալէն, որ ընկերանայ անոնց ուղեւորութեան եւ խաղաղութեան ուղիէն ներս։ Շալոմ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ