Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Յորդանանի Ապտալլա Բ թագաւորն ու Ռանիա թագուհին Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Յորդանանի Ապտալլա Բ թագաւորն ու Ռանիա թագուհին 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Յորդանանի Ապտալլա Բ թագաւորին հետ հանդիպումի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 10 նոյեմբերին, Վատիկանի Առաքելական պալատէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Յորդանանի Ապտալլա Բ թագաւորը։ Թագաւորը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ ընկերակցութեամբ պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար գերապայծառ, Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին երկուստեք գոհունակութեամբ արտայայտուած են երկու կողմերու միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւններուն համար, անդրադարձ կատարուած է միջ կրօնական եւ համամիութենական երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութեան, ապահովուելով միշտ, որ կաթողիկէ եկեղեցին Յորդանանի մէջ կարենայ ազատօրէն իրականացնել իր առաքելութիւնը։

հանդիպումի ընթացքին ընդգծելով միջին արեւելքին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը, մասնաւորապէս արծարծուած են գաղթականներուն եւ պաղեստինեան խնդիրներու վերաբերող նիւթերը, վերահաստատելով տարածաշրջանին մէջ Քրիստոնեայ հասարակութեան ներկայութիւնը պաշտպանելու եւ քաջալերելու հրամայականը։ Այս առնչութեամբ ընդգծուած է Երուսաղեմին մէջ սուրբ վայրերու կարգավիճակը պահպանելու կարեւորութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/11/2022, 13:34