Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ (FOCSIV) դաշնութեան անդամները։ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ (FOCSIV) դաշնութեան անդամները։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Բռնի տեղահանումները այս դարաշրջանին ամենէն մեծ չարիքներէն մէկն է»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց միջազգային ծառայութեան եւ կամաւոր Քրիստոնեայ կազմակերպութիւններուն դաշնութեան (FOCSIV) անդամները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 14 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց միջազգային ծառայութեան եւ կամաւոր Քրիստոնեայ կազմակերպութիւններուն դաշնութեան (FOCSIV) անդամները, դաշնութեան հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առիթով։

Հանդիպումին սկզիբը, Ֆրանչիսկոս Պապ ներկաներուն փոխանցեց գրաւոր պատգամը մը, որուն մէջ ողջունելով կազմակերպութեան անդամները, նշած է, որ սոյն դաշնութիւնը բաղկացած է 90 կազմակերպութիւններէ, որոնք կը գործեն աւելի քան 80 տարբեր երկիրներու մէջ, որոնք արժէքաւոր ներդրում կը կատարեն ամէն տեսակ աղքատութեան եւ մեկուսացումի դէմ պայքարին մէջ , մարդկային իրաւունքներու հաստատման մէջ, հասարակութիւններուն ինչպէս նաեւ տեղական հաստատութիւններուն աճումի խթանման ներքեւ, գրած է Սրբազան Հայրը, Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնած կազմակերպութեան անդամներուն նշած է, որ սոյն դաշնութիւնը մայր եկեղեցւոյ գեղեցիկ նշան մըն է, որ յոյս կը ներշնչէ պատերազմներով եւ անօթութեան փորձութիւններով բնորոշուած աշխարհին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ գրաւոր պատգամին մէջ շեշտած է, որ կարիքը կայ համերաշխ աշխարհի մը, ուր իւրաքանչիւր անձ ինքզինք ընդունուած կը զգայ ու երբեք չհրաժարիր իր սեփական երազներէն։ Անդրադառնալով դաշնութեան բնաբանին,« Աշխարհ մը միասին կառուցելու արարչագործութեան յարգանքին մէջ, ուր ամէն անձ կրնայ իրականանալ լիակատար արժանապատուութեամբ» Ֆրանչիսկոս Պապ  նշած է,  թէ այդ բնաբանը ժամանակից պատգամ մըն է, պատմական պահու մը մէջ ուր երրորդ համաշխարհային պատերազմի ստուերը կախուած է ամբողջ ազգերու ճակատագրին վրայ, անձերու համար ահռելի հետեւանքներով։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուցած է երեք նպատակներու վրայ, որոնք կը վերաբերին բոլորին։

Աշխարհի մէջ կամաւորներ

Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը յայտնած է, որ կամաւորականութիւնը կը հիմնուի զօրակցութեան կեցուածքի արմատին վրայ, այն գիտակցութեամբ թէ ինչքան, աղքատութիւն, անարդարութիւններ, բռնութիւններ կան իւրաքանչիւր ցամաքամասին մէջ եւ FOCSIV դաշնութիւնը ցոյց կու տայ թէ կարելէ ի բոլորս եղբայրներ դառնալ, ողջագուրելով իւրաքանչիւր մարդ էակ, որ Տէրը կը զետեղէ մեր կեանքին մէջ։

Խաղաղութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ նշած է, որ երկրորդ նպատակը կը վերաբերի խաղաղութեան, որ ոտնակոխուած է Ուքրանիոյ մէջ եւ երկրի տարբեր վայրերուն մէջ։

«Երբ որ պակսի խաղաղութիւնը, երբոր կը գերիշխեն ուժի պատճառները, մարդիկ կը տառապին, ընտանիքները կը բաժնուին, տկարները մինակ կը մնան» գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որ FOCSIV դաշնութեան կամաւորները, կանչուած են սնուցանելու խաղաղութիւնը իրենց սիրտերուն մէջ ու կիսելու բոլոր անոնց հետ որոնց հետ կը հանդիպին իրենց ծառայութեան մէջ։

Զարգացում

Ֆրանչիսկոս Պապ նշած է, որ մարդկային զարգացումը կը մնայ յանձնառում մը որուն պէտք է նուիրուիլ պատրաստակամութեամբ, ուժով, ստեղծագործութեամբ եւ պատշաճ միջոցներով եւ Լոկ համապարփակ զարգագումը՝ անձին եւ միջավարին որուն մէջ կ՝ապրին, թոյլ կու տայ զարգացնել լաւ կեանք մը ընկերային եւ անձնական գետնին վրայ, խաղաղ եւ բաց ապագային համար։


Բռնի տեղահանումները

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծա է,որ բռնի տեղահանումները, պատերազմէն, սովէն, հալածանքներէն կամ կլիմայական փոփոխութիւններուն փախչելու համար, այս դարաշրջանին ամենէն մեծ չարիքներէն մէկն է, եւ զայն կարող ենք յաղթահարել լոկ իւրաքանչիւր երկրի մէջ իսկական զարգացում ապահովուելով։

Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակած է քաջալերելով դաշնութեան անդամները յառաջ ընթանալու աշխարհի ուղիներուն վրայ խնամք տանելով եղբայրներու, այնպէս ինչպէս կատարած է բարի սամարացին, այն համոզումով որ տառապանքին դիմաց անտարբերութեամբ ապրումը կարելի ընտրանք մը չէ, ու չենք կրնար ոեւէ անձ ձգել կեանքի լուսանցքին։» (Fratelli tutti, 68).

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին հովանին, իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհած է խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրենց համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2022, 11:31