Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «կրօնաւորական կեանքը թող չվհատի կոչումներու պակասի եւ ծերութեան պատճառով»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց claretianum հիմնադրութեան անդամները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 7 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Claretianum հաստատութեան անդամները, հաստատութեան հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առիթով։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատեց Claretianum հաստատութեան տածած աշխատանքները նշելով, որ «այս կէս դարու հոլովոյթին, բազմաթիւ են միաբանութեան տածած թանկարժէք ծառայութիւնները, Սուրբ Անթոնիօ Մարիա Քլարեթի հոգիին համաձայն, որ ջանասիրութեամբ աշխատեցաւ խթանելու համար կրօնաւորական կեանքը իր տարբեր բոլոր ձեւերէն ներս», ըսաւ Սրբազան Հայրը, նկատել տալով նաեւ որ  «Քլարեթիանի միաբանութեան միսիոնարներուն կրօնական ընտանիքներուն սատարած նպաստը, հոգեւորական առաջնորդութեան, եւ կաթողիկէ վարդապետութեան միջոցաւ եւ առաջին հերթին իրաւաբանական խորհրդատուութեամբ ճանչցուած է բոլոր աշխարհին մէջ»։

Claretianum Հաստատութեան պտղաբեր ծառայութիւնները

Ընդհանուր ակնարկ կատարելով հաստատութեան կատարած գործունէութիւններուն, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ հաստատութիւնը պտղաբեր աշխատանքներ կատարած է կրօնաւորական կեանքի հասկացողութեան եւ Աստուածաբանական ուսումին զարգացումին ի նպաստ։

«Ձեր ներկայութիւնը շատ տեսանելի է տեղական եկեղեցիներուն մէջ ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի գլխաւոր գերատեսչութիւններուն համաժողովներուն մէջ». Ըսաւ Սրբազան Հայրը քաջալերելով միաբանութեան անդամները շարունակելու ծառայել կրօնաւորական կեանքին՝ Քլարեթիանոյին հոգիով, այսինքն միսիոնարականութեան շունչով, ընդգծելով համայն աշխարհին եւ եկեղեցւոյ մէջ կրօնաւորական կեանքի հրամայականը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց հիմնադրութեան անդամները ընդգծելու Յիսուսին հետեւելու հաւատարմութեան արժէքը, հիմնադիրներու հոգիին համաձայն, ինչպէս նաեւ ուշիմութեամբ խնամք տանելու հասարակաց կեանքին, ապրելու միջ մշակոյթականութիւնը, որպէս եղբայրութեան եւ միսիոնարութեան ուղին, զարգացնելու հանդիպումը կրօնաւորական կեանքի, եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ տարբեր սերունդներու միջեւ։

Երիտասարդները պէտք են հետեւիլ տարեցներուն

«Երիտասարդները պէտք են հետեւիլ տարեցներուն, պէտք են խօսիլ, եւ տարեցները կարիքը ունին երիտասարդներուն», Ըսաւ սրբազան աւելցնելով որ տարեցները պիտի երազեն ու երիտասարդները պիտի մարգարէանան. երիտասարդները պիտի կարողանան յառաջ ընթանալ, տարեցներուն երազով»։

Սրբազան Հայրը խրախուսեց չվախնալու եւ միշտ մշակելու Աստուծոյ ապրելաձեւը՝ մօտիկութիւնը, կարեկցութիւն եւ քնքշութիւնը, օգնելիւ կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները դառնալու համար Աւետարանի տեսակ մը՝ տարածուած դարերու հոլովոյթին։

«Իսկապէս Քրիստոսին հետ հանդիպելու համար անհրաժեշտ է դպչիլ անոր մարմնին, աղքատներուն վիրաւորն մարմնին, հաստատելով խորհրդաւոր հաղորդութիւնը ստացուած հաղորդութեան մէջ
» ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա վերյիշելով Վատիկանեան Տիեզերական ժողովին 60 ամեակի բացման քարոզը եզրափակող աղօթքը, հրաւիրեց աղօթելու իր հետ « Շնորհակալ ենք ով Տէր, տիեզերական ժողովին պարգեւին համար ինչպէս նաեւ օրհնութեան համար որ կրօնաւորական կեանքի այս աստուածաբանական հաստատութիւնները եղան եկեղեցւոյ համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց հայցելով, որ Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ Սուրբ Հոգին միշտ թիկունք կանգնի Claretianum միաբանութեան մատուցած ծառայութեան մէջ։ Ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2022, 11:33