Որոնել

1669798409032.JPG

Յիսուսի Ծննդեան տօնի ընդառաջ երթանք աղօթքով, ապաշխարութեամբ եւ բարի գործերով. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ այսօր կը յիշատակուի Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնը, Սուրբ Պետրոսին եղբայրը, Կ. Պոլսոյ Եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբը, եւ թէ աւանդութեան համաձայն, տօնին առիթով Կ. Պոլսի մեկնած է Սուրբ Աթոռի մէկ պատուիրակութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 30 նոյեմբեր 2022ին, նոյեմբեր ամսուայ վերջին օրը եւ ամսուայ վերջին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, ներկայացնելէ ետք օրուան խորհրդածութիւնը, որ անգամ մը եւս նուիրուած էր զատորոշումի նիւթին, Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորները ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն նշելով, որ ծիսական «Գալստեան» շրջանը, որ սկիզբ առաւ վերջերս, մեզ կը հրաւիրէ երթալու դէպի Տիրոջ հետ հանդիպում, աղօթքով, ապաշխարութեամբ եւ բարի գործերով»։

«Պատրաստուեցէք Յիսուսին ծնունդը տօնախմբելու ջանասիրութեամբ ունկնդրելով Աստուծոյ խօսքը եւ առատաձեռն կերպով արձագանքելով անոր շնորհքին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը:

Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնը

Ան ապա նշեց, թէ այսօր կը յիշատակուի Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնը, Սուրբ Պետրոսին եղբայրը, Կ. Պոլսոյ Եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբը, ուր աւանդութեան համաձայն, մեկնեցաւ Սուրբ Աթոռի մէկ պատուիրակութիւնը։

Կը փափաքիմ առանձնայատուկ սէրս յայտնել իմ սիրելի եղբօրս՝ Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ին և Կոստանդնուպոլսոյ համայն եկեղեցւոյ։ Թող սուրբ եղբայրներ` Պետրոս և Անդրէաս առաքեալներու բարեխօսութիւնը շուտով թոյլ տայ Եկեղեցւոյ որ վայելէ լիարժէք միութիւնը ու համայն աշխարհին  խաղաղութիւն, յատկապէս այս պահուն` սիրելի և նահատակ Ուքրանիային, որ միշտ մեր սրտերուն և մեր աղօթքներուն մէջ է» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2022, 10:30